- Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արուեստի Կաճառը վերջերս լոյս ընծայած է «նիւթեր հայ արուեստի պատմութեան» մատենաշարին հերթական գիրքը՝ «Սպիրիտոն Մելիքեան» խորագրով հաւաքածոն, որուն մէջ ամփոփուած նիւթերը կը լուսաբանեն անուանի երաժշտագէտ, երգահան, խմբավար, մանկավարժ եւ Կոմիտասի աշակերտ Սպիրիտոն Մելիքեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Հաւաքածոն կը բովանդակէ բազմազան նիւթեր, որոնք ամփոփուած են հետեւեալ բաժիններուն մէջ.¬ «Ս. Մելիքեանի յօդուածներն ու դասախօսութիւնները», «Ժամանակակիցները Երաժիշտին մասին», ¥յուշեր՝ գրուած անոր արուեստակիցներուն, ընկերներուն եւ աշակերտներուն կողմէ¤, «Նամակներ, Փաստաթուղթեր», ¥զեկուցումներ, պաշտօնական գրութիւններ եւ ինքնակենսագրութիւն¤, յաւելուած, ուր ներկայացուած են Թիֆլիսի Հայոց Երաժշտական Ընկերութեան Վարչութեան 1913-1918ի արձանագրութիւնները։
- Երեւանի մէջ Յունիս 29ին բացումը կատարուած է առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան համագումարին, օրակարգի գլխաւոր նիւթ ունենալով հոգեբուժութիւնը։ Ժողովներուն մասնակցած են 30 մասնագէտներ, այլեւայլ երկիրներէ։