Դեկտեմբեր 3ի այս օրը, 94 տարի առաջ, քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի ներխուժող զօրքերուն միջեւ սեղմուած ու երկու կրակի մէջ յայտնուած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլալ եւ ստորագրել Ալեքսանդրապոլի պարտութեան Դաշնագիրը, որ ծանր տապանաքարի տակ դրաւ Հայկական Հարցը։

Քեմալական զօրքերը արդէն հասած էին Ալեքսանդրապոլի մատոյցներուն եւ անձամբ Քեազիմ Քարապեքիրի հետ ստորագրուեցաւ պարտութեան պայմանագիրը։
Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային ամբողջատիրութեան շուրջ 70ամեայ լուծին ամբողջ տեւողութեան, շատ մելան հոսեցաւ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին շուրջ։
Խորհրդայիններու ծաւալած հակադաշնակցական քարոզարշաւին ամէնէն չարչրկուած թիրախիներէն մէկը դարձաւ Ալեքսանդրապոլի պարտութեան Դաշնագրին ստորագրումը՝ վարչապետ Սիմոն Վրացեանի կառավարութիւնը ներկայացնող եւ Ալ. Խատիսեանի գլխաւորութեամբ կազմուած Հ.Հ. պատուիրակութեան կողմէ։
Խորհրդահայ պատմագրութիւնը յանկերգի պէս շարունակ կրկնեց, որ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրով «Դաշնակցական կառավարութիւնը Հայաստանը նուիրեց թուրքերին»… Բայց նոյն խորհրդահայ պատմագրութիւնը երբեք ազատութիւնը չունեցաւ խոստովանելու եւ ընդգծելու, որ Ալեքսանդրապոլի անվաւեր մնացած դաշնագրէն շատ աւելի մահացու հարուած հասցնող դաշնագիրներ եղան խորհրդայիններու ստորագրած Մոսկուայի եւ Կարսի Դաշնագիրները Քեմալի հետ։
Յամենայն դէպս, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի ղեկավարութեան՝ Դաշնակցութեան անխտիր բոլոր ներկայացուցիչներուն կողմէ (ինչպէս Ս. Վրացեան ու Ալ. Խատիսեան, Դրօ եւ Ռուբէն) նկատուեցաւ «խայտառակ» ու «ամօթալի» դաշնագիր մը։
Իրապէս հայոց նորագոյն պարտութեան ամէնէն նուաստացուցիչ քայլերէն մէկն է ստորագրումը Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին, որ իր 15 կէտերու շարքին՝ ա.) ամբողջապէս զինաթափման կþենթարկէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, բ.) վիճելի տարածքներ կը հռչակէր հայապատկան Կարսն ու Սուրմալուն, Շարուրն ու Նախիջեւանը, գ.) Սեւրի Դաշնագրէն հրաժարելու եւ Դաշնակիցներու հետ դիւանագիտական կապերը խզելու պարտաւորութեան տակ կը դնէր Հայաստանը եւ դ.) անվաւեր կը յայտարարէր Թուրքիոյ ի վնաս Հայաստանի կնքած բոլոր պայմանագրերը։
Փոխարէնը՝ քեմալական Թուրքիան պաշտօնական ճանաչում կը շնորհէր Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր կրճատուած ու խեղճացած սահմաններուն պաշտպանութիւնը իբր թէ ստանձնելով՝ որեւէ թշնամական յարձակման դէմ, իր լուծին տակ ինկած հայ քաղաքացիներուն իրաւահաւասարութիւն խոստանալով եւ վիճելի տարածքներու հարցին միջազգային օրէնքին համապատասխան «լուծում տալու» յանձնառութեան տակ մտնելով։
Թէեւ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, յատուկ կէտով մը, կը պարտաւորեցնէր ստորադիր կողմերը, որ մինչեւ մէկ ամիս իրենց խորհրդարաններուն կողմէ վաւերացման արժանացնեն այդ պայմանագրութիւնը, այսուհանդերձ՝ ստորագրութեան պահուն արդէն հայկական կողմը կորսնցուցած էր իրաւական իր հիմքը եւ, բնականաբար, Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ վաւերացման խնդիր։
Ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն մնացած չէր Դեկտեմբեր 2ի կէս գիշերէն ետք, այլեւ՝ գոյութիւն ունենալէ դադրած էր նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութիւնը.- Չկա՜ր այլեւս Հայաստանի Խորհրդարան, որ վաւերացնէր կամ մերժէր վաւերացումը Հայաստանը Թուրքիոյ անձնատուր դարձնող այդ պայմանագրին։
Դեկտեմբեր 3ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, երբ Ալ. Խատիսեան կը ստորագրէր Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, Հայաստանի պետական իշխանութիւնը արդէն փոխանցուած էր խորհրդայիններու կազմած Յեղկոմին։
