- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 3ի այս օրը, 94 տարի առաջ, քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի ներխուժող զօրքերուն միջեւ սեղմուած ու երկու կրակի մէջ յայտնուած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլալ եւ ստորագրել Ալեքսանդրապոլի պարտութեան Դաշնագիրը, որ ծանր տապանաքարի տակ դրաւ Հայկական Հարցը։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 2ի այս օրը ծանրակշիռ դարձակէտ մը արձանագրուեցաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ։
94 տարի առաջ, 2 Դեկտեմբեր 1920ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ստիպուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ
- Details
- Category: Յուշատետր
Դեկտեմբեր 1ի այս օրը, 115 տարի առաջ, իր ծննդավայր Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, թոքախտէ հիւծուած, 29 տարեկանին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Տիգրան Երկաթը, որ իր ժամանակին Եւրոպայի տարածքին մեծ հռչակ նուաճեց՝ իբրեւ Թրքական Չարիքին դէմ համընդհանուր պայքարի դրօշակիր հայ յեղափոխականի։
- Details
- Category: Յուշատետր
Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը, իր երդուեալ ընկերներով թէ համակիր ժողովուրդով, աւանդաբար ամէն տարեվերջի, հանդիսաւորապէս կը տօնէ «Մեր Օրը»։
Հ.Յ.Դ. «Մեր Օրուան» տօնակատարութիւնը ամէնուր կը ստեղծէ առիթը, որպէսզի Դաշնակցութեան կտրած ուղիին պատմական արժեւորումը կատարուի եւ լուսարձակի տակ առնուին, Դաշնակցութեան դիտանկիւնէն, հայ ժողովուրդի ներկան ու գալիքը յուզող ազգային-քաղաքական հիմնական հարցերն ու մարտահրաւէրները։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդի մերօրեայ պատմութեան գլխաւոր դարբիններէն կը հանդիսանայ Ռուբէն Տէր-Մինասեան, որ 1951 թուականի Նոյեմբեր 27ի այս օրը, Փարիզի մէջ, առյաւէտ փակեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ոգորումներով՝ Հայաստանի ու հայութեան Եղեռնեան Արհաւիրքով խոցուած ու Մայիսեան հրաշափառ Յարութեամբ լուսաւորուած իր խստաբիբ աչքերը։