108 տարի առաջ, 1905 թուականի 11 Մայիսին, Անդրկովկասի նաւթային մայրաքաղաք Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն Պարապետի վրայ, 21ամեայ հայ յեղափոխական մը ռումբի հարուածով ահաբեկեց նահանգապետ իշխան Նակաշիձէն։

Երիտասարդ այդ յեղափոխականը Դրաստամատ Կանայեանն էր՝ անզուգական Դրոն, որ այդպէ՛ս, օր-ցերեկով եւ բանուկ հրապարակի մը վրայ, գործադրեց Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կեդրոնական Կոմիտէին տուած մահապատիժի որոշումը՝ հարիւրաւոր անմեղ հայերու կոտորածը հրահրած Բագուի նահանգապետին դէմ։

Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, համառուսական յեղափոխական խմորումներու պատմութեան ամէնէն ուշագրաւ եւ ուսանելի էջերէն է Նակաշիձէի ահաբեկումը։ Նաեւ՝ այսօրուան համար նշանակալի դասեր փոխանցող դրուագ մըն է, որ մէկէ աւելի զուգահեռներով լոյս կը սփռէ հայեւատրպէյճանական մերօրեայ հակադրութեան արմատներուն վրայ։

Ո՞վ էր Նակաշիձէ եւ ի՞նչ ըրած էր, որ արժանացաւ նման դաժան դատաստանի։

Ինչո՞ւ Բագուն թատերաբեմ հանդիսացաւ հայկական յեղափոխութեան այդօրինակ հարուածին։

Բագուն 19րդ դարավերջին դարձած էր ոչ միայն Անդրկովկասի, այլեւ՝ ամբողջ Ցարական Կայսրութեան նաւթային կեդրոնն ու ամէնէն ճարտարարուեստական քաղաքը, ուր անխնայ մրցակցութեան մէջ էին ռուսական թէ անգլիական, հայ թէ թաթարական դրամագլուխներն ու գործատէրերը։ Իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան, Բագուն դարձած էր գլխաւոր խառնարանը համառուսական առաջին յեղափոխութեամբ թափ առած արիւնալի խմորումներուն։

Ցարական Ռուսաստանը, արտաքին ճակատի վրայ, ծայրագոյն արեւելքի մէջ պատերազմ կը մղէր Ճափոնի դէմ, իսկ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւէր Ս. Փեթերսպուրկէն սկսած եւ կայսրութեան ողջ տարածքը ալեկոծած ընկերային յեղափոխութեան բուռն պայթումը։

Յատկապէս Անդրկովկասը յեղափոխական ալեկոծումի մէջ էր եւ յեղափոխական տարրերը, առանց ազգային խտրութեան, միասնաբար ծառացած էին ցարական բռնատիրութեան դէմ։

Բազմազգեան մեծ խառնարան մըն էր Անդրկովկասը, յատկապէս նաւթահորերով հարուստ Բագուն, ուր հայն ու ռուսը, վրացին եւ թաթարը սուր մրցապայքարի մէջ էին իրարու հետ՝ ազգամիջեան յարաբերութիւններու ճակատին վրայ։ Իսկ միւս կողմէ՝ ընկերային չարաշահումներու եւ կեղեքումներու դէմ ընդվզումի ու պայքարի ճակատին վրայ, տարբեր ազգերու յեղափոխական երիտասարդութիւնը միացեալ ուժերով ծառացած էր ցարիզմի կայսերապետական ճնշումի գործիքներուն՝ խաւարամիտ ու յետադիմական տարրերուն դէմ։

Համառուսական յեղափոխութեան ալիքը հասկնալիօրէն լայն արձագանգ գտած էր Բագուի աշխատաւորներուն մէջ եւ ի մի բերած էր զանոնք՝ անկախ նաւթահորերու կամ ճարտարարուեստական մարզի բանուորներու ազգային պատկանելիութենէն։

Ի տես յեղափոխական խմորումներու այդօրինակ սաստկացումին ու ծաւալումին՝ ցարական իշխանութիւնները ամէն կարգի դաւ ու սադրանք կ'որոճային, հակակշռելու համար յեղափոխութեան վարակիչ ալիքը։

Պատմաքաղաքական այս ենթահողին վրայ, խռովայոյզ Բագուի նահանգապետի իր դիրքէն, թաթարական ծագումով Նակաշիձէն ձեռնամուխ եղաւ յեղափոխական խմորումներու յենարանը հանդիսացող Բագուի աշխատաւորութիւնը ազգային հողի վրայ պառակտելու եւ ջլատելու դաւադրութեան։