Լենինի Ռուսաստանը ռազմավարական ընդհանուր գործարքի մէջ մտած էր Քեմալի ազգայնական շարժման հետ՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ազդեցութեան գօտիները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սահմանափակելու առաջադրանքով։ Աւելի՛ն, խորհրդայինները փութացին Մարտ 1921ին Մոսկուայի մէջ աւելի խայտառակ պայմանագիր մը ստորագրելու քեմալականներուն հետ, որպէսզի կարենան ճզմել Յեղկոմի լուծին դէմ պոռթկացած հայ ժողովուրդին 18 Փետրուար 1921ի ապստամբութիւնը, պոլշեւիկեան տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ վերահաստատել նպատակով։
Խորհրդայինները եւ քեմալականները այդքանով ալ չբաւարարուեցան եւ Հոկտեմբեր 1921ին ստորագրեցին Կարսի տխրահռչակ Դաշնագիրը, որպէսզի անդառնալիօրէն կոտորակեն եւ 30 հազար քառակուսի քիլոմեթրով պետութեան մը վերածեն Հայաստանը։
Այսպէ՛ս, Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը կը խորհրդանշէ ծանրակշիռ ճգնաժամի եւ խայտառակ պարտութեան պահերէն մէկը հայոց նորագոյն պատմութեան եւ սերունդներուն կը փոխանցէ հետեւեալ դաժան դասերը.-
- ա. Խորհրդային Ռուսաստանը իր ներքին հարցերը լուծելու համար, ըստ կամս վարուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ճակատագրին հետ՝ քեմալականները դարպասելու եւ սիրաշահելու սոսկական խաղաթուղթի մը վերածելով Հայաստանն ու հայոց ազգային անկախ պետականութիւնը։
- բ. Հայ իրականութեան մէջ ոչ մէկ արմատ ունեցող պոլշեւիկները, Կարմիր համազգեստ հագած թաթար-ազերի հայասպաններուն ապաւինած, «աշխատաւորական յեղափոխութեան» մեծ փորձադաշտի վերածեցին սուգի եւ սովի հայրենիք Հայաստանը։
- գ. Հայ ազգային-ազատագրական շարժման տասնամեակներու պայքարով անկախ Հայաստան կերտած հայ քաղաքական ուժերը, Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, ի զուր փորձեցին՝ չարեաց փոքրագոյնին փարելով, կարելի առաւելագոյնը փրկել թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ յայտնուած հայ ժողովուրդին յետ-եղեռնեան բեկորներուն ազգային-պետական վերապրումի կռուաններէն...
94 տարիներ անցած են Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին ստորագրումէն ասդին. աշխարհով մէկ դարակազմիկ փոփոխութիւններ արձանագրուած են եւ առնուազն երկու աշխարհակարգերէ անցած է ողջ մարդկութիւնը. բայց հայաստանեան կողմն աշխարհի, Թուրքիոյ ցեղասպանական ծանր ժառանգութեան ճնշման տակ, տակաւին կը շարունակուի յաճախանքը Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրի ստորագրութեան։
Թուրքիա կը շարունակէ իր կամայականութիւնը պարտադրել Հայաստանի, իսկ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, միշտ Թուրքիան սիրաշահելու մեծապետական (ներառեալ՝ ռուսական) քաղաքականութեան ճնշման տակ, այսօր եւս կը դիմագրաւէ թրքական նախապայմաններուն անձնատուր դառնալու դաժան ճնշումը։
Պատահական չէ, որ օրին Մուսթաֆա Քեմալ, արժեւորումը կատարելով Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին եւ անոր հետեւող Մոսկուայի ու Կարսի Դաշնագիրներուն, կը յոխորտար, թէ Հայաստանը եղաւ այն առաջին պետութիւնը, որ իրաւական ճանաչում շնորհեց Քեմալական Թուրքիոյ՝ անոր հետ միջազգային պայմանագիր ստորագրելով։
Այսօր Էրտօղանները ներշնչման աղբիւրի վերածած են Քեմալներու այդ յոխորտանքը, երբ Հայաստանին պարտադրուած թրքական շրջափակումը վերցնելու համար, հայ ժողովուրդի վաղուան սերունդներուն հաշւոյն պատմական զիջումներ կը փորձեն պարտադրել վերանկախացեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն...
Եթէ աշխարհաքաղաքական «նպաստաւոր» պահը կրկնուի միջազգային քաղաքականութեան մէջ եւ Ռուսաստանի հետ Թուրքիա կարենայ վերստին «զինակցութեան» մէջ մտնել, Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը իբրեւ «իւղոտ պատառի նախադէպ»ի՝ յուսալի հեռանկարներ կը բանայ թրքական պետութեան մեծապետական նկրտումներու առջեւ։

Ն.