58 տարի առաջ, 24 Յունիս 1956ի վաղ առաւօտեան, անակնկալ անհանգստութեամբ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ, նոյն կէսօրին, մեր կեանքէն առ յաւէտ հեռացաւ Վահան Նաւասարդեան, որ իր գործով ու մտածողութեամբ մարմնաւորեց Գաղափարի մարտիկի եւ Դաշնակցական պատգամաբերի բոցաշունչ կերպար մը։

Ամէն անգամ, որ Հայաստանի մէջ ներքին լարուածութիւնը մագլցում կ'արձանագրէ եւ օրուան իշխանութեանց հանդէպ մեր ժողովուրդին վերապահութիւնն ու դժգոհութիւնը կը խորանան, մարդ ակամայ կը մտաբերէ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման օրերը եւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ու արմատաւորման ուղղութեամբ հայ հասարակութեան արձանագրած յառաջխաղացքը։

Յունիսի այս օրերուն, 1896ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցուած, չար թշնամու գնդակով»... 

Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զի- նակիցներուն հետ նահատակուեցաւ անզուգական Պետոն։

Յունիս 19ին, 94 տարի առաջ, Ատրպէյճանի մուսաւաթական առաջին կառավարութեան նախագահը՝ Ֆաթալի Խան Խոյսկի ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցին (այժմ՝ Ռուսթավելլի պողոտայ) վրայ։

Յունիս 18ի օրը, 27 տարի առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանը կայացուց իր տեսակին մէջ աննախադէպ՝ պատմաքաղաքական կարեւոր նշանակութեամբ որոշում մը Հայկական Հարցին վերաբերեալ։