98 երկար տարիներ անցած են Մայիս 15ի այն եղերական օրէն ասդին, երբ Հայաստանէն հեռու եւ այժմու Իրաքի մէջ գտնուող պարսկական Ռըւանտուզի բարձունքներուն վրայ, յանուն Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան մղուած բախտորոշ կռուի ընթացքին, անգութ փամփուշտէ զարնուած՝ ինկաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերսներէն «քաջաց քաջն» պանծալի Քեռին։

Իբրեւ այդպիսին, 1916 թուականի ա՛յս օրը՝ Մայիս 15ը, կ'ոգեկոչէ հայոց նորագոյն պատմութեան դիւցազներգական անմոռանալի էջերէն մէկը։
Կը խորհրդանշէ յաղթական վերջին գրոհը հայ ազգային-ազատագրական շարժման հայդուկա- պետներէն Քեռիին, որ կրցաւ պարտութեան մատնել թրքական զօրքը եւ այս վերջինի պաշարման օղակէն փրկել ռազմական թակարդի մէջ ինկած հայ եւ ռուս զինուորները։
Արդարեւ, Մայիս 1916ի 12էն 18 երկարող օրերը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագային համար։
Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք-ռուսական պատերազմի երկար ճակատի հարաւային՝ Պարսկաստանի հատուածին վրայ, թրքական բանակը յաջողած էր պաշարման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու հայ կամաւորականները. ջախջախիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուսեւհայկական կողմին։
Մայիս 12ին, թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռեւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուսեւհայկական ուժերը։ Թշնամին գրաւեց Ռեւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը։
Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, Մայիս 15ին, քաջարի հերոս մը շրջեց ճակատագրի անիւին կործա- նարար թաւալումը։
Հայ Կամաւորական 4րդ Գունդի հրամանատար քաջ Քեռին ձեռնարկեց թրքական պաշարման շըղ- թան ճեղքելու յանդուգն գրոհին։
Մայիս 15ին, իր վաշտերէն մէկուն եւ 40-50 ձիաւորներու գլուխն անցած՝ Քեռի անակնկալօրէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը։ Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռեւանտուզի մէջ դիրքաւորուած ռուս-հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան. բայց Ռեւանտուզի յաղթական գրոհի հերոսին համար ճակատագիրը վերապահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքի աւարտին, մահառիթ փափուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսին։ Քեռի հազիւ կրցաւ «Վա՜յ, բալանե՜րս, ես խփուեցայ»... ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդեց։
Ծանր էր կորուստը. մեծ էր կսկիծը. բայց Ռեւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 18, երբ ռուս-հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով՝ խուճապահար փախուստի դիմեց։
Քեռի իր արեամբ՝ իր կեանքի նուիրաբերումով նուաճեց հայոց յաղթանակը։
Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թեհրան, ուր մեծ շուքով՝ ժողովրդային սիրուած հերոսի փառքով, Դաշնակից Ուժերու դեսպանական եւ հրամանատարական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, արժանացաւ պետական եւ ազգային յուղարկաւորութեան։ Ապա՝ մարտիրոս հերոսին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, որպէսզի հայոց Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը։
Եւ հայ ժողովուրդը քաջարի իր հերոսին նուիրեց ազգային-յեղափոխական մեր երգերէն ամէնէն սրտաբուխն ու յուզիչը.

Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն հերոս Քեռի պանծալի։

Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց։

Թող լռեն սոխակներ է՛լ չը ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման։

Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի խան։

Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին։

Ռըւանդուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնըինը տասնըվեց Մայիս տասնըհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին։

Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին։
Աւազանի անունով Արշակ Գալֆայեան (Հ.Յ.Դ. Հարիւրամեակի «Ալբոմ-Ատլաս»ի համաձայն՝ Գաւաֆեան)՝ Քեռի ծնած էր Կարին, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման կարեւորագոյն օրրաներէն մէկը հանդիսացաւ։ Դժբախտաբար միայն կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են Էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով հայ յեղափոխական շարժման երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուած քաջ ֆետայիին կեանքի մանրամասներուն՝ ընտանեկան պարագաներուն, մանկութեան եւ պատանեկութեան վերաբերեալ։ Մինչեւ անգամ ծննդեան թուականը ստուգելու դժուարութիւն կայ. կենսագիրները կը տարուբերին 1858ի եւ 1863ի միջեւ։
Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձաւ հայ յեղափոխական խմորումներուն։ 1880ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն եղաւ. Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը հանդիսացաւ. մասնակցեցաւ Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողեցաւ ձերբակալութենէ փախուստ տալ. 1894-5ի կոտորածներու շրջանին, մասնակցեցաւ Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներուն. այնուհետեւ անցաւ Կովկաս եւ նուիրուեցաւ Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութեան։
1898ին մասնակցեցաւ Խանասորի Արշաւանքին, ապա անցաւ Սասուն, ուր 1903-1904ին սերտ գործակիցը դարձաւ Անդրանիկի՝ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան շրջանին։
1905ին քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատի ղեկավարն էր հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ։
1908ին անցաւ Պարսկաստան՝ Սահմանադրական շարժման կռիւներուն Եփրեմի աջ բազուկը դառնալով եւ, վերջինի նահատակութենէն ետք, ստանձնելով գլխաւոր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր քաջագործութիւններուն համար պարսկական իշխանութեանց կողմէ արժանացաւ Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի։
Անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիր- ւած հերոս էր Քեռին, երբ 1912ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին եւ իր քաջագործութեանց համար արժանացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին։
Իսկ երբ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Հայ Կամաւորական Շարժման Չորրորդ Գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի։ Մինչեւ Ռեւանտուզի օրհասական կռիւը, Քեռի իր ղեկավարած Կամաւորական Չորրորդ Գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին՝ յատկապէս Սարըղամիշի կռիւներու ընթացքին։
Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպառիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով, այդուհանդերձ բոլորն ալ համակարծիք են, որ «պարզ, համեստ, բայց խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք՝ իր ֆետայիներուն եւ կամաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած՝ զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերներուն կողմէ»։
Իսկ Միքայէլ Վարանդեան, 1915ի Դեկտեմբեր 28ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին մէջ ներկայացնելով Քեռիի հայդուկապետի վաստակը, հայոց «քաջաց քաջ»ին մասին պիտի գրեր.-
«Ոչինչ այնքան չէր յուզում ինձ Երեւանեան մեր ընկերական հաւաքոյթների ժամանակ, ինչպէս այն վայրկեանը, երբ Անդրանիկ ու Քեռի նստում էին քովէ քով եւ ձիերը իրարու վզով փաթաթում։ Հայ ժողովրդի երկու մեծ ռազմիկները՝ իրարու փարուած - կոշտ ու կոպիտ, ինչպէս ինքը՝ այդ ժողովուրդը, անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց... մի մի ժայռեր՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»։
Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռ մը եղաւ Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով՝ վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն:
Իբրեւ այդպիսին՝ «Չորրորդ Գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։
Ինչպէս որ Քեռիի մարտիրոսացման առիթով Գահիրէի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» պիտի հաստատէր 11 Յուլիս 1916ի իր խմբագրականով՝
«Ամբողջ երեսուն տարի, անիկա իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, միացած էր անոր հնհնուքներով, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով։
«Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ՝ ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը՝ Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր՝ հայրենիքի սէ՛րը. միակ կիրք մը՝ պայքարին տարփա՛նքը. միակ իտէալ մը՝ ազատութեա՛ն իտէալը»։

ԱՐԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՔԵՌԻՆ

Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք «Ասպարէզ»ի 20 Յունիս 2008ի համարով լոյս տեսած Քնար Մանճիկեանի ուշագրաւ յօդուածէն հատուած մը, որ շահեկան լոյս կը սփռէ «Հայոց Առիւծ»ի հերոսական կեանքին ու գործունէութեան։

