- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 32րդ Պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Պոսթընի մէջ, Յունիս 27ին «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, ուր իրաւասութիւնները քննող յանձնախումբը անմիջապէս գործի անցած է՝ ժողովը պատրաստելու համար յաջորդ օրուան օրակարգին: Այս առթիւ «Հայրենիք» կը գրէ.- Ժողովին նիստերը տեղի կþունենան այս տարի Պոսթընի նորակառոյց «Շերաթըն» պանդոկին շքեղ սրահին մէջ: Փառաւոր պարահանդէս մը եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախկին անդամներու միացման մասնաւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- «Հայրենիք»ի թղթակիցը կը հեռագրէ Տիթրոյիթէն.- Հայ Օգնութեան Միութեան 45րդ Պատգամաւորական ժողովը խանդավառութեամբ կը շարունակէ իր նիստերը: Երկուշաբթի տեղի ունեցան Գ. եւ Դ. նիստերը, որոնց ընթացքին կարդացուեցան եւ գնահատանքի արժանացան շրջանային վարչութիւններու տեղեկագիրները՝ Հարաւային Ամերիկա, Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Մակեդոնիա-Թրակիա, Աթէնք, Եգիպտոս, Ամման (Յորդանան), Իրան, Երուսաղէմ: Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ Արք. Խաչատուրեան ղրկած էր յաջողութեան եւ շնորհաւորութեան հեռագիր մը, որ ուրախութեամբ լսուեցաւ Պատգ. ժողովին կողմէ: Շնորհաւորական հեռագիր մը ղրկած էր նաեւ Արսէն Թերլեմեզեան (Պոսթընէն): Պատգամաւորական ժողովը լսեց Կեդրոնական վարչութեան տարուան մը գործունէութեան տեղեկագիրը եւ գնահատանք ու գոհունակութիւն յայտնեց: Յարաբերական թուղթերու յանձնախումբի եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրները եւս գոհունակութեամբ լսուեցան Պատգամաւորական ժողովէն: Նկատի առնուեցան միութեան պարբերաթերթ «Հայ Սիրտ»ի հրատարակութիւնը եւ անոր ժողովրդականացման միջոցները: Տրուեցան նաեւ որոշումներ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան զօրացման, մշակութային աշխատանքներու քաջալերութեան եւ ընդարձակման, նաեւ՝ գործիչ մը ունենալու մասին»: