Յուլիս 16ի այս օրը, 87 տարի առաջ, արտակարգ ու մեծ եռուզեռ կար Փարիզի հայոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Բազմահազար հայորդիներ խուռներամ հաւաքուած էին՝ հանդիսաւորապէս բացումը կատարելու համար Հայ Լեգէոնականներու յիշատակին նուիրուած Յուշարձանին։
16 Յուլիս 1926 թուականն էր. հին Եւրոպան ու Մերձաւոր Արեւելքը աւերած ու հիմնովին նոր սահմանագծումներու ենթարկած Առաջին Աշխարհամարտի ցնցումը տակաւ «մարսելու» ժամանակաշրջանն էր. փուլ եկած էին կայսերական Գերմանիան եւ Աւստրօ¬հունգարական թագաւորութիւնը, Ցարական ու Օսմանեան Կայսրութիւնները. Պալքաններէն մինչեւ հիւսիսային Ափրիկէ եւ Արաբական Թերակղզի ու կեդրոնական Ասիա, կեանքի կոչուած էին նոր ազգ¬պետութիւններ եւ թափով ընթացքի մէջ դրուած էր նոր գաղթատիրութիւնը՝ այսպէս կոչուած բրիտանական եւ ֆրանսական հոգատարութեան աշխարհակարգը...
Հայ ժողովուրդը նուաճած էր եւ իսկոյն, նոյն գաղթատիրական մրցապայքարներու հուժկու ալիքին տակ, կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը։ 28 Մայիս 1918ին ստեղծուած, բայց երկուքուկէս տարի ետք կործանած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Նմանօրինակ ճակատագիր ունեցած էր թրքական տիրապետութենէն ազատագրուած եւ ինքնավարութիւն հռչակած էր հայկական Կիլիկիան, որ սակայն ֆրանսացիներու դիմաշրջումով եւ քեմալականներու հետ մերձեցումով՝ ոչ միայն շուտով կորսնցուցած էր իբրեւ հայկական պետականութիւն ապրելու իր գոյութեան իրաւունքը, այլեւ ամբողջապէս կործանած էր իբրեւ հայկական տարածք։
Ահա նման ժամանակներու մէջ, 1926ի Յուլիս 16ին, բազմահազար վերապրող հայեր, Փարիզի հայոց եկեղեցւոյ բակը հաւաքուած, պաշտօնական¬պետական հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարեցին Հայ Լեգէոնականներու նահատակաց յիշատակին կառուցուուծ յուշարձանին։
Գասպար Իփէկեան կը յուշէ, որ Յուշարձանի կառուցման ձեռնարկողը Հայ Կամաւորներու Միութիւնն էր. յուշարձանին հեղինակը Նշան Թուր Ամերիկահայն էր. «բացումէն առաջ՝ հոգեհանգիստ, ի ներկայութեան ֆրանսացի բարձրաստիճան հրաւիրեալներու։ Բանախօս՝ Պալագեան Եպիսկոպոս, Ս. Սվաճեան, Ա. Չօպանեան եւ այլն։ Հիւրերուն ժամելքին՝ դրօշներ կը սկսին խոնարհիլ։ Եւ մինչ նուագախումբը «Մարսէյէզ»ը կը հնչեցնէ, Սէնի հրամանատարը՝ Լակռիւ, արձանը քողամերկելով, ֆրանսական ազգին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ պատուոյ դաշտին վրայ ինկած հայ կամաւորներուն, ի դիմաց Զօր. Կուռոյի։ Ծովածաւալ բազմութիւն»։
Որո՞նք էին Հայ լեգէոնականները։
Պատմութեան ծանօթ է, որ Առաջին Աշխարհամարտի բուռն պահու մը, Դաշնակիցները որոշեցին կեանքի կոչել աշխարհազօրային Լեգէոն մը, որ ֆրանսացի եւ անգլիացի սպաներու հրամանատարութեան տակ պիտի հաւաքագրէր արաբ, հայ եւ թրքական տիրապետութեան դէմ պայքարող այլազգի կամաւորներ, Դաշնակիցներու կանոնաւոր զօրքերուն կողքին կռուելու համար գերմանեւթուրք բանակներուն դէմ։
1916ի Հոկտեմբեր 27ին, Ֆրանսայի ու Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնները, Փարիզի Հայ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպարի մասնակցութեամբ, Լոնտոնի մէջ համաձայնութեան եկան (Սայքս-Փիքօ Համաձայնագրի ծիրին մէջ) կազմելու հայ, ինչպէս նաեւ արաբ կամաւորներէ բաղկացած Արեւելեան Լեգէոն անունով զօրամիաւոր մը, որ իբրեւ օժանդակ ուժ պատերազմի տարիներուն, ֆրանսական բանակի կազմին մէջ, պիտի կռուէր բացառապէս ասիական Թուրքիոյ մաս կազմող Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ տարածքին։
