Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ Կիրակին Հայաստանեայց Եկեղեցին նուիրած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։
Խորքին մէջ մեր եկեղեցին երկու տօն նուիրած է հինգերորդ դարու հայոց Թարգմանիչ Սուրբերուն։
Առաջին տօնը նուիրուած է ուղղակի Սուրբ Սահակ Պարթեւ ու Մեսրոպ Մաշտոց Հայր Թարգմանիչներուն եւ կը նշուի ամէն տարի՝ Յունիսի վերջը կամ Յուլիսի սկիզբը։

Իսկ երկրորդը Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին գրաւող տօնն է, որ նուիրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի արժանաւոր աշակերտներուն՝ Եզնիկ Կողբացիի եւ Կորիւն Սքանչելիի, Եղիշէ Պատմիչի եւ Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, Ղեւոնդ Վանանդեցիի եւ մեր միւս թարգմանիչ մատենագիրներուն ու հայ մտքի ռահվիրաներուն։
Թէեւ իբրեւ եկեղեցական տօն սկսաւ Սրբոց Թարգմանչաց ոգեկոչումը, բայց ժամանակի ընթացքին ժողովրդային այնքա՜ն լայն ընդունելութեան գտաւ եւ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ աւան- դութիւն կերտեց ա՛յն աստիճան, որ նաեւ ազգային-ժողովրդային տօն դարձաւ՝ արժանաւորապէս խորհրդանշելով Հայ Մշակոյթի եւ Դպրութեան Օրը։
Եւ երբ 16 դարերու հեռաւորութենէն կը նայինք ու արժեւորման լուսարձակին տակ կþառնենք հինգերորդ դարու հայոց Թարգմանչաց Շարժումը, առաջին հերթին ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ ժողովուր- դին առանձնայատուկ՝ թարգմանիչներ սրբացնելու եւ անոնց տօն նուիրելու ազգային երեւոյթը։
Հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան երախտաւորներէն Խորէն Պալեանի վկայութեամբ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինք չեղաւ նախաձեռնողը Թարգմանչաց սրբացումին։ Մեր ժողովուրդը ի՛նք իբրեւ սուրբերու ընկալեց եւ պաշտամունքի առարկայ դարձուց հինգերորդ դարու թարգմանիչները։ Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին, ի տես ժողովրդային այդ փարումին, Սուրբերու կարգին արժանացուց հայ մշակոյթի եւ դպրութեան առաքելատիպ մեր նախահայրերը։
Սոսկ թարգմանիչներ չեղան Անոնք՝ բառին ընթացիկ, օտարներու ստեղծած մարդկային մտքի գլուխ-գործոցները հայերէնի փոխադրելու հասկացողութեամբ։
Ոչ ալ, նոյնիսկ, ժամանակի քաղաքակրթական նուաճումները հայացնելու, ազգային մեր լեզուամտածողութեան պատշաճեցնելու թարգմանական իրենց արժանիքին համար, միայն, անոնք սրբացուեցան։
Թարգմանչաց Շարժումը շատ ու շատ աւելին էր այդ բոլորէն, ուղղակի հայ գիրերու գիւտը մշակու- թային արարումով կենսագործելու մեծ երկունք մը եղաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, դարերուն բացուելու թռիչքով օժտեց մինչեւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքը ստեղծուած ու զարգացած հայ մշակոյթը՝ անոր վերանորոգման եւ նոր ժամանակներու շունչով վերահաստատման երթին թափ տալով։
Պատահական չէր, որ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց, Վռամշապուհ Արքայի ամբողջական աջակցութիւնը վայելելով՝ իրենց պատրաստած արժանաւոր աշակերտներու մեծաթիւ հոյլով ձեռնարկեցին, առաջին հերթին, նորաստեղծ հայ գիրերով Աստուածաշունչը թարգմանելու տիտանական աշխատանքին։
Աւելի քան երեսուն տարուան ժամանակաշրջան եւ հաւաքական երկունքի ճիգ խլեց թարգմանչական այդ աշխատանքը, պսակուեցաւ Աստուածաշունչի հայացումով, որ օտարներու իսկ վկայութեամբ՝ արժանացաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչումին։
Եբրայերէնի եւ յունարէնի հմուտ ու բազմակողմանի ճանաչողութեամբ ու հոգեմտաւոր մշակումի բարձրորակ մակարդակով կատարուեցաւ թարգմանչական աշխատանքը՝ զուգահեռաբար հայ թարգմանիչներուն ընձեռելով իրենց ժամանակի գիտութեան եւ ճանաչողութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ յաղթահասակ կանգնելու զարգացումը։
