Յատկապէս մեր օրերուն համար ուսանելի կարեւոր դասեր կը յուշէ պատմական Օրինակը Ցարական Կայսրութեան Հերոսի ու «Սրտի Դիկտատոր»ի փառքը նուաճած հայազգի զօրավար կոմս Լոռիս-Մելիքովին, որուն մահուան 125րդ տարելիցը կը լրանայ Դեկտեմբեր 13ի այս օրը։

Հայկական Հարցի միջազգայնացման առաջին փորձերու եւ մեծապետական շահագրգռութեանց խմորումներու ակունքին կանգնած մեծահռչակ դէմք է Միքայէլ Լոռիս-Մելիքովը, որ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, Դեկտեմբեր 1888ի այս օրը, 63 տարեկանին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։

Ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ հայ ժողովուրդի ռազմաքաղաքական տաղանդին բացառիկ ծնունդ մը եղաւ Լոռիս-Մելիքով։ Իսկ Ցարական Ռուսաստանի պետական պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ, իբրեւ զինուորականի արտակարգ տաղանդով, հերոսի անընկճելի քաջութեամբ եւ քաղաքական բարեկարգիչի մեծ իմաստութեամբ օժտուած անհատականութիւն, ռուսահայ ականաւոր գործիչը նուաճեց իր ժամանակի գլխաւոր դէմքերէն մէկը ըլլալու պատուանդանը։

Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ զօրավար Լոռիս-Մելիքովի անունը յաւերժացաւ՝ իբրեւ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմին ցարական յաղթանակին կերտիչն ու հայկական նահանգներու բարեկարգման պահանջին դրօշակիրներէն մէկը։

Իսկ Ցարական Ռուսաստանի պատմութեան մէջ ան գրաւեց մնայուն տեղ մը ոչ միայն իբրեւ ռազմական մեծ հերոսի, այլեւ՝ իբրեւ սահմանադրական բարեկարգումներու իմաստուն պաշտպանի եւ պետական ղեկավարի, որ արժանացաւ «Սրտի Դիկտատոր» տիտղոսին։

Ցարական Ռուսաստանի անուանի «Կոմս»ը սերած էր Թիֆլիսի հայ ազնուական (մելիքական) յայտնի՝ Լոռիս-Մելիքովներու տոհմէն։ Կենսագրական աղբիւրները կը հաստատեն, թէ՝

«Պահպանուած աւանդութիւնների համաձայն՝ «Լոռիս-Մելիքովների տոհմը սկիզբ է առնում 16րդ դարի հայ ազնուական մի տոհմից, որն իրանա-թուրքական պատերազմների հետեւանքով Հայաստանից փախել է Վրաստան ու ծառայութեան անցել Լուարսաբ Առաջին վրաց թագաւորի մօտ: Հետագայում այն ստացել է Լոռու մարզը՝ ի տնօրինում, ինչպէս նաեւ մելիքի՝ այդ տեղանքի պրիստավի ժառանգական պաշտօնը:

«1602թ. Մ.Տ. Լոռիս-Մելիքովի նախնիները՝ Լոռու մելիքներ Նազար եւ Դայ Քալանթարովները («քալանթար» բառից, որ պարսկերէն նշանակում է կառավարիչ) Պարսից շահ Աբասից ֆիրման ստացան, որը հաստատում էր նրանց‘ Լոռու մարզի սեփականատէրեր լինելու ժառանգական իրաւունքները:

«Հետագայում նրանց յետնորդները տեղափոխուեցին Թիֆլիս, որտեղ ազնուականութեան շարքում ծառայութեան են նշանակւում Վրաց (Քարթլի-Կախեթի) արքունիքում՝ Լոռիս-Մելիքով, այսինքն՝ «Լոռու մելիքներ» ազգանուամբ: Լոռիս-Մելիքով ազգանունը հայկական «Լոռու մելիք»ի վրացականացուած (հետագայում նաեւ ռուսացուած) տարբերակն է»:

Միքայէլ Տարիէլի Լոռիս-Մելիքովը ծնած էր Թիֆլիս։ Հայրը՝ Տարիէլը յաջողած առեւտրական էր։ Միքայէլ կրթութիւնը ստացաւ Մոսկուայի եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ, հետեւելով նախ՝ Արեւելեան Լեզուներու Լազարեան Հիմնարկութեան, ապա՝ Ռազմական Գվարդիայի Կադետական դպրոցի դասաւանդութեանց։

Ուսման աւարտին անմիջապէս զինուորական ծառայութեան անցաւ ռուսաց կայսերական բանակին մէջ եւ 1847ին ուղարկուեցաւ Կովկաս, ուր ծառայեց շուրջ 20 տարի՝ ցուցաբերելով «հիասքանչ հեծելազօրային սպայի եւ մեծակարող վարչարար»ի ուշագրաւ կարողութիւններ։ Իր այդ ընդունակութեանց շնորհիւ ան կրցաւ տեղացի ռազմասէր բնակչութիւնը խաղաղեցնել եւ բոլորի վստահութեան ու համակրանքին արժանանալ։

