Դեկտեմբեր 24ի այս օրը, 16 տարի առաջ, Հայաստան տարուեցաւ անկենդան մարմինը Դաշնակցութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Հրայր Մարուխեանի։
Յաւիտենական իր հանգիստը գտնելու համար, Հայրենի Տուն վերադարձաւ մեր ժողովուրդի գաղափարապաշտ

Դեկտեմբեր 23ի այս օրը, 96 տարի առաջ, վերջ դրուեցաւ հարեւան եւ ճակատագրակից երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի նորանկախ հանրապետութեանց միջեւ յանկարծ բռնկած պատերազմին։
Վրացիներու կողմէ Հայաստանին պարտադրուած անիմաստ պատերազմ մըն էր եղածը։

22 Դեկտեմբերի այս օրը, 42 տարի առաջ, մեր երկրէն ու կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայկական արձակի մեծ վարպետներէն Մկրտիչ Արմէն, որ իր «Հեղնար Աղբիւր» վիպակով արժանաւորապէս նուաճեց անմահութիւնը եւ գնաց միանալու հայ գրականութեան Մեծերու հոյլին։

19րդ դարավերջին շղթայազերծուած հայ ազգային¬ազատագրական պայքարը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան շարժիչ ուժը հանդիսացաւ ոչ միայն յեղափոխական հայորդիներու հերոսական մարտունակութեան եւ գաղափարական անձնազոհութեան շնորհիւ, այլեւ հայ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս բարոյականութեան ու առաքինութեան ոգեւորիչ

Դեկտեմբեր 18ի այս օրը, 42 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վախճանեցաւ հայգրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն Նիկողոս Սարաֆեան՝ հայոց սերունդներուն ժառանգ ձգելով Սփիւռքէն եւ Արդի Ժամանակներէն ներշնչուած իրաւ գրականութեան խոհուն ու գեղեցիկ աշխարհ մը։