Հետեւաբար, հայկական ինքնասիրութիւնը շոյելու համար չէ, այլ Աստուածաշունչի հայացման հո- գեմտաւոր մեծ նուաճումը եւ, դարեր ետք, անոր լուսապսակը դարձած Նարեկը ըստ արժանւոյն մեծարելու մղումով է, որ օտարը նոյնիսկ վկայեց, թէ Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն հայերէ՛նն է։
Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը միայն սկիզբն էր երկանց։ Հետեւեցան աստուածաբանական իմաստասիրութեան եւ քրիստոնէական գրականութեան ժամանակի գլուխ-գործոցներուն նոյնքան յաջողակ թարգմանութիւնները, որոնք ենթահողը դարձան թարգմանչաց միեւնոյն սերունդին կողմէ ոչ-կրօնական, մարդկային մտքի տարբեր բնագաւառներէ ներս արձանագրուած օտարալեզու նուաճումներուն հայացման, ապա նաեւ՝ համապատասխանաբար հայկական մեծարժէք գործերու ստեղծումին։
Այդպէ՛ս, հայերէնով իրենց նոր կեանքը ապրեցան ժամանակի յոյն թէ ասորի շատ մը մեծութիւններ, ինչպէս Աթանաս Աղեքսանդրացի եւ Եփրեմ Խուրի Ասորի, Պրոկլ եւ Տիոնիսիոս Թրակացի, Արիսթոթէլ եւ Պղատոն, Փիլոն Եբրայեցի եւ Պորփիւր ու անուանի բազում այլ հեղինակութիւններ։ Անոնց իմաստասիրական, գիտական եւ գեղարուեստական գլուխ- գործոցներուն հայերէն թարգմանութիւնը եւ հայացումը ոչ միայն յատկանշուեցան հարազատութեամբ ու խոր ընկալումով, այլեւ ներշնչման աղբիւր դարձան թարգմանիչներու ինքնուրոյն ստեղծագործութեանց համար։
Մեծանուն այդ հեղինակներու գործերէն ոմանք, ինչպէս որ կը վկայէ հայոց ազգային մշակոյթի ուրիշ մեծ երախտաւոր մը՝ Ռաֆայէլ Իշխանեան, այսօրուան մարդկութեան ծանօթ են իրենց հայացուած տարբերակով, որովհետեւ մայրենի լեզուով գրուած բնագիրները կորսուած են...
Թարգմանչաց Շարժումը ազգային նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին դպրոցներու ցանց ստեղծելով ու ընդարձակելով։
Հարկ էր պատրաստել ու դաստիարակել հայերէն գիրն ու գրականութիւնը գիտցող ու գործածող նոր սերունդ, որ իր կարգին սեփական ժողովուրդը ա- ռաւելագոյն չափով հաղորդ ու մասնակից պիտի դարձնէր Թարգմանչաց իրագործած մեծ թռիչքին՝ հայ մշակոյթի եւ դպրութեան վերանորոգման, հայոց հոգեմտաւոր ինքնահաստատման կենարար երկունքին։
Հետագայ դարերու խաւարին եւ կործանման փորձանքին՝ հայ ժողովուրդը դիմադրեց իր Թարգ- մանչաց լոյսով։
Այդ արժեւորումով ալ սրբացուց իր Թարգմանիչները։
Սփիւռքի տարածքին մեր ժողովուրդն ու Հայաստանեաց Եկեղեցին աւանդապահօրէն եւ յաւուր պատշաճի ամէն տարի կը տօնէ Թարգմանչաց տօնը։
Իսկ հայրենի կողմն Հայաշխարհի, խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծին տակ երկար տասնամեակներ լուսարձակներէ հեռու եւ խորհրդապահօրէն նշուելէ ետք, Սրբոց Թարգմանչաց տօնը այսօր, վերանորոգ երկիւղածութեամբ, արժանացած է ամենամեայ հանդիսաւոր տօնակատարութեան՝ Հայաստանի վերանկախացումով։
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին հայրենական մերօրեայ վերանորոգումին մասին ահա՛ թէ ինչ կը վկայէ Հայկական Հանրագիտարանը.-
«Տարբեր ժամանակներում հայ թարգմանիչներին ձոնուել են ներբողներ, բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր: Թարգմանչաց շարժմանը եւ թարգմանիչներին է նուիրուած Վարդան Արեւելցու «Որք զարդարեցին» շարականը, որտեղ գովերգւում է թարգմանիչների ազգանուէր գործը: Հայոց մէջ տարածուած են Սբ. Թարգմանչաց անունով վանքեր, եկեղեցիներ, կրթական կենտրոններ (Հ.Հ. Արմավիրի մարզի Էջմիածնի ենթաշրջանի Այգեշատ գիւղի Սբ. Թարգմանչաց եկեղեցին, Կոստանդնուպոլսի Թարգմանչաց վարժարանը եւ այլն):

