Մայիս 8ի այս օրը, 162 տարի առաջ, Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ ի վերուստ կոչուած էր մարմնաւորելու եւ շնչաւորելու արտակարգ տաղանդի եւ խելացնոր անհատականութեան եզակի բոցավառում մը՝ հայոց
հոգեմտաւոր բազմադարեան ժառանգութեան լուսաշող երկնակամարին վրայ։
Հայ լեզուի, մտքի եւ գրականութեան անհուն պաշտամունքն ու ազգային մեր ժառանգութեան խորաթափանց ընկալումը, յայտնատեսական վերծանումը եւ գեղարուեստական ինքնակատարելագործումը ստեղծագործական անխոնջ երկունքի մէջ պահեցին մարմինն ու ներաշխարհը անզուգական Եղիայի։
¬ Հայ լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայ աշխարհաբարը իր կատարելութեան հասցնող մեծագոյն երախտաւորներէն եղաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան։
¬ Հայ մտքի փիլիսոփայական խորասոյզ որոնումները անհաս տարածութեանց բացած մեծ տեսանողը դարձաւ Եղիա, որ երկրային կեանքին ու մարմնեղէն գոյութեան մէջ բացասումը տեսաւ Տիեզերքին ու Ամբողջին եւ, այդ ճշմարտութեան անձնատուր, 57 տարեկանին ընտրեց անձնասպանութիւնը՝ իբրեւ ապաշխարհանքի ուղիղ ճանապարհ...
¬ Քերթուած թէ պատմուածք, ակնարկ թէ թարգմանութիւն, գեղարուեստական թէ իմաստասիրական տարբեր բնագաւառներ իւրայատուկ մշակումի եւ արարումի արժանացան Եղիայի գրչին տակ։ Թէեւ երկար տասնամեակներ Եղիա Տէմիրճիպաշեան առասպել մը մնաց եւ քիչեր բացին ներաշխարհը այս «խելագար տաղանդ»ին, բայց մեր ժամանակներուն արդէն Եղիա իր գործին ու մտածողութեան վրայ կը կեդրոնացնէ սեւեռումը հայ մտքի եւ գրականութեան նորահաս ուղեւորներուն։
Արդարեւ, բացառիկ խոհականութեամբ ու կեանքի եւ մահուան, բնութեան եւ մարդու, ընկերային արժէքներու եւ անձնակեդրոն յոյզերու մասին իմաստասիրական խոր ընկալումով օժտուած հայ գրագէտն է Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ աշխարհաբար հայերէնը բարձրացուց գեղարուեստական մշակման նախանձելի մակարդակի եւ դարձաւ հարազատ թարգմանը մարդկային տրտմութեան ու թախիծին, յոռետեսութեան եւ անհուն դժգոհութեան խորագոյն, այլեւ ամէնէն իրաւ ապրումներուն։
Եղիա կը հանդիսանայ իր սերունդի ամէնէն աւելի կարդացած եւ կարդացածը իւրացուցած ու իւրովի վերարտադրած գրագէտը։ Կենսագիրները կը պատմեն, որ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ մօտէն ճանչցած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, առիթով մը զինք ներկայացուցած է հետեւեալ վկայութեամբ.¬ «Մեր ազգին մէջ ամէնէն շատ կարդացած մարդն է այս տղան՝ Տէրոյենց պատուելիէն ետք»...
1879ին Ա. Ազատախոհեան գրչանունով Եղիայի կազմած «Փիլիսոփայական Բառարան»ը անվիճելի պատուանդանն է հայ եւ օտար գրականութեանց խոհական հսկաներուն գործերը մարսած եւ իմաստասիրական իր ուրոյն աշխարհայեացքը մշակած Տէմիրճիպաշեան Մտածողին։
Իր ժամանակի հայ լեզուի գեղեցկագոյն աշխարհաբարի մշակներուն յառաջապահն է Եղիա, որ թէ գրական¬գեղարուեստական իր արձակով ուղղութիւն բացաւ, թէ՛ հայերէնէ ֆրանսերէն իր «Բառարան»ով լեզուագիտական ու քերականագիտական կարեւոր ներդրում ունեցաւ արեւմտահայերէնի կատարելագործման մէջ։
Այդ կենսափորձով ալ պատգամեց մեր սերունդներուն.¬ «Իմ նախաբանս եւ իմ վերջաբանս ահա՝ դպրո՜ց»։
