Երկուշաբթի օր, հելլէն մամլոյ ներկայացուցիչները, ասուլիս մը ունեցան հայազգի հռչակաւոր երգահան եւ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանի հետ, որ պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ տիկին եւ որդի Խաչատուրեանները։ Երեքշաբթի օր բոլոր թերթերը հրատարակեցին իրենց աշխատակիցներուն յօդուածները եւ

- Քալիֆորնիոյ շրջանի 6րդ Պատգամաւորական ժողովը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իր աշխատանքները լրացուց Յուլիս 5ին, մեծ յաջողութեամբ: Պատգամաւորական ժողովին ներկայ եղան եւ ողջունեցին՝ Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան: Յուլիս 3, շաբաթ երեկոյեան, «Ռոստոմ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ բացման հանդէս՝ ատենապետութեամբ Կարօ

Յուլիս 11ին, «Հայաստան» Քէմփին մէջ տեղի ունեցած է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի շրջանի 72րդ Պատգամաւորական ժողովի փակման դաշտահանդէսը՝ ժողովրդական խուռն բազմութեան ներկայութեան: Այս առթիւ «Հայրենիք» կը գրէ.- Հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացաւ Մկրտիչ Յարութիւնեան ու քանի մը խօսքէ ետք, ատենապետութիւնը յանձնեց Ստեփան

Շաբաթ եւ Կիրակի 3 եւ 4 Յուլիս 1965ին փառաշուք արարողութիւններ տեղի ունեցան Հալէպի  Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան նախագահեց առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ապա կատարեց մատաղցու ոչխարներու օրհնութիւնը: Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւնը եւ յատուկ յանձնախումբեր մինչեւ առաւօտ զբաղեցան

- Հայաստան այցելողները այժմ կրնան Սեւանի եզերքներուն մօտենալ առանց իրենց վակոններէն դուրս գալու։ Արդարեւ, նոր երկաթուղագիծ մը կը մօտենայ աշխարհի ամէնէն գեղածիծաղ լիճերէն Սեւանի եզերքին։ Սեւանի եզերքէն մեկնելով սկսած է կառուցել երկաթուղագիծ մը, որ պիտի հասնի Շորժա գիւղը, ուր մօտ ատենէն պիտի սկսի կառուցուիլ  Խորհր. Միութեան