Ն.

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒ

Քեզանով է պայթել հունդը մեր գոյութեան,
Քեզանով ենք դարձել տուն ու երկիր,
Շառաչել ես դու հին հողում Արարատեան
Մինչեւ հնչիւնը քո դարձել է գիր։
Դու ոգին ես եղել մեր եղեգան փողի,
Ոգու կանչն ես եղել մեր պայքարող…
Կարող Էինք ապրել անգամ առանց հողի,
Բայց առանց քեզ ապրել չէինք կարող։
Քեզանով են խօսել սեպուհներն ու արքան։
Շինականն է խօսել յոգնած ու հեգ՝
Չեղեալ իր ատծոյ, իր սրտի եւ անգամ
Իր տանջանքի լծորդ լծկանի հետ։
Դու մեր անցած բոլոր ուղիներում մթար,
Եւ զրահ ես եղել եւ զօրավիգ,
Մարմնաւորել ես դու մեր գաղափարն արդար,
Դարձել Ցասման Մհեր, Թլոր Դաւիթ։
Մերթ հնչել ես որպէս կռուի կանչող շեփոր,
Մերթ հառաչել ուրպէս սիրտը ցաւոտ,
Հեքիաթներ ես հիւսել, առասպել ու էպոս,
Ողբերգութեան մատեան, ասք ու աղօթք։
Մերթ բուրել ես որպէս Վարդավառի ծաղիկ,
Ճախարակի թելն ես մերթ ոլորել,
Հայերէնն են դարձել շարական ու տաղիկ,
Անտունիներ անտուն եւ հորովել...
Մաքրութիւնն ես առել արեգական շողի,
Լուսաւորել ես մեր վերելքն անվերջ,
Արձագանգն ես եղել մեր մարտական փողի
Աւարայրից մինչեւ Թաման ու Կերչ։
Դու հնչում ես ահա որպէս երգ ու երգում
Շրթունքների վրայ իմ սերնդի,
Եղբայրական բոլոր լեզուների երթում
Սրտի խօսքն ես խօսում հողագնդի։
Հինաւուրց ու նորոգ դու իմ հայոց լեզու,
Դու աւելի փարթամ պիտի ծաղկես,
Երբ մեր երազն անգամ հայերէն է հիւսւում,
էլ կարո՞ղ ենք ապրել մենք առանց քեզ։
Ոչ մի մրրիկ ու հողմ մեզնից քեզ չի պոկի,
Եւ քեզ չի խափանի ոչ մի աղէտ,
Մեր գոյութեան արեւ, մեր ինքնութեան ոգի
Յաւիտենից ի վեր եւ առյաւէտ:

Համօ Սահեան