1877-78 թուականներու Ռուս-Թրքական պատերազմի ժամանակ հեծելազօրի զօրավար Լոռիս-Մելիքով հանդիսացաւ առանձին բանակային զօրաբաժնի հրամանատարը, որ Օսմանեան Կայսրութեան զօրքերուն դէմ պատերազմեցաւ Հայկական Լեռնաշխարհի տարածքին, իր հրամանատարութեան տակ համախմբելով նաեւ հայ աշխարհազօրայինները։ Անոր հռչակը տարածուեցաւ Արտահանի ամրոցին գրաւումէն ետք, բայց հայազգի զօրավարին աստղը փայլեցաւ յատկապէս թրքական բանակի առասպելական զօրավար Մուխթար Փաշայի դէմ անոր արձանագրած ջախջախիչ յաղթանակէն ետք, Ալաջայի մերձակայքը։ Զօրավար Լորիս-Մելիքով ոչ միայն ջախջախեց թրքական բանակն ու անոր անուանի զօրահրամանատարը, այլեւ՝ արագ գրոհով, գրաւեց Կարսը եւ, ապա, պաշարեց Էրզրումը։

Իր այս ծառայութեանց համար էր, որ հայ զօրավարը Ռուսաց Ցարէն ստացաւ «Կոմս»ի տիտղոսը։ Իսկ Ալաջայի ճակատամարտին իր ցոյց տուած քաջութեան համար, անոր շնորհուեցաւ 2րդ աստիճանի Սուրբ Գէորգի շքանշան։

Պատերազմի աւարտէն ետք Լորիս-Մելիքով դարձաւ Ստորին Վոլկայի զօրավար-նահանգապետը, ապա՝ իբրեւ պաշտօնի բարձրացում, փոխադրուեցաւ Կեդրոնական Ռուսաստան եւ նշանակուեցաւ Խարքովի նահանգապետ։

Վարչարարական եւ քաղաքական յաջողութիւնները միշտ հետեւեցան քաղաքական ասպարէզ նետուած հայազգի գործիչի պետական վերելքին։ Թէեւ ամէնուր ան հռչակուեցաւ իբրեւ երկրէն ներս թափ առած ահաբեկչութեան դէմ խիստ պայքար մղող կառավարիչ, այսուհանդերձ՝ ան միաժամանակ իր անունին միացուց ցարական վարչամեքենայի սանձարձակութեանց դէմ պայքարողի եւ սահմանադրական կարգերու ջատագովի վարկ։

Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ ղեկավարը Ռուսական Կայսրութեան «Գերագոյն Գործադիր Յանձնաժողովին», որ ստեղծուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ 1880ի Փետրուարէն ետք, երբ ընդյատակեայ յեղափոխական-ահաբեկիչներու կողմէ անյաջող մահափորձը կատարուեցաւ Աղեքսանդր Բ. ցարին դէմ։ Յանձնաժողովը կոչուած էր երկիրը քաղաքականապէս դուրս բերելու ներքին խռովութեանց ոլորապտոյտէն եւ, այդ ուղղութեամբ, Լոռիս-Մելիքով ցուցաբերեց իր վարչարարական մեծ տաղանդը։ Ան Աղեքսանդր Բ. ցարին ներկայացուց վարչական եւ տնտեսական համալիր բարեփոխումներու սահմանադրական ընդարձակ ծրագիր մը։ Ռուսաց կայսրը ընդունեց իր հայ զօրավարին առաջարկները։ Լորիս-Մելիքով նշանակուեցաւ ներքին գործերու նախարար՝ բացառիկ իշխանութեամբ, փաստօրէն դառնալով Ռուսաստանի վարչապետ-դիկտատորը։

Բայց ճիշդ այն օրը (Մարտի 13, 1881), երբ ցարը ստորագրեց ուկազը (հրամանագիրը) Լոռիս-Մելիքովի առաջարկած բարեփոխումներուն հաստատման մասին, յեղափոխական-ահաբեկիչները երկրորդ մահափորձ մը կատարեցին եւ այս անգամ յաջողեցան սպաննել ցար Աղեքսանդր Բ.ին։ Յաջորդ ցարը՝ Աղեքսանդր Գ.ը բուռն պայքար յայտարարեց յեղափոխութեան դէմ եւ ձեռնարկեց ուժային բիրտ քայլերու՝ մէկդի նետելով իր նախորդին հաստատած սահմանադրական բարեկարգումներու ծրագիրը։

Դէմ յանդիման բռնատիրական վարչակարգի խստացումներուն՝ կոմս Լոռիս-Մելիքով, Յունիս 1881ին, նախարարական իր բարձրաստիճան պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուց Ցարին։ Պաշտօնաթող զօրավարի կարգավիճակով մեկնեցաւ արտասահման։ Շրջան մը ապրեցաւ Գերմանիա, ուրկէ անցաւ Ֆրանսա՝ Նիս, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ մահը, 1888ի Դեկտեմբեր 13ին։

Բարեկարգչական իր առաջադրանքներուն համար «Սրտի Դիկտատոր» հռչակուած Ցարական Ռուսաստանի հայազգի պետական գործիչին յիշատակը ոգեկոչելով՝ հայ մարդը այսօր յատկապէս կþարժեւորէ Լոռիս-Մելիքովի ազգային ծառայութիւնը՝ Հայկական Հարցը արդար լուծում պահանջող միջազգային այժմէական խնդիրներու օրակարգին վրայ բերելու ուղղութեամբ։

Լոռիս-Մելիքով իր ժամանակին միջազգային համբաւի տիրացած եւ ռուս պետական գործիչի փառք նուաճած դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ մարմնաւորեց Օրինակը օտարի ծառայութեան կոչուած հայազգի այն տաղանդին, որ բնաւ մտահան չըրաւ զինք ծնող ազգին ու հայրենիքին իրաւունքներն ու շահերը։ Ընդհակառակն՝ ռուսական իրականութեան մէջ իր ստացած փառք ու պատիւէն առանց շլանալու, իր կարելին ըրաւ Հայկական Հարցի քաղաքական արդար լուծման ի խնդիր։

Ն.