Համաձայնագիրը կը նախատեսէր, նաեւ, որ թուրքերու դէմ յաղթանակէն յետոյ, իբրեւ քաղաքապահ ուժ, Լեգէոնը պիտի ապահովէր ¬ ֆրանսական հովանաւորութեան ներքեւ ¬ Կիլիկիոյ ինքնավարութիւնը: Արեւելեան Լեգէոնի կազմակերպման ծախսերը իր վրայ պիտի վերցնէր ֆրանսական կառավարութիւնը, որ պիտի հոգար նաեւ կամաւորներու տեղափոխման ճանապարհածախսը, հիւանդութեան ու հաշմանդամութեան ծախսերը: Կամաւորները, որոնք պէտք է ներկայացնէին լաւ վարքի վկայական, պիտի մարզուէին եւ ղեկավարուէին ֆրանսացի սպաներու եւ ենթասպաներու կողմէ։ Կամաւորները պիտի վարձատրուէին ֆրանսացի զինուորներուն պէս, պիտի ստանային նոյն պարէնը:
Լեգէոնը սկզբնապէս հաստատուեցաւ Կիպրոսի Մոնարկա ծովեզերեայ սարահարթին վրայ, ուր ժամանեցին Մարսէյլի, Պորտոյի եւ Փոր Սայիտի Դաշնակից գրասենեակներուն մէջ արձանագրուած՝ տարբեր վայրերէ եկած հայ կամաւորները:
Սայքս-Փիքոյի Համաձայնագրին մէջ նշուած էր. «1. Որ կամաւորները ո՛չ Ֆրանսական, ո՛չ ալ Եւրոպական ուրիշ ճակատներու վրայ պիտի կռուին, այլ միայն ու միայն ասիական Թուրքիոյ մէջ պիտի գործածուին՝ իրենց դարաւոր թշնամիին դէմ պատերազմելու եւ ազատագրելու իրենց մայրենի հողը: 2. Որ՝ Ֆրանսա, Դաշնակիցներու յաղթանակէն յետոյ, պիտի նուիրուի Կիլիկիոյ ինքնավարութիւն ապահովելու գործին, իր հոգատարութեան ներքեւ»:
1916ի Նոյեմբերի 26ին հիմնուեցաւ օսմանեան հպատակներէ կամաւոր հիմունքներով հաւաքագրուած Արեւելեան Լեգէոնը: Կամաւորագրումը սկսաւ Եգիպտոսի մէջ եւ առաջին միաւորին կորիզը կազմեցին 600 մուսալեռցիներ (Ֆրանսայի շնորհիւ Մուսա Լեռէն Փոր Սայիտ ապաստանածներէն)։ Անոնց միացան նաեւ 300 եգիպտահայեր, ինչպէս նաեւ օսմանեան բանակէն ու այլ վայրերէ փախստական 236 հայեր:
Կամաւոր լեգէոնականներու շարժումը մեծ ոգեւորութիւն առաջացուց տարագիր հայութեան, յատկապէս՝ ամերիկահայութեան մօտ: Կարճ ժամանակի մէջ, ընդամէնը վեց ամիսէն (1917ի Յունիսէն մինչեւ 9 Նոյեմբեր), ֆրանսական հովանաւորութեան տակ սկսած կամաւորական շարժումին մասնակցելու նպատակով արձանագրուեցան 5000 ամերիկահայեր, սակայն փոխադրական միջոցների սղութեան պատճառով (մէկ-երկու մեծ փոխադրանաւ տրամադրելու փոխարէն յատկացուեցան առաւելապէս եօթը տասնեակ մարդ փոխադրող, ոչ բաւարար տարողութեան 17 բեռնակիր նաւեր), մեկնելու հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ ընդամէնը 1172ին (որոնցմէ վերապրեցաւ ընդամէնը 250 լեգէոնական հայ), իսկ մնացեալը հետագային զինուորագրուեցաւ Ամերիկեան Բանակին՝ կռուելով Գերմանիոյ դէմ արեւմտեան ճակատներուն վրայ:
Հայ Լեգէոկաններու իրապէս բախտորոշ ռազմական ներդրում ունեցան, արեւելեան ճակատի վրայ, Դաշնակիցներու յաղթանակին կերտումին մէջ։ Այդ հիման վրայ ալ, Դաշնակից տէրութիւնները հայ ժողովուրդին հռչակեցին իրենց «փոքրիկ դաշնակիցը»:
Հակառակ այդ ներդրումին եւ հարիւրաւոր հայ կամաւորականներու անսակարկ նուիրումին ու նահատակութեան, Դաշնակիցներն ու այդ շարքին ֆրանսացիները մոռցան իրենց «փոքրիկ դաշնակից»ը, երբ 1922ին Կիլիկիան պարպելու որոշումը տուին՝ ընդառաջելով Քեմալի հետ մերձեցման քաղաքականութեան։
Բայց Հայ Լեգէոնականները պատմութիւն կերտած էին եւ Յուլիսի այս օրը, 1926ին, Փարիզի հայոց եկեղեցւոյ բակը հաստատուած յուշարձանին բացումը, եկաւ շօշափելի վկայութիւնը դառնալու պատմական այդ մեծ քայլին։
Եւ զարմանալի չէ, որ 1918ի Սեպտեմբերին, երբ Արարայի ճակատամարտին հայ լեգէոնականները պարտութեան մատնեցին թուրք-գերմանական զօրքերուն, գերեվարուած թուրք հազարապետ մը՝ զարմանալով, որ իրենց յաղթողները ֆրանսական զօրքի համազգեստով հայեր են, յայտարարած է.
¬ «Միթէ դեռ հայ կա՞յ աշխարհի երեսին, մաշալլահ, մաշալլահ, ձեր ազգը երբեք չի մեռնիր ուրեմն»:
Իր աշխարհատարած հզօր Սփիւռքով եւ, յատկապէս, իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեամբ, վերապրող հայութիւնը անլռելի վկան է ոչ միայն այն փաստին, որ Հայ Ազգը չի՛ մեռնիր, այլեւ՝ Ցեղասպան Պետութենէն մեր ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն ամբողջական հատուցումը իրականացնելու եւ ամէնգնով արդարութեան հասնելու վճռական պահանջատիրութեան։

Ն.