images/stories/nerses%20varjabedian-26-10-2011.jpgՀոկտեմբեր 26ի այս օրը, 127 տարի առաջ, վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարթօնքին քաջարի ռահվիրաներէն Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ հայ հոգեւորականին ազգային ծառայութեան կոչումը բարձրացուց քաղաքական ու գաղափարական առաքելութեան մակարդակին։


Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարք արժանաւորապէս իր տեղը գրաւեց Հայոց Մեծերու համաստեղութեան մէջ թէ՛ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ու Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման դժուարին ու փշոտ ճանապարհին իր ունեցած նախակարապետի դերակատարութեամբ, թէ՛ հայոց ազգային¬եկեղեցական կեանքի ղեկավարման մէջ իր ցուցաբերած վարչական ձեռնհասութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդավարական օրինակելի վարքագծով։
Ներսէս Վարժապետեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի պատասխանատուութեան կոչուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ծայր առած էր Օսմանեան Կայսրութեան թաւալգլոր անկումը եւ թըրքական ազգայնամոլութիւնը թափ տուած էր հայկական նահանգները հայութենէ պարպելու ու հայրենի մեր հողը թրքացնելու ռազմավարութեան։ Երիտասարդ իր տարիքին Ներսէս Վարժապետեան ստանձնեց Հայոց Պատրիարքութիւնը  բարձրացնելով հայկական լայն ինքնավարութեան դրօշը։
Իր պատրիարքութիւնը նաեւ զուգադիպեցաւ հայոց ազգային զարթօնքի ծայր աստիճան զգայուն հանգրուանին, երբ ազգային¬եկեղեցական մեր կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարման մեծ շարժումը իր մեկնարկային տարերքին մէջ էր եւ ինքնահաստատման դժուարութիւնները յաղթահարելու հրամայականը կը դիմագրաւէր։
Յանուն ժողովրդավարականացման՝ տարակարծութիւններու, վէճերու եւ հակադրութիւններու առօրեայ մը ստեղծուած էր Պատրիարքարանէն ներս եւ անոր շուրջ. ազգային ժողովականութեան կեանքը թատերաբեմ դարձած էր եկեղեցական թէ աշխարհական գործիչներու ամէնօրեայ մրցապայքարին. անընդհատ Պատրիարք կը հրաժարեցուէր կամ կը փոխուէր՝ ժողովրդային քուէարկութեամբ Պատրիարքի ընտրութիւնը կատարելու եւ Պատրիարքի գործունէութիւնը հակակշռելու այլապէս առողջ սկզբունքին կիրարկումը ինքնանպատակ խաղի վերածելով։
Ահա ա՛յդ պայմաններուն մէջ, Ներսէս Վարժապետեան յաջողեցաւ իր ջանասիրութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, լայնախոհութեամբ եւ հեղինակութեամբ, թէ՛ Պատրիարքարանի եւ թէ ազգային¬ժողովականութեան կեանքը կայուն եւ համերաշխ հունի մէջ մտցնել ու արդիւնաւէտ աշխատանքի մղել։ Ներսէս Վարժապետեան եղաւ առաջին Պատրիարքը, որ անփոփոխ մնաց պաշտօնի վրայ մինչեւ իր վախճանումը։
