- Վերջին երեք օրերու ընթացքին, Լոս Անճելըսի պատմութեան մէջ մեծագոյն ցոյցերը տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ սեւամորթներուն։ Ի վերջոյ, քաղաքապետը եւ ոստիկանութեան պետը ազգապահ ուժերու աջակցութիւնը խնդրեցին՝ բարեկարգութիւնը պահպանելու համար։ Հինգշաբթի իրիկուն ցոյցերուն մասնակցեցան եօթը հազարի մօտ սեւամորթներ։ 120 հոգի վիրաւորուեցաւ։ Սեւամորթ ցուցարարները գործածեցին քարեր, Մոլոթով ռումբեր եւ ատրճանակ։ Երթեւեկը դադրեցուցին, ինքնաշարժեր շրջեցին ու հրկիզեցին եւ ոստիկաններ խոշտանգեցին։ 15 ինքնաշարժներ կրակի տուին, շէնքերու վնասներ հասցուցին, 86 վաճառատուներ կողոպտեցին եւ ութ վաճառատուներ ալ հրկիզեցին։ Ցոյցերուն պատճառը այն էր, որ ոստիկան մը գինով վիճակի մէջ կառք վարող սեւամորթ մը ձերբակալած էր։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Օդային գծով Աթէնք ժամանեց աշխարհահռչակ հայազգի երգահան եւ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեան, որ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ նուագահանդէսներ պիտի ղեկավարէ ներկայացնելով իր երեք նոր գործերը։ Հռչակաւոր արուեստագէտը տեսնելու եւ անոր բարի գալուստ մաղթելու համար Էլլինիքոյի օդանաւակայանը փութացած էին հելլէն մամլոյ ներկայացուցիչներ ու պաշտօնական դէմքեր, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ հայրենակիցներ, Աթէնքէն, Բիրէայէն եւ շրջակայ թաղամասերէն։ Օդանաւակայան եկած էին նաեւ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան ներկայացուցիչները։ Երբ Խաչատուրեան սաւառնակէն վար իջաւ՝ ժպտադէմ ու ձեռքի շարժումով բարեւեց զինք ծափողջունող ներկաները։ Իրեն հետ առաջին խօսողներէն եւ բարի գալուստ մաղթողներէն եղաւ «Ազատ Օր»ի մէկ աշխատակիցը։ Մեծանուն հայը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով, ըսաւ.- «Իմ ջերմ ողջոյնները հաղորդեցէք ամբողջ հայութեան։ Կը յուսամ, թէ առիթ պիտի ունենամ զինք տեսնելու։ Խաչատուրեան հետաքրքրուեցաւ հայութեան թիւով, թերթերով, դպրոցներով եւայլն։ Ապա՝ դեսպանատան ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Աթէնք։