Քսաներորդ դարու հայ գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետը՝ Մարտիրոս Սարեան ատենին ըսած էր.- «Մինաս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով։ Ափսոս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել։ Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր։ Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում։ Հիմա ես արդէն մենակ չեմ։ Դու էլ մենակ չես։ Ուրեմն՝ շարունակել խիզախել։ Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»։

Իսկ հայ դասական երաժշտութեան աշխարհահռչակ հանճարը՝ Արամ Խաչատրեան աւելցուցած էր.- «Մինասի խառնուածքը ուժեղ է, վառ... Լինելով սիմֆոնիկ շնչի արուեստագէտ, նա թատրոն ներխուժեց լայն ու խորը մտքերով։ Նա թատերական նկարչութեան մէջ փոխադրեց իր հզօր սիմֆոնիզմը»։

Մինասի հանճարին վերաբերեալ մեր ժողովուրդին ընդհանուր գնահատականը խտացուց անոր սերնդակից մեծատաղանդ նկարիչը՝ Յակոբ Յակոբեան ու վկայեց.- «Իբրեւ նկարիչ գիտեմ եւ վստահ եմ, որ ամէն մի նկարիչ, կանգնելով Մինասի նկարների առջեւ, այնտեղ տեսնում է իր չարածի, իր չկարողացածի, իր երազածի իրագործումը։ Մինասը մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր, հեռուներից տեսանելի ու հեռաստաններ բացող»։

Հայ մարդու յիշողութեան մէջ այդպէ՛ս կը ներկայանայ Մինասի արուեստը։

Հայկական գեղանկարչութեան առինքնող աշխարհը մեր առջեւ կը բացուի այսօր, Յուլիս 20ին, գեղանկարչական վրձինի հանճարեղ վարպետին՝ Մինաս Աւետիսեանի ծննդեան 85ամեակին առիթով։

Այո՛, Մինասը այսօր նոր 85 տարեկան պիտի դառնար, եթէ 3՛8 տարի առաջ չսպաննէին զինք՝ օր ցերեկով, Երեւանի կեդրոնը, Աբովեան փողոցի մայթին վրայ խուժած եւ Մինասը զգետնած ինքնաշարժով։

Մինասը Շիրակի մարզի փոքրիկ Ջաջուռ գիւղի զաւակ էր, ծնած էր 20 Յուլիս 1928ին։ Հայրը մշեցի էր, Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Ջաջուռ հաստատուած դարբին Կարապետ Աւետիսեանն էր։ Մայրը՝ Սոֆոն, Կարսէն գաղթած քահանայի դուստր էր։ Հողի մշակման եւ գիւղական աշխարհի լուսաւորման նուիրուած պարզ, այլեւ հայու իրենց արմատներուն փարած մարդիկ էին ծնողները։

Եւ Մինաս Ջաջուռի բնութենէն ու ջաջուռցիներու յուզաշխարհէն վերցուց իր երանգապնակին ողջ հարստութիւնը՝ գոյներու շռայլանքն ու խստաբիբ աշխարհայեացքը, լոյսի եւ ստուերի խոր հակադրութիւններն ու թանձրացեալ ընդելուզումները, մէկ կողմէ անհուն սիրոյ ու բարութեան եւ միւս կողմէ դառնութեան ու ընդվզումի միջեւ բուռն ալեկոծումները։

Ի վերուստ նկարչի տաղանդով օժտուած ըլլալով հանդերձ, Մինաս որոշեց երկար ճամբայ կտրել՝ գեղանկարչական իր պատրաստութիւնը, գիտութիւնն ու հմտութիւնը ուսման միջոցաւ կատարելագործելու համար։

Երեւանի մէջ Փանոս Թերլեմէզեանի անուան Գեղարուեստական Վարժարանը եւ Գեղարուեստաթատերական Հիմնարկը աւարտելէ ետք, 1953ին, Մինաս մասնագիտական ուսման հետեւեցաւ Լենինկրատի Ռեպինի անուան Գեղարուեստական Ակադեմիային մէջ՝ 1960ին վկայուելով պատուոյ յիշատակութեամբ։

Եթէ երեւանեան ուսման տարիները Մինասի առջեւ լայն բացին հայկական մանրանկարչութեան անսահան աշխարհը, լենինկրատեան տարիները Մինասին զինեցին իտալական Վերածնունդի նկարչութեան խոր ճանաչողութեամբ եւ գեղարուեստական ինքնակատարելագործումով։

Վերադառնալով Երեւան, Մինաս նուիրուեցաւ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի։ Նոյն տարին իսկ տուաւ իր անհատական առաջին ցուցահանդէսը՝ ռումբի պէս ցնցիչ ազդեցութիւն գործելով արուեստասէր հասարակութեան վրայ։ Առաջին այդ քայլէն իսկ արուեստի քննադատները բաժնուեցան հակադիր ճամբարներու՝ Մինասի արուեստին եւ տաղանդին գնահատման հարցին շուրջ։ Պաշտօնական քննդատութիւնը երկար ժամանակ փորձեց անտեսել եւ լուսարձակներէ հեռու պահել Մինասի ստեղծած գործերը, բայց ժամանակը քայլ առ քայլ յաղթահարեց արուեստականօրէն Մինասի երթը արգելակել փորձող այդ պատուարները։

