Դեկտեմբեր 2ի այս օրը ծանրակշիռ դարձակէտ մը արձանագրուեցաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ։
94 տարի առաջ, 2 Դեկտեմբեր 1920ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ստիպուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ ստորագրել անձնատուութեան ծանրագոյն պայմանագիր մը՝ մեր հայրենիքին ազատ ու անկախ պետականութեան ղեկը փոխանցելով պոլշեւիկներու այսպէս կոչուած Յեղկոմին։
Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ գործող Հ.Հ. կառավարութեան կողմէ պատմական այդ փաստաթուղթը ստորագրեցին պաշտպանութեան նախարար Դրօ եւ ելեւմտական նախարար Համբարձում Տէրտէրեան, իսկ Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռ.Ս.Ֆ.Ս.Հ. լիազօր ներկայացուցիչ Պորիս Լէգրան։
Պայմանագիրը կը բաղկանար 8 կէտերէ.-
Առաջինով՝ Հայաստանը կը յայտարարուէր «անկախ եւ սոցիալիստական Խորհրդային հանրապետութիւն»։
Երկրորդով՝ Հայաստանի բովանդակ իշխանութիւնը կը փոխանցուէր նոր կազմուող «ժամանակաւոր Ռազմա¬Յեղափոխական Կոմիտէ»ին։
Երրորդով՝ կը ճշդուէին Հայաստանի սահմանները, որոնք կը ներառնէին մինչեւ Սեպտեմբեր 1920ի թրքական արշաւանքը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կազմող անխտիր բոլոր տարածքները։
Չորրորդ եւ հինգերորդ կէտերով՝ կþորոշուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը եւ Դաշնակցութեան թէ ընկերվարական միւս կուսակցութեանց անդամները, մինչեւ պայմանագրի ստորագրութիւնը իրենց ունեցած գործունէութեան եւ քաղաքական կեցուածքներուն համար, որեւէ հալածանքի պիտի չենթարկուէին։
Վեցերորդով՝ կը ճշդուէր կազմը «Ռազմա¬Յեղափոխական Կոմիտէ»ին, որ պիտի բաղկանար 7 անդամէ, 5ը՝ Կոմունիստական կուսակցութենէն եւ 2ը՝ «ձախ դաշնակցականների խմբակ»ից։
Եօթերորդով՝ Խորհրդային Ռուսաստանը յանձն կþառնէր զինուորական անհրաժեշտ ուժերը տրամադրել «Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութեան պաշտպանութեան համար»։
Իսկ վերջին՝ ութերորդ կէտով կը յստակացուէր, որ մինչեւ կէս գիշեր գործադրութեան պէտք է դրուէր համաձայնագիրը, Հ.Հ. կառավարութիւնը պէտք է հեռանար իշխանութենէն եւ, մինչեւ Ռազմա¬Յեղափոխական Կոմիտէի Երեւան ժամանումը, իշխանութիւնը պէտք է յանձնուէր բանակի հրամանատարութեան՝ Դրոյի գլխաւորութեամբ, որուն կողքին կոմիսարի դեր պիտի ստանձնէր Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչներէն «ընկեր Սիլին»։
Որքան պատմական իր անդրադարձներով ծանրակշիռ, այնքան քաղաքական առումով ուսանելի շատ դասեր պարունակող քայլ էր Հայաստանի պետական ղեկին այդպէ՛ս փոխանցումը խորհրդայիններուն։
Նախ՝ ճնշման ու պարտադրանքի տակ գոյացաւ այդ համաձայնութիւնը։ Կարմիր բանակը արդէն՝ Նոյեմբեր 29ին ներխուժած էր Հայաստան, Իջեւանը գրաւելով։ Իսկ Քեազիմ Քարապէքիրի հրամանատարութեամբ Հայաստանի վրայ արշաւող թրքական բանակը հասած էր Ալեքսանդրապոլ, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Ալ. Խատիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պատերազմը դադրեցնելու բանակցութիւններ կը վարէր։ Փաստօրէն Հայաստան յայտնուած էր թրքական սալի եւ ռուսական մուրճի միջեւ։ Հետեւաբար, «չարեաց փոքրագոյնը» ընտրելու քայլ էր, ըստ ամենայնի, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը ընդունող պայմանագրին ստորագրութիւնը։
