- Երեւանի մէջ բացուած է նոր հիւանդանոց¬քլինիք մը, որ մանուկներու յատուկ բաժին մը, մայրանոց մը ու վիրահատութեան բաժին մը ունի, եւ 300 հիւանդ միաժամանակ կրնայ ընդունիլ։ Այս քլինիքը, որ «Մալաթիա» անունը կը կրէ, նոյն ատեն գործնական աշխատանքի հիմք մը պիտի ըլլայ Երեւանի բժշկական հիմնարկին համար։ Բժշկական արդիական սարքերով օժտուած այս հիւանդանոցը նուիրած է Մալաթիա Հայրենակցական Միութիւնը (Մ. Նահանգներ)։

- Հայ ժողովուրդի նիւթական մշակոյթի գանձերը պահպանող Պատմական Թանգարանը 30 տարեկան պիտի ըլլայ։ Այնտեղ հաւաքուած են թանկարժէք առարկաներ, որոնք հայկական հողամասին վրայ նախնական համայնքի ժամանակաշրջանէն, Ուրարտուի պետութենէն կուգան ու կը հասնին մինչեւ մեր օրերը։ Թանգարանին 20 ընդարձակ սրահներուն մէջ 160 հազար կտրոններ կը պահպանուին։ Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանը նոյն տարիքը ունի։ Այս թանգարանին մէջ գտնուող ամենահին գործը Սայաթ¬Նովայի «Դաւտարն» է։ Մօտաւորապէս մէկ միլիոն հազուագիւտ փաստաթուղթեր ունի ան։ Վերջին ժամանակներուն, թանգարանը նոր փաստաթուղթեր ստացած է սփիւռքահայ գրողներու գրական ու հասարակական կեանքի մասին։ Թանգարանը շփման մէջ է 16 երկիրներու ընկերակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն հետ։

- Հայաստանի Գիտութեանց Ակադեմիոյ նախագահ Վ. Համբարձումեան Սորպոնի համալսարանի Պատուոյ Տոքթոր նշանակուած է։ Հռչակաւոր աստղաբնագէտին վկայագիրը պիտի յանձնուի Նոյեմբեր 9ին, համալսարանի ուսումնական տարուան սկիզբը։ Աշխարհի զանազան գիտական կեդրոններու պատուոյ անդամ է Վիքթոր Համբարձումեան։ Անոր անունը, արձանագրըւած է Ամերիկեան եւ Գերմանական երկու Ակադեմիաներու, ֆրանսական Ակադեմիայի, Աւստրիոյ եւ Պելճիքայի Արքայական Ակադեմիաներուն ու տարբեր երկիրներու մեծ համալսարաններու ցանկերուն վրայ։