Յուլիս 6ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայոց հոգեմտաւոր հարստութեան ու Զարթօնքին արդի ժամանակներու Նահապետին՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։

Յուլիս 4էն 5ի լուսցող գիշերը, 105 տարի առաջ, այս աշխարհէն առյաւէտ բաժնուեցաւ հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը՝ Միսաք Մեծարենց։ Գեղեցիկի պաշտամունքը կատարելութեան հասցնող բառերու, պատկերներու եւ զգայնութիւններու առինքնող աշխարհ մը արարեց Մեծարենց, որ ճակատագրուած էր ապրելու միայն 22 տարի...

1926ի յուլիսեան այս օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 4 Յուլիսին, Իզմիրի մէջ, քաղաքի տարբեր հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանուեցան 13 թուրք քաղաքական-պետական գործիչներ, որոնք պատասխանատու հռչակուած էին Քեմալ Աթաթուրքի դէմ կազմակերպուած մահափորձի մը։

Յուլիս ամսու առաջին այս օրերուն, 100 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը ներկուեցաւ ազգային փոքրամասնութեանց պատկանող քաղաքացիներու, յատկապէս հայերու եւ յոյներու արեամբ։

Յուլիս 1ը, 18 տարի առաջ, անմոռանալի օր մը դարձաւ Սփիւռքի հայութեան համար։

Աշխարհի չորս ծագերէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսանիստ մայրավանքը՝ Անթիլիաս հաւաքուած էին հայ ժողովուրդի աշխարհական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչները, նաեւ տարբեր եկեղեցիներու եւ պետութեանց պաշտօնական պատուիրակները, որպէսզի հանդիսաւորապէս մասնակից եւ վկայ դառնան ազգընտիր նոր կաթողիկոս Արամ Առաջինի սրբամիւռոն օծման։