Ազատ ու անկախ Հայաստանը պարտադրաբար անձնատուր եղաւ խորհրդայիններուն՝ երկու կրակի մէջ յայտնուած ըլլալով. պոլշեւիկեան ներքին յեղաշրջում չէր եղածը, այլ՝ Կարմիր Բանակի կողմէ անկախ Հայաստանի փաստացի գրաւում։
Աւելի՛ն. պայմանագրին ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2ի ցերեկը եւ նոյն օրուան կէս¬գիշերին գործադրութեան դրուեցաւ կողմերուն միջեւ կայացած համաձայնութիւնը։
Պայմանագրին ստորագրութեան եւ գործադրութեան օրն ու ժամը կարեւոր նշանակութիւն ունեցան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան համար։ Ժամերու տարբերութեամբ, Դեկտեմբեր 3ի վաղ առաւօտեան՝ լուսցող գիշերուան ժամը 3ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ կնքուեցաւ երկրորդ պայմանագիր մը, այս անգամ քեմալական Թուրքիոյ եւ արդէն իշխանութիւնը խորհրդայիններուն փոխանցած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ։
Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իրաւականօրէն եւ իրողապէս դադրած էր գոյութիւն ունենալէ, երբ իր անունով Ալ. Խատիսեան ստորագրեց Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, որ Հայաստանէն հողային մեծ զիջումներ կը կատարէր Թուրքիոյ՝ ձեռքբերելու համար թրքական զօրքերու յառաջխաղացքին դադրեցումը։
Ամէն պարագայի, Խորհրդային Ռուսաստանը չյարգեց իր իսկ կողմէ պարտադրուած պայմանագիրը։
Ռազմա¬Յեղափոխական Կոմիտէն, հազիւ Երեւան հասած, անմիջապէս անհաշտ կռիւ յայտարարեց ոչ միայն Դաշնակցութեան եւ հայկական միւս կուսակցութեանց, այլեւ՝ բանակի սպայակազմին դէմ։
Առաջին իսկ օրերուն իսկ, Զօր. Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ՝ բանակի հրամանատարակազմը աքսորուեցաւ Ռուսաստանի խորերը։ Իսկ Երեւանի բանտերը լեցուեցան Դաշնակցութեան եւ միւս կուսակցութեանց երեւելի անդամներով։
Իսկ արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ, խորհրդայինները ոչ միայն անվաւեր չյայտարարեցին Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, այլեւ քեմալական Թուրքիոյ հետ աւելի ծանր պայմաններով համաձայնութիւններ կնքեցին նախ Մոսկուայի, ապա՝ Կարսի դաշնագիրներով, յաջորդաբար Մարտ եւ Հոկտեմբեր 1921ին։
Փաստօրէն 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած իշխանութեան «փոխանցում»ի պայմանագիրը պարզապէս սկիզբը եղաւ ապազգային այն քաղաքականութեան, որ խորհրդայինները մշակած էին եւ ի գործ դրին՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի անկախութեան ու ազգային պետականութեան կործանումն ու փոխարինումը խորհրդային կարգերով։
Մեծապետական իր այդ նպատակին հասնելու համար, Ռուսաստանը չվարանեցաւ մեղսակցութեան ձեռք երկարելու հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը գործադրած թրքական պետութեան։
Թրքական սալին եւ Ռուսական մուրճին ոճրագործ զինակցութեան «մեղքի պտուղ»ը եղաւ 2 Դեկտեմբեր 1920ի Հայաստանի պարտութեան ծանրակշիռ պայմանագրին ստորագրութիւնը։

Ն.