Իսկ նման սադրանքի յաջողութեան համար պատրաստի հող էր թուրք-թաթար զանգուածը, իր մեծաթիւ բանուորութեամբ հանդերձ, որ տակաւին կը գալարուէր խաւարամտութեան ու կրօնամոլութեան ճիրաններուն մէջ։ Մանաւանդ որ ինչպէս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, նոյնպէս եւ Ցարական Կայսրութեան հովանիին տակ հրահրուած էր թաթարներու (ի դէպ՝ նաե՛ւ վրացիներու) ամբոխային այն տրամաբանութիւնը, թէ իբր հայերը՝ սակաւաթիւ ըլլալով հանդերձ, թէ՛ մեծ կշիռ ունէին մեծահարուստներու վերնախաւին մէջ, թէ՛ բարեկեցիկ կեանք ապահոված էին իրենց բանուորներուն...

Նահանգապետ Նակաշիձէ առաւելագոյն նենգամտութեամբ իւղ թափեց հայ-թաթարական հակադրութեանց ու թշնամանքի այդ կայծերուն վրայ՝ նաեւ գաղտնաբար զինելով թաթար ազգայնամոլ խմբաւորումները։ Ցարական իշխանութեանց կողմէ զինուած այդ վարձկաններու գլխաւորութեամբ ալ, 6 Փետրուար 1905ին, Բագուի տարբեր շրջաններուն մէջ, թաթար խուժանը յարձակեցաւ հայերու եւ անոնց խանութներուն ու հաստատութեանց վրայ՝ քանդելով, կողոպտելով եւ սպաննելով...

Թուրք-թաթար ամբոխին կատաղութիւնը շարունակուեցաւ երեք օր՝ հակառակ որ առաջին օրը անակնկալի եկած հայութիւնը շատ արագ ինքնապաշտպանութեան եւ հակահարուածի դիմեց Դաշնակցութեան եւ անոր յաղթ բռունցքը մարմնաւորող հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեամբ։

Թէեւ թուրք-թաթար ամբոխի խժդուժութեանց սանձ դրուեցաւ, բայց երկուստեք հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկան, իսկ Բագուի հայութիւնը ենթարկուեցաւ նիւթական հսկայական կորուստներու։

Այս աստիճան ծանր յանցագործութեան գլխաւոր պատասխանատուն էր նահանգապետ Նակաշիձէն։ Անոր սադրանքը անպատիժ պէտք չէ մնար՝ թէ՛ նոյնինքն յանցագործը արդար դատաստանի արժանացնելու համար, թէ՛ նման սադրանքներու եւ յանցագործութեանց կրկնումը կանխարգիլելու նպատակով։

Եւ նահանգապետին դէմ մահապատիժ որոշեց ոչ միայն Դաշնակցութիւնը՝ յանձինս Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէի, այլեւ՝ ռուս ընկերվարական-յեղափոխական կուսակցութիւնները իրենց կարգին մահապատիժի վճիռ արձակեցին Նակաշիձէի դէմ։ Մինչեւ անգամ Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականները դիմեցին Դաշնակցութեան, որպէսզի իրենց զիջի գործադրութիւնը բոլոր յեղափոխականներու օրհնութիւնը վայելող մահապատժի այդ որոշման։

Դաշնակցութիւնը ընդառաջեց Ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու կուսակցութեան դիմումին, բայց այս վերջինի կողմէ կատարուած Նակաշիձէի ահաբեկման առաջին գործողութիւնը անյաջող անցաւ։

Ձարիզմի նենգ պաշտօնատարը անպայման պէտք է պատժուէր եւ ի վերջոյ պատժուեցա՛ւ Դրոյի ձեռամբ։

Դրօ այդ շրջանին կը ծառայէր ռուսական բանակին մէջ, բայց հազիւ լսած Փետրուար 6ի թուրք-թաթար ամբոխի խժդուժութեանց լուրը՝ փութացած էր Բագու ու ինքզինք տրամադրած Նիկոլ Դումանի եւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ. Կոմիտէին։ Դրօ նաեւ կամաւոր իր թեկնածութիւնը առաջարկեց Նակաշիձէի ահաբեկումի գործադրութեան համար, երբ ռուս յեղափոխականներու առաջին փորձը ձախողեցաւ։

