- Աշխարհահռչակ երգահան-երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեան, որ երկու շաբաթէ ի վեր Յունաստան կը գտնուի, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր ընդունուեցաւ թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ Արք. Այվազեանի, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանի եւ Վարչութեան միւս անդամներուն կողմէ։ Մեծանուն հայը նախ այցելեց Մայր եկեղցին եւ ապա

Հայ Գթութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան ի գործ դրած բացառիկ ճիգերուն եւ Հ. Օ. Մ.ի Կեդր. Վարչութեան օժանդակութեան շնորհիւ՝ կարելի եղաւ այս տարի եւս իրագործել աշակերտական կազդուրման կայանի խիստ օգտաշատ ձեռնարկը, որ դարձած է ազգապահպանման կարեւոր ազդակ մը, տրուած ըլլալով որ՝ ան ոչ միայն պատեհութիւն կուտայ մեր

Պսակ Արքեպիսկոպոս միշտ կը մնայ Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ հակառակ սպառնալիքներուն՝ Ն. Կիւլպէնկօղլու ոչ մէկ օրինական միջոցի դիմած է գործադրել տալու համար իր պաշտօնազրկումը, որու պայմանաժամը լրացաւ Օգոստոս 3ին։ Օգոստոս 16ին, Լոնտոնի «Թայմզ»ը հետեւեալ տեղեկութիւնները կուտայ այդ մասին.¬ «Պսակ Արք. Թումայեան, Անգլիոյ հայոց

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղերը արշաւ մը կազմակերպած էին դէպի Ֆաներոմենի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական քէմփը։ Առաւօտուն կանուխ արդէն Աթէնքէն, Գարէայէն, Ֆիքսէն եւ Գոքինիայէն մասնաւոր եւ վարձուած ինքնաշարժներով համակիրներ, ծնողքներ եւ մարզասէրներ փութացած էին հաճելի օր մը անցընելու ծառախիտ եւ ծովեզերեայ քէմփը։ Ժամը

- Հայերէն առաջին տպագիր օրացոյցը լոյս տեսած է Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ 1565ին, Աբգար Թոքատցի հայ տպագրիչին ջանքերով։ Օրացոյցը տպագրուած էր թերթ մը թուղթի վրայ, բազմատեսակ աղիւսակներով ու թիւերով եւ կը կոչուէր «Խառնափնթուր տումարի գեղեցիկ ու պիտանի»։ Այնուհետեւ մինչեւ դարի վերջը՝ հայերէն օրացոյցները, որ կը կոչուէին «տոմար» լոյս