Յուլիս 1ի այս օրը, 101 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը հայոց արեամբ ներկուեցաւ։ Քաղաքը վերագրաւած թրքական զօրքերը կոտորեցին անզէն հայութիւնը եւ հրոյ ճարակ դարձուցին հայոց տուներն ու խանութները։

Շուրջ մէկուկէս դար է, որ հայոց իրերայաջորդ սերունդներու շրթներէն միշտ կը հնչէ, երբեմն յաղթագոռ, երբեմն դողդոջ ձայնով, փառաբանութիւնը դիւցազնական Զէյթունի, որ 1862 թուականի այս օրերուն արդի ժամանակաշրջանի իր առաջին ապստամբութիւնը ունեցաւ թուրքերու օսմանեան բռնատիրութեան դէմ, յաղթականօրէն ետ մղեց հայոց անառիկ արծուեբոյնը գրաւելու թրքական փորձերը եւ Ազգին ու Հայրենիքին կտակեց իր գօտեպնդիչ քայլերգը.

Յունիս 27ի այս օրը, 21 տարի առաջ, Արցախեան Ազատամարտը թեւակոխեց վերջնական յաղթանակի իր փուլը, երբ Լ.Ղ.Հ. Պաշտպանութեան բանակը Մարտակերտի ուղղութեամբ վճռական գրոհի ձեռնարկեց եւ գլխակորոյս փախուստի մատնեց ատրպէյճանական զօրքը։

Յունիս 26ի այս օրը, 151 տարի առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ հայահոծ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ ծնաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն Գրիգոր Զօհրապ, որուն գրական-ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութեան բրտօրէն վերջակէտ դրին թրքական իշխանութիւնները 1915ին, երբ ձեռնարկեցին հայ ժողովուրդին դէմ իրենց պետականօրէն ծրագրած ու կազմակերպած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին գործադրութեան։

25 Յունիսին, 48 տարի առաջ, Ֆրանսա ապրող հայ աշխարհահռչակ նկարիչը՝ Գառզու պաշտօնական հրաւէր ստացաւ այցելելու Խորհրդային Հայաստան եւ իր արուեստը ներկայացնելու հայրենի հայութեան։