Դեկտեմբեր 7ի այս օրը, 24 տարի առաջ, Հայաստանի հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով տեսաւ ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան դէմ։
1988ի այս օրը, ճիշդ ժամը 11:41ին, այդ ատեն տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները՝ ընդհանրապէս Կիւմրին ու մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան։
Կործանարար երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց ամբողջ շէներ, համատարած աւերակոյտի տակ թաղեց աւելի քան 35.000 զոհեր, 130.000 տարբեր աստիճանի վիրաւորներու պատճառ դարձաւ ու 500.000 հոգի անտուն եւ անօթեւան կեանքի դատապարտեց։
Տնտեսագէտներու եւ հաշուապահներու մասնագիտական այսօրուան գնահատումով՝ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 3.000.000.000՝ եւրոյի վնաս պատճառեց։
Այսօր մեծագոյն մասով վերակառուցուած ու արդիական տեսքով վերականգնած է Աղէտի Գօտին։ Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակ։ Կիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ՝ Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները։
Բայց դեռ չէ անցած կսկիծը, ոչ ալ կրնայ մոռցուիլ մեծ կորուստը. հարիւր հազարաւորներ այսօր կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ կորուստը. աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը վերստին կþոգեկոչէ 1988ի աղիտալի երկրաշարժը։
Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ոչ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ ողջ աշխարհին ու մարդկութեան։
Սպիտակի աղէտը առաջացուց միջազգային սրտակցութեան ու զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք, որուն ներշնչումով՝ մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համերաշխութեան ու զօրակցութեան ոգին։
Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած բնական ուժգնութիւնը։ 6,9 աստիճանի երկրաշարժը այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ երկրի ընդերքին անդուլ խմորուող շարժերն ու ժայթքերը ուսումնասիրելու՝ կանխատեսելու եւ նախազգուշութեանց դիմելու արհեստագիտութիւնը անհրաժեշտ չափով զարգացած ըլլար, բնակութեան շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային ու պետական կազմակերպ կառոյցները զինուած ըլլային բնական աղէտներուն արագօրէն հակազդելու եւ փրկարարական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրագործելու պատրաստութեամբ ու յարմարութիւններով։
Փաստօրէն, Սպիտակի երկրաշարժին դէմ յանդիման, Խորհրդային Միութեան տարողութեամբ 20րդ դարու գերուժը ցոյց տուաւ իր ահաւոր թափթըփածութիւնը, ինչ որ ախտանշական իմաստ ունեցաւ նաեւ արեւմուտքի թէ արեւելքի բոլոր գերուժերուն համար, որոնք իրենց կարգին անդրադարձան սեփական թերիներուն ու անպատրաստութեան՝ բնական աղէտներու դիմագրաւման մէջ։
Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ։ Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ՝ մէկ մարդու պէս Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեմըտաւոր ու ֆիզիքական կամրջումը։
Աղէտէն ամիսներ առաջ, Արցախեան շարժման պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջատիրական միասնութիւնը բառացիօրէն կրցաւ, Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու իր գերանորոգ զօրաշարժով, ջնջել իր յաղթարշաւը արգելակող քաղաքական սահմանագիծերը։
Իր խորագոյն կսկիծին մէջ անգամ հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի միացում պահանջեց եւ համազգային վճռականութեամբ բռունցք բարձրացուց։
7 Դեկտեմբերի այս օրը, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին հայեացքը վերստին կþուղղուի դէպի Սպիտակ ու Աղէտի Գօտի՝ անդարձ մեր կորուստներու անանց կսկիծով, բայց նաեւ մեր ցաւին ընդմէջէն ազգային մեր միասնականութիւնը վերանորոգելու հաստատակամութեամբ։
Ն.