Մեզի ծանօթ արի յեղափոխականներուն, ֆետայիներուն մէջ չկայ ուրիշ մը, որ հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած իր տարիներու գումարով հաւասարի Քեռիին։ Ժամանակակիցներու վկայութեամբ, իր կեանքի 53 տարիներուն 35ը ան զոհած է հայութեան ազատութեան դատին։
Քեռիի մասնակցութիւնը հայ յեղափոխական շարժման՝ կը սկսի 18 տարեկանին, երբ ան կ’անդամակցի արեւմտահայոց ազատութեան գաղափարի շեփորահար Կարնոյ Պաշտպան Հայրենեաց Միութեան եւ կը մասնակցի 1882ի Կարնոյ մեծ ցոյցին։
Ան շուտով կը միանայ հայոց ըմբոստներու առաջամարտիկներէն Յունոյի (Յարութիւն Տէր-Մարտիրոսեան) «աւազակային» խումբին, որ անխնայ կերպով կը պատժէր թուրք վաշխառու պաշտօնեաները եւ քիւրտ հրոսակները Ալաշկերտի գաւառին մէջ։ Երբ ան կ’իմանայ, որ ախալցխացի Տիգրան Օքոնեանը նոյն «առաքելութեան» կը ծառայէ Բասէն, Սպեր եւ Բաբերդ գաւառներու թուրք, լազ, քիւրտ եւ չէչէն ասպատակներու դէմ, կ’երթայ եւ ժամանակ մը անոր հետ կը գործէ։
Քեռին կը մասնակցի Արեւմտեան Հայաստանի անօգնական հայ գիւղացիներուն ինքնապաշտպանութեան նպատակով Սարգիս Կուկունեանի 1890ին կազմած արշաւախումբին, եւ բարեբախտաբար կ’ազատի, երբ արշաւախումբը, Արաքս գետը անցնելու ժամանակ, ռուս եւ թուրք սահմանապահ զօրքերուն կողմէ կը նկատուի եւ կ’ենթարկուի անոնց կրկնակի զինակրակին ու կը կոտորուի կամ կը գերեվարուի։ Քեռին սակայն չի յուսահատիր։ Անմիջապէս կը միանայ նորակազմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, եւ կը դառնայ զինակիցը կուսակցութեան առաջին մարտիկ-գործիչներէն Դուրբախին (Յարութիւն Կիրակոսեանին), Չալլադին (Երուանդ Բաբերեան), Թաթուլին (Արամ Արամեանց)։ Այս անձնուրաց նուիրեալներուն կը պարտի Դաշնակցութիւնը՝ Բագրեւանդէն Բասէն ու մինչեւ Կարին տարածութեանց վրայ ինկած հայ գիւղերուն մէջ դաշնակցական գաղտնի բջիջներու կազմակերպման նախաձեռնութիւնը։ Կազմակերպական այդ ցանցին շնորհիւ էր, որ 1892էն մինչեւ 1908, դաշնակցական բազմաթիւ հայդուկային զինատար խումբեր Կովկասէն մեկնելով անցան ռուս-թրքական սահմանը եւ օգնութեան հասան Կարնոյ, Խնուսի, Մշոյ Դաշտի, Սասունի եւ Ախլաթի հայ գիւղացիներուն։
Քեռիի ֆետայական կեանքը թափ կ’առնէ 1903ին, երբ ան՝ իբրեւ փոխ¬խմբապետ Թորգոմ-Թումանի ղեկավարած «Մրրիկ» հայդուկային զինատար խումբին, 27 զինեալ ձիաւոր մարտիկներ Կարսէն կ’առաջնորդէ դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Բասէնի, Խնուսի, Մշոյ Դաշտի վրայով ապահով կերպով կը հասցնէ Սասուն։ Այդ խումբին մաս կը կազմէին Սեբաստացի Մուրատի, Կայծակ Առաքելի, Աւոյի, Սեպուհի նման անուանի ֆետայիներ, որոնք ղեկավարի դեր ստանձնեցին յաջորդ տարուան՝ 1904ի Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան, որուն հրամանատարներն էին Վահան Մանուէլեան, Հրայր-Դժոխք, Գէորգ Չաւուշ, Անդրանիկ եւ… Քեռի։
Սասնոյ ապստամբութիւնը երբ կ’ընկճուի, Տարօն¬Տուրուբերանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն, շրջանի հայութեան յաւելեալ զրկանք ու տառապանք խնայելու համար, կ’որոշէ ֆետայիներուն մեծ մասը՝ մասնաւորաբար դրսեցիները՝ ժամանակաւորապէս հեռացնել դէպի Պարսկաստան ու Կովկաս։ Կը մեկնին շուրջ 100 ֆետայիներ, որոնց մէջ նաեւ Քեռին, որ Վանի ու Ատրպատականի վրայով կ’անցնի Կովկաս։
Շուտով կը պայթին հայ-թաթարական կռիւները, եւ ամբողջ Կովկասը՝ Պաքուէն մինչեւ Թիֆլիս, Երեւանէն մինչեւ Զանգեզուր, Շուշիէն մինչեւ Նախիջեւան՝ կը դառնայ արիւնոտ մարտավայր։ Քեռիին կը վստահուի Դարալագեազի (Սիսիանի շրջան) երկու տասնեակ մը հայ գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը։ Աւելի քան 20 տարիներ ֆետայական կռիւներու մէջ թրծուած խմբապետը ձեռընհասօրէն կը վարէ հերոսական կռիւներ՝ տեղացի թէ արեւելքէն՝ Ղարաբաղէն՝ թալանի ու ջարդի ախորժակներով եկած թաթար (ներկայիս ատրպէյճանցի կոչուող) ասպատակներու դէմ։
..................
Քեռիի մարտական սխրանքներուն պսակը կը կազմեն Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ժամանակ Կովկասեան ռազմաճակատի վրայ, որպէս Հայ Կամաւորական Չորրորդ Գունդի հրամանատար, անոր վարած հերոսական կռիւներն ու յայտնաբերած ռազմավարական հնարքները։
Այս տեսակէտէն յատկանշական է դրուագ մը, որ կը պատահի 1914ի Նոյեմբերին, Սարիղամիշէն դէպի Կարին արշաւող ռուս բանակի առաջաւոր մէկ դիրքին վրայ, ուր կը գտնուէր Քեռին։ Պատմողն է Քեռիի գունդի յիսնապետ Վարդան Իսկէնտէրեան.- «Քեռին, երբ կը տեսնէ իր զինուորներէն Նշանը՝ ճերմակ ձիւնի վրայ, առանց դիրք մտնելու կը կռուի, բարկացած կ’ըսէ. Տղա՛յ, ձիւնով դիրք շինէ՛ ու մէջը մտիր։ Պատրաստաբան Նշանը կը դառնայ դէպի հրամանատարը եւ հարց կու տայ. Հապա դո՞ւն, Քեռի ջան, որ ամբողջ հասակովդ մէկ կանգնած ես այդ բարձունքին վրայ։ Քեռին հայրաբար կը պատասխանէ. Բալա՜ս, գնդակն ու ես վաղուցուա՜յ ծանօթներ ենք…»։
Քեռիին այս խօսքը հազիւ աւարտած՝ Նշանը թեւէն վէրք կը ստանայ եւ բուժման կէտ կ’ուղարկուի։
Սարիղամիշէն դէպի Բասէն արշաւանքի առաջաւոր դիրքերուն վրայ, թուրք բանակին դէմ Քեռիի վարած արիւնալի կռիւները եզակի են իրենց դիւցազնական դրուագներով ու ռազմավարական հնարքներով։
Ռազմական արուեստի մէջ Քեռիի ունեցած բացառիկ տաղանդը իր փայլուն արտայայտութիւնը կ’ունենայ 1915ի Մայիսին, Վասպուրականի գրաւման համար մղուած կռիւներու ընթացքին։
Իսկ Վանը գրաւելէ ետք, ՃեվտէԹ Փաշայի բանակին դէպի Պիթլիս փախուստի ժամանակ՝ անոր ետեւէն իր խոյանքները, յետոյ՝ Սպարկերտի, Սորբի, Մոկսի, Շատախի հայութիւնը քիւրտ համիտիէներուն ու խուժանին դէմ պաշտպանելու համար՝ Համազասպի Երրորդ Գունդի կամաւորներուն հետ միասնաբար վարած կռիւները եզակի են հայ ազատագրական շարժման ընդհանուր տարեգրութեանց մէջ։

Ն.