Մայիս 19ը ոգեկոչման Օրն է, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար, Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան։

1994ին, Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած որոշումի բանաձեւով՝ Մայիս 19ը հռչակուեցաւ իբրեւ Պոնտոսի յոյներուն դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման օրը։
Հելլէնական հինաւուրց քաղաքակրթութեան վերապրող վկան էր Սեւ Ծովու հարաւ¬արեւելեան ափունքին տարածուած յունական Պոնտոսը, որ մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումը կը հանդիսանար, իր նաւահանգիստ-քաղաք Տրապիզոնով, Փոքր Ասիոյ առեւտրական ամէնէն կենսունակ կեդրոններէն մէկը։
Բայց թուրք պետական մտածողութիւնը, անկումի եւ փլուզման իր վախճանական փուլին գտնուող Օսմանեան Կայսրութիւնը իբր թէ փրկելու այլամերժ ու ազգայնամոլ քաղաքականութեամբ, յղացաւ եւ Ա. Աշխարհամարտի ընձեռած «յարմար պահուն» գործադրութեան դրաւ թրքական տիրապետութեան տակ ապրող ազգային միաւորները՝ ինչպէս հայ, նոյնպէս եւ յոյն ու ասորի ժողովուրդները բնաջնջելու ցեղասպանական հրէշային ծրագիրը։
1914էն մինչեւ 1923, հաւասարապէս թէ՛ իթթիհատական եւ թէ քեմալական իշխանութեանց օրով, յաջորդական տեղահանութիւններով ու կոտորածներով, թրքական պետութիւնը ամբողջապէս յունաթափ դարձուց Պոնտոսը։
Ինչպէս որ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մ. Նահանգներու ատենի դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթաու գրեց օրին, «Հայերը Թուրքիոյ ենթակայ միակ ժողովուրդը չէին, որ տառապեցան Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Հայերու մասին իմ պատմած վկայութիւնները, որոշ պատշաճեցումներով, ես կրնամ կրկնել նաեւ յոյներուն եւ ասորիներուն համար»։
Աւելի քան կէս միլիոն պոնտոսցի յոյն զոհ գնաց թրքական իշխանութեանց պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութեան, որ միեւնոյն բեմագրութեամբ եւ վայրագրութեամբ ի կատար ածուեցաւ հաւասարապէս ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ յոյներուն, ե՛ւ ասորիներուն դէմ։
1914ին սկսաւ զինուորագրումը այսպէս կոչուած «քրիստոնեայ» քաղաքացիներու երիտասարդ տղամարդոց, որոնք դաւադրաբար խմբուեցան «աշխատանքի ջոկատներու» մէջ եւ հետեւողականօրէն կոտորուեցան։ Այնուհետեւ, իբր թէ պատերազմական գօտիներէն «քրիստոնեայ բնակչութիւնը» ապահով վայրեր փոխադրելու համար, թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին զանգուածային տարագրութեանց՝ օրերով հետիոտն քալելու պարտադրանքին տակ դնելով կիներն ու մանուկները, տարեցներն ու անկարները։ Ինչ որ «բնական մահը» արագացնող պայմանները չկրցան ընել, յատկապէս այս նպատակով զինուած հրոսակային ջոկատները «կատարեցին»՝ կիները բռնաբարումի տակ սպաննելով, մանուկներն ու ծերերը մորթելով եւ դեռատիները սեփական հարէմները տանելով...
Պոնտոսի յոյներուն դէմ կրկնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ ցեղասպանական «բեմագրութեան» քեմալական փուլը, յար ու նման հայկականին, երբ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ Դաշնակիցներու ձեռնածալ վերաբերումէն քաջալերուած, այսօրուան Թուրքիոյ հիմնադիրը կոտորեց եւ տարագրեց Պոնտոսի յոյներուն վերապրող վերջին բեկորները՝ ամբողջապէս յոյն, հայ եւ ասորի բնակչութենէ պարպելով Սեւ Ծովու հարաւ¬արեւելեան ափերը։
Պատմական զուգահեռը պահպանուեցաւ, վերջապէս, մեծապետական աշխարհին ցուցաբերած քաղաքական պատեհապաշտ վերաբերումին առումով.-
Թէեւ 10 Օգոստոս 1920ի Սեւրի դաշնագիրը ամրագրեց ինչպէս հայերուն, նոյնպէս եւ պոնտոսցի յոյներուն ցեղասպանութիւնները ճանչնալու եւ դատապարտելու, այլեւ արդար հատուցում իրագործելու միջազգային օրինական պարտաւորութիւնը, այսուհանդերձ՝ 1923ի Լօզանի դաշնագրով այդ ամէնը ուրացումի ենթարկուեցաւ եւ Մուսթաֆա Քեմալ «առօք¬փառօք» հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու գերեզմանումին վրայ հաստատեց իր «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը»։
Երկար տասնամեակներ ողջ աշխարհին կողմէ մոռացութեան մատնուեցաւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը։ Նոյնինքն Յունաստանի Հանրապետութիւնը երկար ժամանակի պէտք ունեցաւ, որպէսզի պաշտօնապէս կարենայ, 1994ին, իր խորհրդարանով որոշում կայացնել Մայիս 19ը Յունական Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման Օր հռչակելու մասին։
Պատմական այս զուգահեռներու լոյսին տակ, մեր օրերուն միասնաբար եւ ձեռք¬ձեռքի տուած, յառաջ կþընթանան Հայկական, Յունական եւ Ասորական Ցեղասպանութեանց միջազգային ճանաչման ու դատապարտման պահանջատիրական քայլերը։
Այս ուղղութեամբ յառաջխաղացք մը արձանագրուեցաւ երեք տարի առաջ, Շուէտի խորհրդարանին ծանօթ որոշումով, որ իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչցաւ եւ դատապարտեց ինչպէս հայ ժողովուրդին, նոյնպէս եւ պոնտոսի յոյներուն ու Փոքր Ասիոյ ասորիներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած ազգային բնաջնջման ոճիրները։
Ճակատագրի հեգնանքը այն է, որ Թուրքիոյ ցեղասպանական հարուածէն վերապրած ժողովուրդներու մերօրեայ սերունդները, իրենց պետական թէ քաղաքական ղեկավարութեանց որոշակի հոսանքներով, իրենց մէջ չեն գտներ բաւարար ուժն ու կամքը, որպէսզի բիւրաւոր անմեղ նահատակներու ոգեկոչման իրենց ելոյթներուն միացնեն նաեւ քաղաքական արդար հատուցման պահանջատիրական ձայնը։
Յունաստանի Հանրապետութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր պատանդ դարձած է՝ հիմնական զիջումներու գնով՝ Թուրքիոյ հետ բարի-դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու անհեռանկար քաղաքականութեան։
2008ին նոյն զառիթափին վրայ յայտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ այսպէս կոչուած ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ եւ անոր «մեղքի պտուղը» հանդիսացող Հայեւթուրք Արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ։
Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան Օրը ոգեկոչելով՝ կþարժէ ընթերցողին յուշել այդ առընչութեամբ Հայաստանի խորհրդարանին 2011ի ծանօթ յայտարարութիւնը.-
«Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին Հ.Հ. Ազգային ժողովն իր յարգանքի տուրքն է մատուցում Թուրքիայի կողմից 1914-1923թթ. մարդկութեան դէմ իրականացուած ոճիրների հետեւանքով նահատակուած միլիոնաւոր զոհերի յիշատակին։
«19րդ դարի վերջին եւ 20րդ դարի սկզբին, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքներում թուրքական իշխանութիւնները բնիկ ժողովուրդների նկատմամբ իրագործեցին բնաջնջման ցեղասպանական գործողութիւններ:
«Այս ոճրագործ ծրագրի հետեւանքով փոխուեց տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերը, պատմական բնօրրաններում ոչնչացուեց կամ իւրացուեց այդ ժողովուրդների հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
«Այն, որ ցայսօր համընդհանուր ճանաչման չեն արժանացել հայերի, ասորիների ու յոյների նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնները, պատճառ է դարձել, որ աշխարհի տարբեր վայրերում իրականացուեն նորանոր ցեղասպանութիւններ, եւ այս շղթան դեռ փակուած չէ:
«Իրենց հերթին, թուրքական իրարայաջորդ կառավարութիւնները մերժում են ճանաչել իրենց նախորդների կողմից իրականացուած ցեղասպանութիւնները՝ խեղաթիւրելով պատմական փաստերը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը աշխարհի խորհրդարաններին կոչ է անում.
«Յանուն պատմական արդարութեան վերականգնման, հետագայ ցեղասպանութիւնների կանխման եւ ազգերի միջեւ բարի-դրացիութեան հաստատման՝ ճանաչել եւ դատապարտել հայ, ասորի եւ յոյն ժողովուրդների նկատմամբ անցած դարասկզբին Թուրքիայում իրականացուած ցեղասպանութիւնները»:


Ն.