Նաեւ՝ հայ լեզուի պաշտամունքը ներարկեց նորերուն.¬ «Ո՞ր ազգն ունի այդ լեզուն, ո՞ր լեզուի մէջ կարող է միտքը այնքան ազա՜տ շրջիլ, հոգին այնքան ազա՜տ թռչիլ, որքան հայ լեզուի մէջ, փայլակին բեկեալ այլ փայլուն գիծն այն արշաւագոյն ո՞ր լեզուն կարող է պատկերացնել, ո՞ր լեզուն Է՝ ուր պարբերութիւնք կրնան մերթ գետի մը չափ երկարիլ, պարբերութիւնք՝ որք սակաւ գետերու նման սկիզբ ունին եւ վախճան, որք բարձրերէն կը բղխին, եւ գունագեղ բուրումնաւէտ դաշտաց ընդմէջէն ադամանդներ հոլովելով կամ ժայռեր գլորելով կþանցնին գոռալով ու գալարելով, եւ ուր որ ուրեմն ի խորս անդր օվկեանին անդնդախոր կը հասնին»։
Բայց յատկապէս կեանքի ունայնութիւնը մերկացնելու, Մահը դարպասելու եւ Տրտմութիւնն ու Թախիծը իբրեւ մարդու ներաշխարհին ամէնէն իրաւ էատարրերը ընկալելու եւ վերծանելու իր գրականութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան իրաւամբ խորհրդանշեց հայ գրականութեան մեծատաղանդ, բայց խելագար Անձնասպանի կերպարը։
Եղիա ծնած էր 1851ին Խասգիւղ, Պոլիս։ Հայ ունեւորներու՝ ամիրաներու թաղամաս էր Խասգիւղ. նաեւ Տէմիրճիպաշեան գերդաստանը այդպիսին եղած էր անցեալին. բայց Եղիայի հայրը համեստ արհեստաւոր մըն էր։ Ան յաճախեց «Ներսէսեան» եւ «Նուպար¬Շահնազարեան» վարժարանները։ Աշակերտեց իր ժամանակի մեծանուն ուսուցիչներուն՝ Թովմաս Թերզեանի եւ Մատաթիա Գարագաշեանի, բայց գիրքերը դարձուց իր բուն ուսուցիչները եւ անյագ ընթերող մը ու ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կատարելագործող անհատականութիւն մը եղաւ։
Կեանքի ասպարէզ մտաւ իրբեւ Օսմանեան Կայսրութեան Հանրային Շինութեանց վարչութեան քարտուղարի, բայց կանուխէն իր մէջ ի յայտ եկած հալածախտի ազդանշանները պատճառ դարձան, որ հրաժարի այդ գործէն եւ ուզէ Ֆրանսա մեկնիլ իր ուսումը շարունակելու համար։ 1874ին կը հասնի Մարսէյլ, ուր ուսման կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ատենի ֆրանսական գրական կեանքին։ 1878ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ թափով կը նետուի հրապարակագրական ասպարէզ. կը հրատարակէ «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» անունով իր սեփական թերթը, նաեւ կþաշխատակցի տարբեր թերթերու։ 1880ականները կը հանդիսանան Եղիայի ամէնէն բեղուն շրջանը։
1889ին մտային անհաւասարակշռութեան ու հալածախտի նոպաները կը սաստկանան եւ կը խորանան յատկապէս մօր մահէն՝ 1890էն ետք։ Կը կատարէ անձնասպանութեան առաջին փորձը՝ Վոսփոր նետելով ինքզինք։ Թէեւ կը փրկուի, բայց այնուհետեւ շարունակ կը մտմտայ անձնասպանութեան մասին։ Այդ շրջանին տեղի կþունենայ նաեւ Ե. Տէմիրճիպաշեանի կեանքին կարեւորագոյն հանդիպում¬դարձակէտը։ Մօր մահէն ետք առանձին կը մնայ Խասգիւղի իր տան մէջ, կþապրի դժբախտ պայմաններու տակ։ Ձմրան օր մը կը հեռանայ ամայացած իր տունէն եւ կու գայ Բերա, ուր պատահմամբ կը թակէ դուռը Հելլէն Նիսսըն անունով հունգարացի կնոջ մը բնակարանին։ Նիսսըն կորսնցուցած էր իր ամուսինը ու տեսնելով Եղիայի խղճալի երեւոյթը՝ կը հիւրընկալէ եւ աթոռ մը կը տրամադրէ անոր վառարանին քով։ Եւ, այնուհետեւ, Եղիայի եւ Նիսսընի միջեւ ծնունդ կþառնէ բարեկամական անքակտելի կապ մը՝ մեծ սէր մը։ Եղիա կը սիրէ Հելլէն Նիսսընը յաւիտենական սիրով, ինչպէս ան կը պարզէ առիթով մը Զուիցերիայէն Նիսսընի ուղարկած իր հետեւեալ նամակով. «Իմ սիրելի ու թանկագին տիկին, երկինք ու երկիր կþանցնին, բայց իմ սէրը քեզի հանդէպ չի մարիր»։
Այդ սէրը մինչեւ ինքնասպան մահուան «դուռ»ը հասցուց Եղիա Տէմիրճիպաշեանին։
