Քսաներորդ դարու հայ գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետը՝ Մարտիրոս Սարեան ատենին ըսած էր.- «Մինաս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով։ Ափսոս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել։ Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր։ Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում։ Հիմա ես արդէն մենակ չեմ։ Դու էլ մենակ չես։ Ուրեմն՝ շարունակել խիզախել։ Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»։

Հայ արդի գրականութեան արձակ բանաստեղծութեանց ոսկեմատեանին մէջ իր անմահ տեղը ունի «Ստուերները» խորագրով խռովիչ էջ մը, որ կը պատգամէ հայոց սերունդներուն.-
«Գեղեցկութիւնները ծածկուած են ստուերներով. ստուեր կայ կեանքի ամէն երեւոյթի վրայ։
«Արշալոյսները ստուերներու ծոցէն կը պատռին, ինչպէս շուշանները՝ կոկոններէն։

Յուլիս 17ի այս օրը, 196 տարի առաջ, Սեւ ծովու ափին, Խրիմի Թէոտոսիա հայաբնակ քաղաքին մէջ, ծնաւ Յովհաննէս անունով հրաշք մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայկեան Հանճարին աշխարհահռչակ ճառագայթումներէն մէկը՝ իր Այվազովսքի ազգանունով խորհրդանշելով ծովանկարչական արուեստին

Յուլիս 16ի այս օրը, 87 տարի առաջ, արտակարգ ու մեծ եռուզեռ կար Փարիզի հայոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Բազմահազար հայորդիներ խուռներամ հաւաքուած էին՝ հանդիսաւորապէս բացումը կատարելու համար Հայ Լեգէոնականներու յիշատակին նուիրուած Յուշարձանին։
16 Յուլիս 1926 թուականն էր. հին Եւրոպան ու Մերձաւոր Արեւելքը աւերած ու հիմնովին նոր սահմանագծումներու ենթարկած Առաջին Աշխարհամարտի

«Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքը զինքը ուղղել»:
Նման պատգամներու բանբերն է հայ գրականութեան անմահներէն Արշակ Չօպանեան, որուն ծննդեան 141րդ տարեդարձը կը յուշենք Յուլիս 15ի այս օրը։