![]()
Հայ ժողովուրդի ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման, ապրած արհաւիրքին ու կուտակած ցասումին, անճիտման եւ վրիժառութեան, այլեւ ու մանաւանդ գողգոթային ու յարութեան խորախորհուրդ էջը կը բացուի Հայոց Յուշատետրի Ապրիլ 17ի օրը։
Արշաւիր Շիրակեան Արամ Երկանեան
92 տարի առաջ, 17 Ապրիլ 1922ին, Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ, արդարագոյն մահապատիժի ենթարկուեցան Հայասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքը՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին։
Դաշնակցական երկու երիտասարդներ՝ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան միասնաբար գործադրեցին թուրք երկու ջարդարարներուն միատեղ ահաբեկումը, որ մաս կը կազմէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին (գումարուած Երեւան, 1919ին) որոշած «Նեմեսիս» գործողութեանց շարքին։
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական իշխանութեանց կողմէ պետականօրէն ծրագրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու Դաշնակցութեան որոշումը, առաջին հերթին, հայ ժողովուրդի բիւրաւոր «նահատակներուն կտակն էր», ինչպէս որ հետագային Արշաւիր Շիրակեան պիտի ընդգծէր՝ իր յուշերը հրատարակութեան յանձնելով։
Իսկ «Նեմեսիս»ի շարքին Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկումը, իր յանդգնութեամբ եւ խիզախութեամբ, հայոց իրերայաջորդ սերունդներուն անխոցելի ինքնավստահութիւն ներշնչեց՝ սորվեցնելով, Արամ Երկանեանի յուշերու հատորին վերնագրով, թէ «Այսպէ՛ս Սպաննեցինք» Հայասպանութեան պատասխանատուները։
Քեմալ Ազմի Պահետին Շաքիր
Դաշնակցութեան կայացուցած «Նեմեսիս»ի որոշումը ամէն բանէ վեր ազգային-քաղաքական քայլ էր, որովհետեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ կեանքի կոչուած Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները դատելով եւ անոնց դէմ մահապատիժի դատավճիռ արձակելով հանդերձ, երբեք քաղաքական կամքը չցուցաբերեց իր կայացուցած դատավճիռը գործադրելու։ Իսկ յանցապարտները պարզապէս օգտուեցան անպատժելիութեան առիթէն, փախուստ տուին Պոլիսէն եւ անուն ու հասցէ փոխելով անյայտացան…
Դաշնակցութիւնը չէր կրնար այդպէս անպատիժ ձգել Հայաստանի հայաթափման եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք եղեռնագործները։
«Նեմեսիս»ի որոշումին գործադրութիւնը, սակայն, անմիջապէս չսկսաւ։ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոտքի կանգնելու դժուարին ժամանակը կþապրէր։ Հիւսիսէն պոլշեւիկները եւ արեւելքէն քեմալականները, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ հաշուարկներով, նոր դաւեր կը նիւթէին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ եւ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ անկախութեան նուաճման առաջատար ուժը եւ նորաստեղծ հայոց պետականութեան փաստացի իշխանութիւնը, վերապրող հայութեան գոյատեւման կռուանները ապահովելու առաջնահերթ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէր։
Որոշումի կայացումէն տարի մը ետք միայն ձեռնարկուեցաւ «Նեմեսիս»ի գործադրութեան։
15 Մարտ 1921ին, Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ, ահաբեկուեցաւ իթթիհատական պարագլուխ եւ Մեծ Եղեռնի օրերուն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան։ 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի մէջ, Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ ահաբեկուեցաւ իթթիհատական վարչապետ Սայիտ Հելիմ փաշան։
Իսկ 17 Ապրիլ 1922ին կարգը հասաւ Մեծ եղեռնի «գլխաւոր ճարտարապետ» Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Տրապիզոնի հայոց սպանդը անձամբ գլխաւորած կուսակալ Ճեմալ Ազմիի։
«Նեմեսիս»ի 17 Ապրիլ 1922ի գործողութիւնը ամէնէն յանդուգն էր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ միաժամանակ երկու թիրախի դէմ կþուղղուէր՝ երկու ահաբեկիչներու ուղղակի մասնակցութեամբ։ Ոչ միայն այն պատճառով, նաեւ, որ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի իրենց ընտանիքներու մեծ խումբով բանուկ փողոցէ մը կþանցնէին ահաբեկման գործողութեան պահուն։ Այլեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Պերլինը դժուար ռազմադաշտ դարձած էր ահաբեկչական գործողութեանց համար։
Բայց Արմէն Գարոյի, Շահան Նաթալիի, Հրաչ Փափազեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի եւ «Նեմեսիս»ի իրագործման պատասխանատու դաշնակցական բոլոր գործիչներուն համար անյաղթահարելի բան չկար։ Մահապատիժի որոշումը տրուած էր եւ «Նեմեսիս»ի գործողութեանց շղթային այս օղակն ալ պէտք է իրականացուէր։ Եւ յանդուգն ահաբեկումը գործադրուեցաւ՝ հակառակ խանգարող պարագաներու առաջացումին, յատկապէս Արշաւիր Շիրակեանի սայթաքելով գետին իյնալուն, թուրքերու խումբին մէջ գտնուող Թալէաթի այրիին կողմէ գետին ինկած Շիրակեանի ատրճանակը վերցնելու ճիգին եւայլն։
Պէտք է կարդալ ե՛ւ Արամ Երկանեանի «Այսպէ՛ս սպաննեցինք», ե՛ւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» յուշերուն համապատասխան հատուածները, խորաչափելու համար տարողութիւնը թէ՛ ահաբեկչական գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակած յանդգնութեան, թէ՛ ահաբեկիչները անպարտելի դարձնող ցասումի եւ վրիժառութեան գաղափարական կրակին։
Փաստօրէն Արշաւիր Շիրակեան, ըլլալով առաջին կրակողը, Ճեմալ Ազմիին գլխուն մահացու փամփուշտը տեղաւորելէ ետք՝ Պեհաէտտին Շաքիրի այտոսկրին հասցուցած էր ոչ¬մահացու հարուած մը։ Արամ Երկանեանի արագ միջամտութեան շնորհիւ էր, որ ճիւաղը ստացած էր օրհասական փամփուշտը։
Պեհաէտտին Շաքիր եւ ճեմալ Ազմի տեղւոյն վրայ մահացան։
Զոյգ ահաբեկիչները կրցան, դէպի օդը կրակելով, խուճապի մատնել անցորդները եւ փախուստ տալ ու իրենց հետքը թաքցնել հետապնդողներէն։
Ահա «Այսպէ՛ս Սպաննեցինք» եւ իրագործեցինք Դաշնակցութեան որոշումով թուրք հայասպանները մահապատիժի ենթարկելու «Նեմսիս»ի հատու հարուածը, որ ըստ ամենայնի «Կտակն էր Նահատակներուն», հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն։
Ն.