Եւ Դուման իր հաւանութիւնը տուաւ։

Գործողութեան կազմակերպման պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ Կ. Կոմիտէի անդամներէն Աբրահամ Գիւլխանդանեանի, իսկ անփորձ ահաբեկիչին՝ Դրոյին պիտի աջակցէր Գանձակեցի Կռօ անունով նոյնպէս երիտասարդ յեղափոխական մը։ Եւ 11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէ ստացաւ իր արժանի պատիժը։

Նակաշիձէն նահանգապետարան փոխադրող ձիակառքը, շրջապատուած ձիաւոր թիկնապահներով, ամէն օր կ'անցնէր Պարապետի հրապարակէն։ Գործողութեան համար ճշդուած օրը՝ Մայիս 11ին, Կռօ դիրք բռնած պէտք է ըլլար հրապարակ տանող փողոցին ծայրը, իսկ Դրօ՝ իբրեւ հրապարակին վրայ զբօսնող անցորդ, տոպրակի մը մէջ դրած մահարկու ռումբը, պիտի սպասէր Կռոյի ազդանշանին՝ թէ նակաշիձէի կառքը կը մօտենար։

Բայց այդ օր Կռօ ընդհանրապէս չէր երեւցած, իսկ Ա. Գիւլխանդանեան պահ մը երեւցած ու անհետացած էր։ Դրօ առանձին մնացած էր... հրապարակին վրայ գտնուող թուրք-թաթար պտղավաճառ մը, մայթին վրայ շարած էր իր վաճառած միրգերը. թարմ կեռաս ունէր. Դրօ պտղավաճառին ապսպրեց տոպրակ մը կեռաս եւ մինչ վաճառորդը կը լեցնէր տոպրակը, յանկարծ լսուեցան ձիակառքի եւ ձիաւորներու ձայներ։ Առանց այլայլելու, Դրօ իր ձեռքի տոպրակէն հանեց պատրաստի ռումբը, արագօրէն վազեց յառաջացող կառքի ուղղութեամբ եւ նետեց ռումբը։ Ահաւոր պայթիւնին հետեւեցաւ հրապարակի խուճապահար անցորդներու մեծ իրարանցումը։ Դրօ խառնուեցաւ ամբոխին եւ անհետացաւ...

Նակաշիձէ, իր սպասաւորը, թիկնապահներ եւ կեռասի պտղավաճառը տեղն ու տեղը սպաննուեցան։

Ահ ու սարսափը պատեց կայսերապետական ուժերուն եւ ցարական ոստիկանութեան։

Բագուի Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի Կ.Կոմիտէն, հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի հանրային կարծիքին ուղղուած երկու անջատ յայտարարութիւններով, ստանձնեց պատասխանատուութիւնը Նակաշիձէի մահապատիժին։ Իսկ Հ.Յ.Դ. Կովկասեան Պատասխանատու Մարմինը, յատկապէս ցարական պաշտօնէութեան ուղղուած երրորդ յայտարարութեամբ մը, ազդարարեց Նակաշիձէի ահաբեկման ի պատասխան հակահայ նոր դաւեր սադրող ուժերուն, թէ աւելի հատու պիտի ըլլայ հայ յեղափոխականներու յաջորդ հարուածը։

Անշուշտ որոշ ժամանակի համար զգաստացան ռուս պաշտօնատարները, նոյնպէս եւ թուրք¬թաթար ազգայնամոլ շարժումներու պարագլուխները։

Բայց հրձիգութիւնը գործուած էր արդէն եւ ազգամիջեան լարուածութիւնն ու թշնամանքը մէկանգամընդմիշտ սանձազերծուած էին...

Փոքր ազգերը պէտք է զոհաբերուէին, իբրեւ պարզ խաղաքարեր, մեծապետական ինչ-ինչ շահերու ձեռքբերման եւ աշխարհաքաղաքական հաշիւներու կարգաւորման...

11 Մայիս 1905ին Նակաշիձէի ահաբեկումը հայ ժողովուրդին հատու պատասխանն էր թէ՛ փոքր ազգերը զոհաբերելու պատրաստ մեծապետական ուժերուն, թէ՛ անոնց ձեռքը կոյր գործիքի վերածուած ազգայնամոլներուն։

Իսկ Դրոյի յանդուգն քայլն ու ընդհանրապէս Անդրկովկասի հայոց ինքնապաշտպանութեան կռուանները ամրապնդելու Նիկոլ Դումանի ռազմավարութիւնը մղիչ ուժ եւ ներշնչման աղբիւր դարձան հայ ժողովուրդին։ 

Ն.