Օգոստոս 10ին, 1920ին, Հայաստանն ու հայութիւնը ապրեցան պատմութեան աստեղային պահերէն մէկը։
Օգոստոս ամսու 10րդ օրը, 93 տարի առաջ, ֆրանսական Սեւր քաղաքին մէջ, պետական հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։

Օգոստոս 8ին, 21 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը կորսնցուցին հայակերտ Արծուաշէնը, որ Արցախեան Ազատամարտի ամբողջ տեւողութեան հերոսաբար մաքառած էր ազերիական ասպատակումներուն դէմ, բայց որ պատերազմի վերջին փուլին ինկաւ թշնամիի գրաւման տակ։

Օգոստոս 7ի այս օրը կը լրանայ մահուան 78րդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծատաղանդ դասականներէն Ալեքսանդր Մովսիսեանի, որ արեւելեան կողմն Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ ծնած ըլլալով, գրչանուն ընտրեց Շիրվանզադէն (Շիրվանի Զաւակ) եւ այդ անունով իր բարձունքը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։

Օգոստոս 6ի այս օրը, 99 տարի առաջ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ապագային հաշւոյն, Դաշնակցութիւնը ընտրեց ծայր աստիճան դժուարին, այլեւ պատմական մեծ նշանակութեամբ պատասխանատու դիրքորոշում մը։

«Մարդս որ աշխարհիս մէջ կը թաւալի ու կեանքի պատերազմը կը մղէ, պիտի տեսնէ պայծառ ու զուարթ օրեր, այլեւ շատ անգամ՝ անձրեւոտ օրեր. հողմ ու փոթորիկ պիտի փչեն ու կայծակ պիտի գոռայ, ու սլաքներ ու ռումբեր պիտի գոռան չորս կողմը, եւ երբեմն ալ պիտի հարուածեն զինքը։