Սեպտեմբեր 3ին, 185 տարի առաջ, ներկայիս իբրեւ Ատրպէյճան ճանչցուած երկրի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Շամխոր քաղաքին մէջ, իր աւարտին հասաւ 18րդ դարուն սկսած եւ մինչեւ 1929 թուականը շարունակուած ռուս-պարսկական երկարատեւ պատերազմին կարեւորագոյն ու վճռորոշ ճակատամարտներէն մէկը՝ ռուսական զօրքերու եւ անոնց յառաջապահ ուժը կազմող հայ կամաւորականներու փայլուն յաղթանակով։

2 Սեպտեմբերը, 22 տարի առաջ, պատմական նշանակութեամբ բախտորոշ դարձակէտ մը խորհրդանշող թուական դարձաւ հայոց պատմութեան մէջ։

14 Օգոստոսին, 117 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոնստանդնուպոլիսը թատերաբեմ դարձաւ քաղաքական ահաբեկչութիւններու պատմութեան մէջ աննախադէպ գործողութեան մը։

Օգոստոս 13ի այս օրը կը լրանայ մահուան հարիւրամեակը հայ մտքի եւ գրականութեան բազմադարեան հարուստ աւանդին նուիրեալ պահապաններէն ու արժանաւոր մշակներէն Գէորգ Բարխուդարեանցի։
Գրող եւ թարգմանիչ, բանասէր ու հրապարակագիր, այլեւ մեծավաստակ հայ ուսուցիչի աւանդապահ դէմքն է Գէորգ Բարխուդարեանց, որ 19րդ դարու

12 Օգոստոսին, 116 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, մատնութեան հետեւանքով թուրք ոստիկաններու կողմէ պաշարուեցաւ հայ յեղափոխականի «անձնուէր ու աննման» տիպար մը՝ Զաւէն ծածկանունով եւ Յակոբ Գարակէօզեան աւազանի անունով։
Թուրք ոստիկններուն արձակած անձնատուր ըլլալու հրահաններուն՝ 24ամեայ Զաւէն պատասխանեց ատրճանակի կրակով եւ, բառացիօրէն մինչեւ վերջին