Դժուար եւ շնչահեղձ դարձնող եռամսեակ մը բոլորելէ ետք,- ինչպէս յունական ամբողջ ընկերութիւնը,- կը հասնինք ամառուան փոքր դադար մը առնելու պահուն: Մեր թերթը 9 աշխատանքային օրուան համար դադար կÿառնէ ու կը վերադառնայ՝ դարձեալ ձեր    բոլորին քով գտնուելու, Երկուշաբթի 27 Օգոստոսին:


Մեր գաղութը տանջող իրավիճակը արդէն ճնշող է աւելի քան տարիէ մը ի վեր, իսկ վերջին ամիսներուն առաւել անձկալից դարձած է, մանաւանդ որ դեռ չեն փոխանցուած հայ ուսուցիչներուն համար նախատեսուած պետական յատկացումները՝ հակառակ կայացուած որոշումին եւ զայն գործադրելու նախարարական խոստումներուն։
Հայակրթական մեր համակարգի ապագան տագնապեցնող այս իրողութեան վրայ եկաւ աւելնալու Ֆիքսի վարժարանի խոհանոցի հրդեհին պատճառած լուրջ վնասը, որ նիւթական յաւելեալ բեռ մը գումարեց ազգային մեր կառոյցներու արդէն կքած ուսերուն վրայ:
Յունահայ մեր գաղութը, միշտ հարուստ եղած է միութենական գործօններով, մշակութային-քաղաքական կեանքով: Այսօր մեր ունեցած դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, մարզադաշտերը, թերթը, պարբերաթերթերը, ծերանոցը եւ բազմաթիւ միութենական գործօնները միշտ աշխուժ գործունէութիւն ունեցած են եւ իրական խանդավառութիւն տիրած է այս գործերուն նկատմամբ, ինչու չէ նաեւ յանդգնութիւն՝ նոր ծրագիրներ իրագործելու եւ զանոնք յաջողապէս շարունակելու հաստատակամութեամբ։ Ներկայիս շատ աւելի շեշտուած է ազգային կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը, պարտականութիւն՝ որ մեր բոլորինն է:
Միաժամանակ մեր գաղութը մօտէն կը հետեւի սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն եւ, ընդհանրապէս, Սուրիոյ հայ գաղութին դիմագրաւած ծանրակշիռ տագնապին՝ սփիւռքահայ մեծ աւանդի տէր այս կենսական կռուանին գործնապէս զօրակցելու եւ տագնապահար հայութեան դիմադրականութիւնը գօտեպնդելու առաջադրանքով:
Հայապահպանման մեր բոլոր կռուաններուն գոյատեւումը եւ ամրապնդումը, ամբողջ հայաշխարհի տարածքին, գերակշիռ մարտահրաւէրի շեշտով կը ներկայանայ բոլորի՛ս։ Յունահայութիւնը կղզիացած չ'ապրիր, այլեւ՝ հայ ազգային ամբողջականութեան զօրաշարժին մաս կը կազմէ: Այդ մղումով ալ կը գիտակցինք, թէ հաւաքական մեր ապագային յաջողութեան գլխաւոր երաշխիքը կը կայանայ մեր անձնական թէ միութենական նախաձեռնութիւններուն աշխուժացման մէջ, կազմակերպուած աշխատանքի եւ հետեւողական գործի արդիւնաւէտ ծաւալման մէջ, իրերօգնութեան անկեղծ ոգիի եւ համագործակցութեան սերտացման մէջ:
Յունահայուն երբեք չէ լքած խոր հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը՝ իր ազգի վերապրումին, զարգացման եւ նոր նուաճումներ արձանագրելու ինքնուրոյն կարողութեան հանդէպ։ Միշտ եւ ամէն պայմաններու մէջ հաւատք ու ինքնավստահութիւն՝ դժուար կացութիւնները դիմագրաւելու, աննպաստ տուեալները բարեշրջելու եւ յուսադրիչ նոր հորիզոններ բանալու ազգային մեր ուժականութեան նկատմամբ:
Այդ հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ է, որ թեւակոխած ենք այսօրուան տագնապները դիմագրաւելու հանգրուանը՝ գիտակցելով, թէ իրական մարտահրաւէրը մեր առջեւն է եւ հարկ է մեր ուժերը կազդուրել ու նորովի թափով փարիլ հաւաքական գործին՝ մեր գաղութը եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը դարձեալ վերելքի մէջ տեսնելու եւ մեր ապագան աւելիով ամուր հիմերու վրայ հաստատելու, դէպի յառաջ շարժելու լաւատեսութեամբ:
Բարի ամառ եւ վերանորոգ աշխուժութեամբ վերադարձ բոլորի՛ս: