7 Հոկտեմբերին, 67 տարի առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ, 84 տարեկանին վախճանեցաւ հայկական արդի նկարչութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Արշակ Ֆէթվաճեան։

1890ականներէն սկսեալ, Արշակ Ֆէթվաճեան նկարչի իր տաղանդն ու արուեստաբանի իր հըմտութիւնը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան անմահացումին։ Շրջեցաւ Հայաստանի տարածքին, մօտէն ուսումնասիրեց եւ ճաշակեց հայրենի ու ազգային մեր ժառանգութիւնը եւ իր ստեղծած գեղանկարներով ու գծանկարներով՝ յաւերժացուց հայկական ճարտարապետութեան հոյակերտ, կանգուն մնացած թէ կիսաւեր կոթողները, հայոց ազգային տարազներն ու յուշարձանները։
Յատկապէս Անիի աւերակ կոթողները սքանչելի արուեստով ու ճշգրտութեամբ պատկերող ջրանկարներու իր շարքով՝ Արշակ Ֆէթվաճեան գագաթ մը նուաճեց հայկական արդի նկարչութեան մէջ։
Իսկ երբ հայ ժողովուրդը 28 Մայիս 1918ին նուաճեց իր անկախութիւնը եւ հիմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, մեծատաղանդ նկարիչը եղաւ մտայղացման հեղինակը Հայոց Պետականութեան առաջին թուղթէ դրամանիշներուն եւ նամակադրոշմներուն։
Հայաստանի անկախութեան կործանումն ու խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրումը պատճառ դարձան, որ Արշակ Ֆէթվաճեան իր հերթին տարագիր դառնայ։ 1920ականներու սկիզբը կարճ ժամանակով ապրեցաւ Փարիզ, ապա վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր անցուց իր կեանքին վերջին 25 տարիները։ Խորհրդայինները սեւ ցանկի վրայ դրին մեծատաղանդ հայ նկարչին եւ երկար տասնամեակներ հայրենի հայութիւնը չկրցաւ ըստ արժանւոյն ճանչնալ ու գնահատել իր արժանաւոր զաւակին արուեստն ու վաստակը։
Իր կեանքի վերջալոյսին Ֆէթվաճեան որոշած էր հայրենիք ներգաղթել, բայց հիւանդութիւնը խանգարեց։ Մեծարժէք նկարիչին կտակը եղաւ իր հաւաքածոն ու աճիւնը փոխադրել Հայաստան, ինչ որ իրականացաւ։
Արշակ Ֆէթվաճեան ծնած էր Տրապիզոն, 1863 թուի Հոկտեմբեր 1ին, հայ յաջողակ առեւտրականներու տոհմական յարկին տակ։ Նախնական ուսումը ստացաւ Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ, ապա՝ ուղարկուեցաւ Պոլիս, որպէսզի արուեստներու նկատմամբ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Կոստանդնուպոլսոյ Կայսերական Գեղարվեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղաւ 1887ին։
Այնուհետեւ, Ա. Ֆէթվաճեան մեկնեցաւ Հռոմ, ուր չորս տարի ուսանեցաւ Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ՝ աշակերտելով Չեզարէ Մաքքարիին։ 1891ին, ուսման աւարտին, մասնակցեցաւ Իտալիոյ նկարիչներու ազգային ցուցահանդէսին։ 1891էն մինչեւ 1895 Ֆէթվաճեան աշխատեցաւ Վիեննայի մէջ, ուրկէ անցաւ Սան Փեթերսպուրկ, մօտէն ծանօթացաւ ռուսական նկարչութեան արդի հոսանքին եւ դարձաւ Ռուսաստանի նկարիչներու ընկերութեան անդամ։
Հայրենի հողին կանչը զինք ետ բերաւ Անդրկովկաս, հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուրկէ ձեռնարկեց պատմական Հայաստանի տարածքին իր հետազօտական շըրջապտոյտներուն։ Նկարեց հայկական հնագոյն յուշարձանները՝ ստեղծելով աւելի քան 2000 մատիտանկար ու ջրաներկ աշխատանքներ։ Ստեղծեց նաեւ հայ պետական գործիչներու, հայոց պատմութեան, դիցաբանութեան եւ ազգագրական թեմաներով աշխատանքներ, ինչպէս եւ՝ վերարտադրութիւններ կատարեց հայկական մանրանկարչութեան նմոյշներէն։
Արշակ Ֆէթվաճեան երեւոյթ էր նաեւ իբրեւ արուեստաբան, որ ոչ միայն մամուլի էջերուն լոյս ընծայեց գեղագիտական մեծարժէք յօդուածներ, այլեւ առանձին հատորներով հրատարակութեան յանձնեց հայկական ճարտարապետութեան նուիրւած իր ուսումնասիրութիւններն ու նկարազարդումները։
Ա. Ֆէթվաճեանի հետաքրքրութիւնները ընդգրկեցին հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութիւնը, գիրքերու ձեւաւորումը, հայկական ազգային տարազներու եւ ասեղնագործութեան արուեստին ներկայացումը:
Անդամ էր Ջրանկարիչներու միջազգային ընկերութեան։
Արշակ Ֆէթվաճեանին նուիրուած իր գնահատանքին մէջ, Հ.Հ. Մշակոյթի նախարարութեան կայքէջը կը կատարէ հետեւեալ արժեւորումը.
«Շրջելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր պատմական վայրերով՝ նա չափագրել, նկարել է բազմաթիւ յուշարձաններ, հայ ազգագրական տիպեր, հանդերձներ, իրագործել՝ վերականգնողական աշխատանքներ, գրել բազմահատոր երկեր՝ հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան մասին: Հայրենասէր արուեստագէտը նկարել է 6-13 դդ. արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի յուշարձանները (աւելի քան 2000 գրաֆիկական թերթ), որոնց պսակն են հանդիսանում ջրանկար «Անի»ները: Վերջիններս՝ Ա. Ֆէթվաճեանը պատկերել է գեղարուեստականին համարժէք հնագիտական, պատմական ճշգրտութեամբ: Այս աշխատանքներն ընկալւում են որպէս ճարտարապետական բնանկարի հիանալի գործեր՝ օժտուած գեղարուեստական ուժի ներգործութեամբ: 1918 թ. Էջմիածնում ստեղծել է տարազների ջրանկար շարք, որն այսօր էլ գերում է հագուստների մանրամասները վերարտադրելու իւրօրինակ վարպետութեամբ: Կատարողական վարպետութեան առումով՝ Ա. Ֆէթվաճեանը, անտարակոյս, ջրանկարի ամենախոշոր վարպետներից մէկն է հայկական կերպարուեստում»:
Իսկ անուանի արուեստաբան Լեւոն Չուգասզեանի արժեւորումով՝
«Արշակ Ֆէթվաճեանը հայ նկարիչների համաստեղութեան մէջ առաւել միջազգային հնչեղութիւն ունեցող վարպետներից է: 19րդ դարի վերջի եւորապական եւ հայկական իրականութեան հետ առընչուող նրա գեղագիտական դիրքորոշումների ու ոճի շնորհիւ՝ նա որոշ շատ կարեւոր ցուցահանդէսների փնտռուած մասնակիցն է դարձել եւ արժանացել բազմաթիւ առանձին յօդուածների ու յիշատակուել բազմաթիւ գրքերում։
«… Ջրաներկով ստեղծուած նրա աշխատանքները նուրբ ընկալման հրաշակերտներ են, իսկ իւղաներկով կատարուած պատկերները՝ դիտողականութեան ուժեղ դրսեւորումներ եւ մասնագիտական բարձր պատրաստուածութեան արտայայտութիւններ: Բացառութեամբ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Արշակ Ֆէթվաճեանին ժամանակակից եւ ոչ մի հայ նկարիչ չի ունեցել անգամ կողմնակի մանրամասները նկատելու եւ արձանագրելու այդչափ քննական եւ տեսողական սրութիւն»։
Հայկական գեղանկարչութեան մեծատաղանդ ներկայացուցիչին տեղն ու արժէքը դիպուկ բնութագրած է Արշակ Չօպանեան.-
«Ինչպէս Կոմիտաս Վարդապետը, որ բուն հայ երաժշտութիւնը գտնելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք, ճանչցուց զայն եւրոպացւոց, Ֆէթվաճեան ալ փայլուն ջանքեր ըրաւ՝ հայ ճարտարապետութիւնն ու քանդակագործութիւնը արեւմուտքի գեղասէրներուն ծանօթացնելու»:

Ն.