186 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 30ի այս օրը, Օսմանեան Կայսրութիւնը «սրբազան պատերազմ» յայտարարեց Ցարական Կայսրութեան դէմ։
17րդ դարէն սկսեալ, պարբերական ընդմիջումներով, 10 պատերազմներ մղուած էին թրքական եւ ռուսական զօրքերուն միջեւ՝ Սեւ Ծովու աւազանին եւ Կովկասի վրայ աշխարհաքաղաքական սեփակա՛ն տիրապետութիւնը հաստատելու բուռն մրցապայքարով։ Արեւելեան կամ Կովկասեան ռազմաճակատի թուրք-ռուսական պատերազմները բոլորն ալ մղուեցան Հայաստանի հողին վրայ՝ հաւասարապէս Արեւելահայաստանի թէ Արեւմտահայաստանի մեր ժողովուրդին կամաւորական մասնակցութեամբ։
Թուրք-ռուսական պատերազմներու այդ երկար շղթային կարեւոր օղակը հանդիսացած էր 1811ի Մարտին բռնկած պատերազմը Սեւ Ծովու աւազանին եւրոպական բաժնին մէջ։ Հանրագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ այդ ատենուան «ռուսական բանակի գլխաւոր հրամանատար Միխայիլ Կուտուզովի հմուտ ռազմավարութեան շնորհիւ, թուրքերու գլխաւոր ուժերը Տանուբի ձախ ափին ինկած էին շրջապատման մէջ եւ անձնատուր եղած: 1812ի Մայիս 16ին Աւստրօ-հունգար կայսրութեան հայազգի դիւանագէտ Մանուկ Բէյի պալատին մէջ, կնքուած էր Պուքրէշի հաշտութեան պայմանագիրը, որու հիման վրայ՝ Թուրքիա ճանչցած էր Ռուսաստանի տիրապետութեան հաստատումը Բեսարաբիայի վրայ»:
Թուրքիոյ դէմ յաղթանակած Ռուսաստանը, այնուհետեւ, իր զօրքերը կեդրոնացուց պարսիկ խաներու զօրքերուն դէմ՝ Այսրկովկասը վերջնականապէս Ցարական տիրապետութեան տակ առնելու նպատակով։
1826ին թափ առաւ ռուս-պարսկական պատերազմներու վերջին արարը, որ պիտի տեւէր երեք տարի եւ աւարտէր պարսկական ուժերու կրած ջախջախիչ պարտութեամբ, որմէ ետք կնքուած Թիւրքմէնչայի դաշնագրով՝ Արեւելահայաստանը առնուեցաւ ռուսական տիրապետութեան տակ։
Մինչ ռուսական զօրքերը կլանուած էին պարսկական ուժերուն հետ պատերազմով, Մահմուտ Բ. սուլթանը պահը նպատակայարմար գտաւ՝ վերատիրանալու իր կորսնցուցած տարածքներուն։ Առ այդ, 1827ի Հոկտեմբեր 8ին սուլթանը որոշեց չեղեալ համարել ռուս-թուրքական խաղաղութեան պայմանագրերը եւ, Դեկտեմբեր 30ին, պաշտօնապէս «սըրբազան պատերազմ» յայտարարեց Ռուսաստանի դէմ:
Ցարական Ռուսաստանը իր հերթին, 1828ի Ապրիլ 14ին, պատերազմ յայտարարեց Թուրքիոյ դէմ։
Հայկական Հանրագիտարանին համաձայն՝ «Կովկասեան ճակատին վրայ հայազգի զօրավար Իվան Պասկեւիչի 25 հազարնոց բանակին (ընդդէմ 50 հազար զօրք կեդրոնացուցած թրքական բանակին) ռազմավարական գլխաւոր խնդիրը Կարսի եւ Ախալցխայի փաշայութիւնները գրաւելն էր: Ռուսական զօրքերը արդէն գրաւած էին սեւծովեան Սուխումն ու Փոթին:
