- Զանգեզուրի մէջ վերջերս գումարուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հերթական նստաշրջանը, մասնակցութեամբ անուանի գիտնականներու եւ մասնագէտներու։ Զանազան հարցերու շուրջ ¬ինչպէս՝ երկրաբանութիւն, մետաղագործութիւն, կենսաբանութիւն, եւայլն ¬ ներկայացուած են աւելի քան 40 տեղեկագիրներ։
- Հանրային առողջապահութեան նախարարութեան զեկուցման համաձայն, Հայաստանի մէջ բացուած են սրտի վիրաբուժութեան եւ հիւանդութեան դարմանումի յատուկ 11 նոր քլինիկներ։
Արթիկ քաղաքին մօտերը, տուֆի քարահանքի մը թանձր խաւերուն տակ կորսուած շիրմադաշտի մը մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին, Հայաստանի Պատմական Թանգարանի արշաւախումբը երեւան հանած է լաւ վիճակի մէջ պահպանուած սուր մը, նետի ծայրեր, ապարանջաններ եւ այլ առարկաներ։ Այս բոլոր առարկաներն ալ պրոնզէ են ու գեղազարդուած։ Բայց ամէնէն շահագրգռական գիւտերն են պրոնզաձոյլ զանազան առարկաներ, կաւէ փոքր ամաններ եւայլն...։ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու եւ արշաւախումբի պետ Տելեմաք Խաչատրեան, Արթիկի գիւտերուն մասին խօսելով ըսած է.¬ Արթիկի տուֆահանքին մէջ հսկայ շիրիմին ուսումնասիրութիւնը 1960ին սկսած է։ Այս գերեզմանները կը պատկանին նիւթական մշակոյթի պատմութեան ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն շահագրգռական ժամանակաշրջաններէն մէկուն՝ մեր թուագրութենէն առաջ, մօտաւորապէս 13րդէն մինչեւ 7րդ դարերուն։