Յունուարի 8ի այս օրը, տարի մը առաջ, յետ կարճատեւ՝ ծանր հիւանդութեան, Երեւանի մէջ 54 տարեկանին վախճանեցաւ հայ բեմի տաղանդաւոր վարպետներէն Արմէն Մազմանեան։

Իբրեւ բեմադրիչի ու դերասանի՝ Արմէն Մազմանեան քսան տարեկանէն սկսեալ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ հայրենի բեմական արուեստի նորարարական թարմացման մէջ։

Յու­նո­ւար 7ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­ւի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն եւ ­Հայ ­Լե­զո­ւի մե­ծա­վաս­տակ մշակ­նե­րէն ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի։

­Կեն­սագ­րա­կան աղ­բիւր­նե­րը շատ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն փո­խան­ցեր ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու Աբ­բա­հօր պաշ­տօ­նին ար­ժա­նա­ցած ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի մա­սին, որ իբ­րեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր ա­նու­նին կա­պած է անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեան, ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան եւ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քի բե­ղուն վաս­տակ մը։

Քրիստոնեայ աշխարհի այլազան ժողովուրդներու շարքին բացառութիւն կազմելու գնով՝ հայ ժողովուրդը Աստուածորդու Սուրբ Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6ին, մինչ Քրիստոնեայ մարդկութիւնը ընդհանրապէս Դեկտեմբեր 25ին կ'աւետէ աստուածայայտնութիւնը Յիսուս Քրիստոսի։

Դեկտեմբեր 30ի այս օրը, 149 տարի առաջ, այդ ատեն բրիտանական տիրապետութեան տակ գտնուող Պոմպէյի մէջ (Հնդկաստան), լոյս աշխարհ եկաւ համաշխարհային գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն Ճոզէֆ Ռուտիըրտ Քիփլինկ։

Հայոց Յուշատետրին մէջ իր արժանի տեղը ունի տարուան նախավերջին օրը ծնած անգլիացի յայտնի գրողը, բանաստեղծը եւ արձակագիրը։

74 տարի առաջ այս օրը, 1940ի Դեկտեմբեր 29ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի թոհուբոհով կլանուած Փարիզի մէջ, համազգային յուղարկաւորութեամբ եւ քաղաքական հանդիսաւորութեամբ, տարագրութեան ու օտարութեան ցուրտ հողին յանձնուեցաւ վահագնատիպ, այլ յոգնաբեկ ու անկենդան մարմինը հայ ժողովուրդի նուիրեալ ծնունդներէն Արշակ Ջամալեանի։