14 Յունիս 1828ին Պասկեւիչի զօրաբանակը, անցնելով Ախուրեան գետը, գրոհեց Կարսի բերդին վրայ եւ Յունիս 23ին գրաւեց զայն։ Այնուհետեւ՝ Պասկեւիչի զօրքերը վերցուցին Ախալքալաքը, Պայազէտը, Ալաշկերտը, Ախալցխան: Վերջինիս գրաւման ժամանակ աչքի ինկան հայազգի զօրավարներ Բարսեղ Բեհբութովը եւ Իվան Բուրցովը: Թէեւ թրքական զօրքերը ձեռնարկեցին հակայարձակումներու, բայց չկրցան ետ մղել ռուսական զօրքը, որ Սողանլուղի ճակատամարտին ջախջախեց թրքական ուժերը։
Պատերազմական գործողութիւնները նոր թափով վերսկսան 1829ի Յունիս 27ին, երբ ռուսական զօրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Կարինը (Էրզրումը), Յուլիս-Օգոստոսին՝ Օլթին, Քղին, Խնուսը, Մուշը, Դերջանը, Բաբերդը, Կիւմիւշխանէն եւ մօտեցան Տրապիզոնին: Իսկ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մատոյցներուն ռուսական զօրքերուն յայտնուիլը ստիպեց թրքական կառավարութեան, որ հաշտութիւն կնքէ: 1829ի Սեպտեմբեր 2ին Ադրիանապոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ կնքուեցաւ այդ տեղանունով պայմանագիր, որու հիման վրայ Ռուսաստանին անցան Սեւ Ծովի կովկասեան ափը (մինչեւ Պաթումէն հիւսիս ինկած շրջանը), Ախալցխայի փաշայութեան մէկ մասը՝ Ախալցխա եւ Ախալքալաք քաղաքներով:
Օգտուելով պայմանագրի 13րդ յօդուածին ընձեռած հնարաւորութենէն, 1829-30 թուականներուն շուրջ 80 հազար հայեր-Կարինէն, Կարսէն ու Պայազէտէն-գաղթեցին Այսրկովկաս: Կարինէն գաղթածները հաստատուեցան հիմնականին մէջ Ախալցխա եւ Ախալքալաք, կարսեցիները՝ Շիրակի եւ Թալինի շըրջանները, իսկ պայազէտցիները՝ Սեւանայ Լիճի ա- ւազանը:
Հակառակ պատերազմի դաշտին վրայ իր արձանագրած յաղթանակներուն, Ռուսաստան տեղի տուաւ իրեն մրցակից եւրոպական տէրութեանց ճնշման տակ եւ Թուրքիոյ վերադարձուց Կարսը, Արտահանը, Կարինը՝ Էրզրումը), Մուշը, Պայազէտը եւ Հայաստանի մնացեալ շրջանները:
Ռուս-թրքական պատերազմին գործուն մասնակցութիւն բերած հայութիւնը կը փայփայէին այն յոյսը, որ ռուսական զէնքի օգնութեամբ պիտի կարենային ազատագրուիլ թրքական լուծէն։ 1828-29 թուականներու պատերազմին մասնակցեցան արեւելահայերէ հաւաքագրուած 2 հազարնոց հետեւակային եւ 800 հոգինոց հեծեալ զօրաջոկատները: Ռուսական բանակի կազմին մէջ գործեց նաեւ կարսեցի հայերու 2 գումարտակ (հեծեալ եւ հետեւակ): Պայազէտի մէջ կռուած է Մելիք Մարտիրոսեանի 500 կամաւորներէ բաղկացած հեծեալ ջոկատը, Էրզրումի մէջ՝ Մկրտիչ Աղայի հեծեալ հարիւրեակը: Աշխարհազօրային ջոկատներ կազմեցին նաեւ Ալաշկերտի, Բասէնի, Մուշի, Արտահանի, Սեբաստիայի եւ այլ գաւառներու հայերը:
Ն.
30 Դեկտեմբերին, 1827 թուին, Սուլթան Մահմուտ Բ. պատերազմ յայտարարեց Ռուսաստանի դէմ
- Details
- Category: Յուշատետր