3 Օգոստոսին կը նշենք ծննդեան 110ամեակը սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն տաղանդաւոր արժէքներէն, այլեւ հայոց սփիւռքեան ինքնահաստատման երթին ամէնէն մարգարէաշունչ ու խորախորհուրդ պատգամաբերներէն Շահան Շահնուրի։

«Այս բռնութիւնը երկար չի տեւի, Խ.Ս.Հ.Մ.ը լի է բանտերով եւ ճամբարներով, այն դատապարտուած է կործանման: Չարութեան կայսրութիւնը վերջապէս կը քանդուի: Իշխանութիւնը, որը պահւում է դաւաճանների միջոցով, գոյութեան իրաւունք չունի: Կը գայ նոր դարաշրջան, եւ հայը նորից կը դառնայ իր երկրի տէրը: Ճշմարտութիւնը կը յաղթի, եւ ինձ վերջապէս կը հասկանան, բայց, ցաւօք, ես արդէն չեմ լինի»:

Յուլիս 31ի այս օրը, 66 տարի առաջ, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, 76 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, առյաւէտ փակուեցան աչքերը բժիշկ Համօ Օհանջանեանի։

Հայ ժողովուրդը կորսնցուց միասնական իր յարգանքին եւ համաժողովրդային պաշտամունքին արժանացած մեծ առաքեալ մը, որուն շիրիմին վրայ գրուեցաւ՝ «Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»։

Հայկական Հարցի միջազգայնացումը, արդի ժամանակներու հասկացողութեամբ, իրաւական իր հունաւորումը ստացաւ 1878ի Պերլինի Վեհաժողովին, որուն «կնքահայր»ը ատենի եւրոպական մեծ տէրութեան՝ Կայսերական Գերմանիոյ «երկաթեայ վարչապետ» Օթթօ ֆոն Պիսմարքն էր։

29 Յուլիս (հին տոմարով Յուլիս 16ին) 1904ին, Թաւրիզի վրայով Թիֆլիսէն Ժընեւ՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին ուղարկուած հեռագիր մը կը տեղեկացնէր.

«Հայ յեղափոխականների երկու խումբ, բաղկացած 61 հոգուց, որոնց թւում եւ մի հասակաւոր քահանայ, մի բժիշկ, վիրաբոյժ, Մոսկուայի համալսարանի երկու ուսանող եւ բաւականաչափ ուրիշ ինտելիգենտ անձինք, Յուլիս 15/28ի գիշերը կռուի են բռնւում՝ Զարդանիս գիւղի աւերակների մօտ,