1897ին, Եղիա իր մօրաքրոջ օգնութեամբ հեռացաւ Պոլիսէն եւ քանի մը տարի շրջագայեցաւ եւրոպական ոստաններուն մէջ՝ Ժընեւ, Վիեննա, Պուտափեշտ եւայլն։ Բայց միշտ փնտռեց իր «օրհնաբերութեան յօժար հրեշտակին» եւ ի վերջոյ վերադարձաւ Պոլիս եւ բնակութիւն հաստատեց դարձեալ Հելլէն Նիսսնի մօտ։
1901ին անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ. տարուեցաւ Ազգային Հիւանդանոց՝ ատենի հայ մամուլի էջերուն մեծ աղմուկ բարձրացնելով իր խելագարութեան շուրջ։ 1904ին դուրս կու գայ հիւանդանոցէն եւ կը վերադառնայ Նիսսընի։
Հատտէճեան կþեզրափակէ իր յուշը, նշելով թէ Եղիա, գարնանային գեղեցիկ օր մը, օգտուելով Հելլէն Նիսսնի բացակայութենէն, կը կատարէ անձնասպանութեան վերջին փորձը՝ 19 Յուլիս 1908ին, երբ վերջ կու տայ իր կեանքին, կախելով ինքզինք կաշիէ գօտիով մը։ Եղիայի մահէն ետք, Նիսսըն գոց սենեակի մը մէջ կը պահէ բանաստեղծին գրական անտիպ երկերը, ձեռագիրներն ու այլ թանկարժէք թուղթերը։ Օրմանեան Պատրիարքի արտօնութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի թաղումը կը կատարւի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ կանոնական արարողութեամբ։ Մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը թաղուի անձնասպաններու յատկացւած թաղամասին մէջ։ Հետագային Հելլէն Նիսսըն, Դուրեան Պատրիարքի արտօնութեամբ, տեղափոխել եւ թաղել կու տայ Եղիայի մարմինը՝ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան կեդրոնը կանգնեցնելով ուշագրաւ դամբարան մը անոր յիշատակին։
Նման տխուր վախճան ունեցաւ մեծատաղանդ հայ գրողը, որուն գործերը յետ¬մահու հրատակուեցան նախ Փարիզի մէջ, 1955ին, «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշարով, ապա՝ 1986ին Երեւան, իսկ վերջին տարիներուն, Պոլսոյ մէջ, «Մարմարա» օրաթերթին կողմէ իրագործուեցաւ անոր ամբողջական գործերուն հրատարակութիւնը։
Հալածախտը մաշեցուց եւ ի վերջոյ անձնասպանութեամբ վերջակէտ դրաւ տառապագին կեանքին Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, որ 1890ականներուն իսկ ամէն կողմ թշնամիներ կը տեսնէր իր շուրջ եւ կը գրէր.¬ «Ամէն ճշմարիտ հայ, այո՛, տխուր է։ Արձագանգ մþէ որ կը լսեմ ¬ տրտմութիւն»։
Նոյնիսկ դեռ 1883ին, Հրանտ Ասատուրին ուղղուած նամակի մը մէջ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան կը նախազգար իր այսօրինակ վախճանը՝ գրելով.
«Սատանին տիրապետութիւնն անձիս վրայ՝ կþընդարձակի եւս քան դեւս։ Յուսահատութեան իմաստասիրութիւնն ամէն իմաստասիրութիւններէ գերիվեր՝ ինձ համար հրապոյր ունի։ Չգիտեմ ո՛վ կամ ի՛նչ բան զիս այսպէս ըրաւ ¬ բնական տրամադրութի՞ւն մը, բարոյական տառապանքնե՞ր, մարմնի չարչարա՞նք զոր կը կրեն այս ազգին մէջ գրականութեան հետեւողներն, յոյսե՞ր՝ որք ի դերեւ ելան, երազնե՞ր՝ որոնք երազ պիտի մնան յաւիտեան... Չգիտեմ. այդ ամէնն ալ գուցէ միանալով զիս այսպէ՛ս ըրին. հիւանդ, հիւանդ մարմնապէս, այլ մանաւա՛նդ բարոյապէս։ Ինչպէս Պարոնեանի ծիծաղին տակ արտասուք կայ, նոյնպէս իմ ալ արտասուքիս ներքեւ ծիծաղ կայ»...
Եւ այդպէ՛ս, 19 Յուլիս 1908ին, 57 տարեկան հասակին, այլեւս անկարող հաշտ ապրելու կեանքին պարգեւած գեղեցկութիւններուն եւ զգայնութիւններուն հետ, մարմնական իր գոյութեան ինքնասպանութեամբ վերջ տուաւ ու հոգին փրկել որոշեց հայ գրականութեան մեծանուն Խելագարը։
Ն.