Դեկտեմբեր 10ին, 23 տարի առաջ, Արցախի հայութեան հետ ամբողջ մեր ժողովուրդը պատմութեան կտակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէն։

Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի այս օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին։

Դեկտեմբեր 9ի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 180ամեակը հայ ժողովուրդի մեծարժէք դէմքերէն Գրիգոր Օտեանի, որ հանդիսացաւ 19րդ դարու հայոց ազգային ու պետական կարեւորագոյն գործիչներէն մէկը։
Իր մտաւորական հարուստ պաշարով, ազատախոհութեամբ եւ յառաջդիմական գաղափարներով՝ Գրիգոր Օտեան

204 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 8ի այս օրը, Ռուս-Պարսկական առաջին պատերազմի (1804-1813) ծիրին մէջ, ցարական զօրքը պարտութեան մատնեց խանական եւ թրքական ուժերը ու գրաւեց հայակերտ Ախալքալաքը (Նոր Քաղաք)։

«Կտակն էր Նահատակներուն» եւ Մեծ Եղեռնի 100ամեակի ոգեկոչման պատրաստուող պահանջատէր հայութիւնը, ամէն քայլափոխի, պարտաւոր է յիշելու եւ յիշեցնելու քաղաքական աշխարհին ու մանաւանդ թրքական պետութեան, որ հայ ժողովուրդը ոչ միայն Հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, այլեւ՝ Արդար Հատուցում ու Հայրենի Հող կը պահանջէ Ցեղասպանի ժառանգորդներէն։

Դեկտեմբեր 4ին, 132 տարի առաջ, հայակերտ ու հինաւուրց Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքին մէջ, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը իր յեղափոխական շղթայազերծման կարեւորագոյն ոստումներէն մէկը կատարեց։