- Details
- Category: Յուշատետր
- «Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՛ունենար»,- հաւատացած էր Արա Քըրճըլեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յուլիս 25ի այս օրը, 116 տարի առաջ, Երկիրն Հայոց յեղափոխական իր տարերքին ամէնէն բուռն պոռթկումը ապրեցաւ։
Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց միջեւ երկատուած ու gերեվարուած հայ ժողովուրդը, քաջարի իր յեղափոխականներուն՝ դաշնակցական ֆետայիներու ուժերուն գերագոյն լարումով, պատմութեան թատերաբեմին վրայ իր արժանի տեղը ունենալու իրաւունքը նուաճեց։
- Details
- Category: Յուշատետր
Յուլիս 24ի այս օրը կը լրանայ 90ամեակը Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան, որ սեւ էջ մը բացաւ Հայ Դատի պատմութեան մէջ։
24 Յուլիս 1923ին, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ, ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Արցախեան Ազատամարտի յաղթական դարձակէտներէն՝ վերջին ու վճռորոշ քայլ մը արձանագրուեցաւ Յուլիս 23ի այս օրը, քսան տարի առաջ, երբ աւելի քան տասը օր տեւած բուռն ճակատումներէ ետք, հայ ազատամարտիկները ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին ատրպէյճանական զօրքը եւ իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առին Դաշտային Արցախի ազերիաբնակ Աղդամ քաղաքը։
- Details
- Category: Յուշատետր
«Տղամարդը աւելի շատ գիտի, կինը աւելի լաւ հասկանում է»:
Ինչպէս իր անձնական կեանքին մէջ, նոյնպէս եւ բեմի վրայ կանացի ա՛յս ինքնավստահութեամբ եւ ինքնադրսեւորման փայլուն տաղանդով բարձունք նուաճած դերասանուհին է հայ ժողովուրդի արժանաւոր ծնունդներէն Կալեա Նովենց, որուն մահուան առաջին տարելիցը կ'ոգեկոչենք Յուլիս 22ի այս օրը։