Հանճարեղ այնպիսի՜ շունչ եւ թռիչք կար Մինասի ստեղծագործութեան մէջ, որ իշխանութիւնները ակամայ պատուհանները բացին աշխարհին առջեւ՝ ճանչնալու եւ ըմբոշխնելու համար Մարտիրոս Սարեանի արժանաւոր այս ժառանգորդին գեղանկարչութիւնը։

Միայն 15 տարի տեւեց Մինասի ստեղծագործական յաղթարշաւը՝ 1960էն մինչեւ 1975ի իր ողբերգական վախճանը։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի Մինաս ձեռնամուխ ըլլայ գեղանկարչութեան բոլոր ճիւղերու մէջ ինքնադրսեւորման եւ ինքնահաստատման արգասաբեր ստեղծագործութեան։ Դիմանկարչութիւն եւ բնանկարչութիւն, գծանկար եւ որմնանկար, բեմանկարչութիւն եւ շարժապատկերի նկարչութիւն՝ բոլոր ուղղութիւններով Մինաս իր ներդրումը ունեցաւ եւ բարձրարժէք գործերով հարստացուց հայ ժողովուրդի մշակութային գանձարանը։

Հայրենի գիւղաշխարհը, իր վառ գոյներով եւ խորաշունչ պահերով, անսահման հորիզոններ բացաւ Մինասի վրձինին առջեւ։ Եւ հանճարեղ ջաջուռցին իր մէջ մթերուած ամբողջ հարստութիւնը վերածեց գոյնի եւ լոյսի ու, իբրեւ հայկական նշխարհ, բաշխեց մարդկութեան։ Մինասի գեղանկարչութեան մէջ տիրապետող եղաւ ինչպէս Ջաջուռի բնանկարներով հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւնը, նոյնպէս եւ իր մօր կերպարով հայոց մայրական աշխարհի խորախորհուրդ յուզաշխարհը։

Յատուկ լուսարձակի արժանի է, մանաւա՛նդ, Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակին առիթով, Մինասի ստեղծած նկարաշարքը՝ «Ճանապարհ. ծնողներիս յիշողութիւնները» եւ «Դէր¬Զօրի ճանապարհին» անուանումներով։

Մինաս յաջողեցաւ իր ստեղծած արուեստին եւ ընտրած ուղղութեան նկատմամբ յարգանք պարտադրել նաեւ պաշտօնական Երեւանին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր սրտին եւ հոգիին մէջ անխորտակելի գահի արժանացուց մեծատաղանդ նկարիչին։ Ան դարձաւ ոչ միայն Հայաստանի նկարիչներու միութեան գործօն անդամ եւ անոր նախագահութեան մղիչ ուժը, այլեւ՝ գաղափարական իր հիմնարար ներդրումը ունեցաւ 1960ականներու հայրենի մտաւորականութեան ազգային զարթօնքին մէջ։

Բայց դժբախտութիւնը կամ անհանդուրժողութեան չարիքը շատ շուտ հարուածեց իր ծաղկման փուլը թեւակոխած Մինասին։ 1972ին ան ապրեցաւ նկարիչի մը վիճակուած դաժանագոյն եւ դառնագոյն ողբերգութիւնը, երբ հրդեհը հրոյ ճարակ դարձուց անոր աշխատանոցը՝ աւելի քան 300 աւարտուն գործերու փճացման պատճառ դառնալով։ Մինաս երկար ամիսներ չկրցաւ վերագտնել իր ստեղծագործական թափը։ Բայց իր ներքին կրակը աւելի զօրաւոր էր եւ կրցաւ յաղթահարել այդ հարուածն ալ։

Մեր ժամանակներու հայ գեղանկարչութեան լուսապսակ այս Գագաթը, սակայն, անզօր եղաւ յաղթահարելու շնչաւոր իր մարմնին հասցուած մահացու հարուածը 16 Փետրուար 1975 ին, երբ «պատահական» ինքնաշարժի «արկած»ի տակ ֆիզիքապէս զգետնուեցաւ... մինչեւ որ 23-24 Փետրուարին առյաւէտ փակուեցան բոլոր ժամանակներու հայոց աշխարհի գոյներն ու լոյսի խաղերը այնքան խորութեամբ խտացուցած աչքերը անզուգական Մինասի։

Բայց միայն մարմնապէս հայ կեանքէն կրցան հեռացնել Հայաստանի գոյներուն եւ հայոց յուզաշխարհին հանճարեղ վարպետը։

Թէեւ դեռ չէր բոլորած 47 տարիքը եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր բազմադարեան հայ մշակոյթին, Մինաս ստեղծեց արուեստ մը եւ շնչաւորեց աշխարհ մը, որ հայկական գեղանկարչութեան հարազատ ակունքներէն առաւ իր անմահական թռիչքը։

Այդպէ՛ս «Մինասը ստեղծեց իր աշխարհը՝ աշխարհի համար... Լինելով մեծ անհատ, Մինաս Աւետիսեանը իր ազգի ողբերգութիւնը եւ աշխարհի մեղքը վերցրեց իր վրայ եւ տառապելով ստեղծեց իր արուեստը»: 

Ն.