Հայ ժողովուրդի մերօրեայ պատմութեան գլխաւոր դարբիններէն կը հանդիսանայ Ռուբէն Տէր-Մինասեան, որ 1951 թուականի Նոյեմբեր 27ի այս օրը, Փարիզի մէջ, առյաւէտ փակեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ոգորումներով՝ Հայաստանի ու հայութեան Եղեռնեան Արհաւիրքով խոցուած ու Մայիսեան հրաշափառ Յարութեամբ լուսաւորուած իր խստաբիբ աչքերը։

Առաջին հերթին Յեղափոխական Հայը, ապա՝ Ազգային Ղեկավարն ու Պետական Գործիչը, այլեւ ու մանաւանդ Հայկական Արեւելումի անվեհեր դրօշակիրը միս ու ոսկոր կազմեցին Ռուբէնի անձին, գործին ու մտածողութեան մէջ։
Յեղափոխականի մը սովորաբար տրուած կեանքի ժամանակէն երկար ապրեցաւ Ռուբէն, կռուի ճակատներուն վրայ չինկաւ, վերապրեցաւ ամէն կարգի կենաց-մահու ճակատումներէ, որպէսզի ի վիճակի ըլլայ առաջնորդելու եւ հունաւորելու իր այնքան պաշտած հայ ժողովուրդին վերապրումի երթը, հայոց նորահաս սերունդներուն Հայ Դատի յարատեւ պայքարը։
Ազգային ղեկավարն ու պետական գործիչը Ռուբէնի կերպարով միաձուլուած ապրեցան ու իբրեւ նոյն անհատանելի ամբողջականութիւնը գործեցին.
- Երբ Հայաստանի անկախութիւնը արմատաւորելու մարտահրաւէրը նետուած էր Մեծ Եղեռնէն վերապրած ջարդուկոտոր հայութեան՝ Ռուբէն վերցուց Հայաստանի հայացման կարեւորագոյն կռուի դրօշը եւ հաստատակամ յառաջ մղեց հայոց պատմութեան անիւը։
- Երբ Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը ներսէն քայքայելու եւ կործանելու օրհասական վտանգը դիմագրաւեցինք ազգովին՝ Ռուբէն անվարան ստանձնեց Հայոց Բանակի ղեկավարութիւնը, դասալքութիւն սերմանող դաւադիր ցեցերը վատնեց եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր գերագոյնը զոհաբերելու պատրաստակամութեան աւանդը ստեղծեց։
Սեփական կեանք չունեցաւ Ռուբէն՝ այնքա՜ն քանքարաւոր իր անհատականութիւնը լիարժէք դրսեւորելու եւ անձնական ինքնահաստատման ասպարէզ մը նուաճելու իմաստով։ Նոյնիսկ երբ ընտանիք կազմեց, մնայուն ու սեփական երդիք չունեցաւ, այլ բոլորով շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ առժամեայ բնակութիւն հաստատելով հոն, ուր Դաշնակցական Գործը տարաւ զինք։
Երիտասարդ տարիքի իր ողջ ներուժը անմնացորդ նուիրաբերեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարին՝ Կարսի հնոցին եւ Վանի յեղափոխական բնօրրանին մէջ իր կազմաւորումէն մինչեւ Սասնոյ ազատամարտին ղեկավարումը, 1907էն սկսեալ, ու Տարօնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն զինուորական հրամանատարութիւնը՝ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն։
Յեղափոխական յանդուգն գործիչի, գաղափարի աննկուն մարտիկի եւ քաջարի հայդուկապետի իր մեծ կենսափորձն ու հասունութիւնը Ռուբէն ամբողջապէս եւ արժանաւորապէս նուիրագործեց՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջաններէն մէկուն, 1917էն 1922 երկարող տարիներու ծանրակշիռ վերիվայրումներու յաղթահարումին։ Եղաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներէն եւ մեծագոյն ներդրումներէն մէկը ունեցաւ հայոց նորաստեղծ պետականութեան հիմերու ամրապնդման մէջ։
Ռուբէնի կեանքին ու մեծագործութեան դափնեպսակը կազմեց, տարագրութեան շուրջ երեսնամեայ երկարատեւ շրջանին՝ 1922էն 1951, հայ ազատագրական շարժման ազգային-քաղաքական, յեղափոխական-գաղափարական եւ կազմակերպական-բարոյական աւանդներուն բաց ճակատով ու խորասոյզ հայեացքով տէր ու արթուն պահակ կանգնելու մտաւորական մեծ թռիչքը։
1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընտրուած Ռուբէնը մինչեւ մահ մնաց ու գործեց այդ պատասխանատուութեան վրայ՝ դաշնակցական սկզբունքայնութեան, հետեւողականութեան եւ ինքնահաւատարմութեան անզուգական դրօշակիրն ու յառաջապահ Ուսուցիչը հանդիսանալով։
Ռուբէն իր ազգային-քաղաքական գրականութեամբ ուղղակի ճամբայ հարթեց եւ գալիքի ուղին հունաւորեց Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւած հայ քաղաքական մտքի խոր պառակտման ժամանակաշրջանին։ Ռուբէն պարզեց դրօշը հայակեդրոն արեւելումի ռազմավարութեան այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ ազգային ու ապազգային, ժողովրդավարական եւ ամբողջատիրական, յեղափոխական ու քաղքենիական հոսանքներու եւ արեւելումներու միջեւ ներազգային սուր պայքարները ահաւոր զառիթափի մը մատնած էին հայաշխարհը՝ բարդուելով Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներու հաւաքման, հայապահպանման, ինքնակազմակերպման ու վերականգնման ինքնին դժուարին պայքարին վրայ։
Ռուբէնի «Յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթհատորեակը, «Հայաստան՝ միջ¬ցամաքային ուղիներու վրայ» գիտաշխատութիւնը, «Հայ-թրքական կնճիռը», «Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը» եւ միւս անկորնչելի գործերը բառին բուն իմաստով այբբենարան դարձան ամբողջ սերունդներու համար եւ կը շարունակեն, իբրեւ այդպիսին, ուղի լուսաւորել նաեւ մեր օրերուն։
Ախալքալաքի ծնունդ էր կարնեցիի իր արմատներուն ամրօրէն կառչած այս Մեծ Հայը, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի եւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի մէջ ստացաւ իր ուսումը՝ թրծուելով ատենի ազգային-յեղափոխական այդ երկու մեծ հնոցներուն մէջ։
Հազիւ 21 տարեկան էր Ռուբէն, երբ իր սերունդը ոգեշնչած «Սահմանը անցնելու» հաստատակամութեամբ մուտք գործեց Արեւմտահայաստան՝ «բուն Հայաստանը», ինչպէս ինք կը սիրէր շարունակ ընգծել։ Այդ առաջին քայլով իսկ վճռուեցաւ ուղին Ռուբէն Տէր-Մինասեան անուն հայոց պատմութեան մեծ ուղեւորին, որ ամբողջ կէս դար նոյնացաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ՝ մարմնաւորելով հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը հունաւորած ու առաջնորդած գաղափարի մարտիկը։
Եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրումին զինուորագրուող հայորդիները, ինչպէս մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին, նոյնպէս եւ մեր օրերուն, Ռուբէնի Գործին ու Գաղափարական Կտակին մէջ անպայման կը գտնեն ուղիղ ճանապարհը ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-պետական լիիրաւ վերականգնման մեր երթին։


Ն.