- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան իշխանական նուիրատուութեան շնորհիւ, Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը տիրացած է կեդրոնական ջեռուցումով արդիական ընդարձակ շէնքի մը, որ կոչուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան շէնք»։ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան յատկացուցած 41 հազար տոլարին վրայ, Ազգ. Առաջնորդարանը աւելցուցած է 75 հազար սուրիական ոսկի, շինութիւնը գլուխ հանելու համար։ Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը վերոյիշեալ գումարէն զատ Քարէն Եփփէ ճեմարանի գրադարանի բարեզարդման համար տրամադրած է երկու հազար տոլար եւ երկու հազար տոլար ալ՝ Ճեմարանի լապոռաթուառի բարեզարդման համար։ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը իր գոյութեան 18 տարուան ընթացքին, տուած է 237 ընթացաւարտներ, որոնցմէ 80ը կը հետեւին համալսարանական ուսման, սուրիական թէ արտասահմանեան համալսարաններու մէջ, 65ը կը պաշտօնավարեն զանազան նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ։

- Ազգային բարերարուհի տիկին Սոֆիա Յակոբեան, որ կը բնակի Ֆրեզնօ, 90.000 տոլար նուիրած է, հայկական ծերանոց մը հիմնելու համար Պէյրութի մէջ։ Այս առթիւ, Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակիցը՝ «Ասպարէզ» կը գրէ, թէ տիկին Սոֆիա Յակոբեան, բացառիկ անհատականութիւն մըն է, որուն նմանը չունինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Ազգային¬կրթական նպատակներու համար ցարդ նուիրած է 560.000 տոլար։ Այսպէս 15 տարի առաջ, Հ.Օ.Մ.ի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին նուիրած է «Լեւոն Յակոբեան դաշտավայր»ը, 20.000 տոլար արժողութեամբ։ «Ասպարէզ»ին համար՝ երեք արդիական խանութներ, 30.000 տոլար արժէքով։ Աթէնքի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի շէնքին համար՝ 30.000 տոլար։ Հայ Կրթ. Հիմնարկութեան համար՝ 260.000 տոլար։ Պէյրութի մէջ Հ.Յ.Դ. ակումբի մը կառուցման համար՝ 50.000 տոլար։ Պուրճ¬Համուտի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանին կից սրահի մը կառուցման համար՝ 20.000 տոլար։