Աւազանի անունը Պօղոս էր. իր անունն ու մականունը ժառանգած էր մեծ հօրմէն, որ ծանօթ երաժիշտ ու վարժապետ էր։ Ծնած էր 28 Յունուար 1837ին Խասքէօյ, Պոլիս։ Ուշիմ եւ փայլուն աշակերտ եղած էր իր թաղի Ս. Ներսէսեան դպրոցին մէջ։ 15 տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու հայրը՝ Ստեփանը։ Իբրեւ տան անդրանիկ զաւակը, հօր մահէն ետք, իր վրայ ծանրացաւ որբեւայրի մօր, փոքր քրոջ եւ երկու մանկահասակ եղբայրներուն ապրուստի հոգը։ 1853ին, 16 տարեկանին, ուսուցչութեան կոչուեցաւ իր թաղի դպրոցին մէջ եւ արդարացուց իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ 1855ին, ուսուցչական պաշտօնով տեղափոխուեցաւ Ադրիանուպոլիս, ուր արժանանալով առաջնորդին՝ Արիստակէս Եպիսկոպոս Ռափայէլեանի ուշադրութեան եւ հոգածութեան, 1858ին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ եւ այդպէս սկսաւ հոգեւորական իր բեղուն ծառայութիւնը, որ յատկանշուեցաւ արժանաւորութեան վերելքով։
1859ին իբրեւ հոգեւոր հովիւ վերադարձաւ Խասքէօյ։ Ոչ միայն իր ծննդավայր թաղին հոգեմտաւոր զարթօնքին դրօշակիրը դարձաւ, այլեւ՝ մտերմացաւ եւ սերտ գործակիցը դարձաւ եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած եւ Պոլիս վերադարձած ազատախոհ մտաւորականներու սերունդին, որ ձեռնարկած էր Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին։ Ներսէս Վարդապետ կարեւոր ներ- դրում ունեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան որ- դեգրման համար մղուած պայքարին մէջ եւ, այնուհետեւ, իրեն վստահուած ազգային¬հոգեւորական բոլոր աշխատանքները եւ պատասխանատուութիւնները լաւագոյնս ի կատար ածեց։ Հետեւաբար, արդէն կը վայելէր ընդհանուր յարգանք եւ հեղինակութիւն, երբ  26 Ապրիլ 1874ին ընտրուեցաւ Պատրիարք, հազիւ 37 տարեկան հասակին։
Մինչեւ 1884 Ներսէս Վարժապետեան արժանաւորապէս վարեց պատրիարքական պաշտօնը։ Բայց առողջական վիճակը փայլուն չէր, կը տառապէր շաքարախտէ, որ կտրեց բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուած կեանքի թելը Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի, երբ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր հայ ժողովուրդին։
Կիսաւարտ մնաց Գործը մեծարժէք հայ հոգեւորականին եւ ազգային գործիչին, որուն անունը անջնջելիօրէն կապուեցաւ Հայկական Հարցի ծագումին եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան առաջին քայլերուն՝ իբրեւ ջահակիրը հայ ազգային¬ազատագրական շարժման հեռատես գաղափարաբանութեան։
Ներսէս Վարժապետեանի պատրիարքութեան շրջանին զուգադիպեցաւ 1877¬78ի Ռուս¬Թրքական պատերազմը, որ աւարտեցաւ Ցարական Ռուսաստանի յաղթանակով ու Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի իրերայաջորդ, նաեւ իրերամերժ դաշնագիրներու կնքումով։ Դաշնագիրներ, որոնք Միջազգային Օրէնքի շրջագիծին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, նուիրագործեցին իրաւականութիւնը Հայկական Հարցին՝ մինչ այդ մեծապետական մրցակցութեանց սեղանին վրայ դրուած Արեւելեան Հարցի մեծ օրակարգին մէջ առանձնայատուկ տեղ, արժէք եւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն շնորհելով Հայկական Հարցին։
Ներսէս Պատրիարք մեծ ներդրում ունեցաւ Հայկական Հարցը մի- ջազգային բեմահար- թակ բարձրացնելու գործին մէջ՝ թէ՛ դիւանագիտական լայն շփումներով նախապատրաստական ծաւալուն աշխատանք կատարելով, թէ՛ զոյգ դաշնագիրներու պատրաստութեան ընթացքին հայկական պահանջները արժանաւորապէս բանաձեւելու ճիգ թափելով եւ թէ, մանաւա՛նդ, Պերլինի Դաշնագրի նահանջէն ետք հայ ժողովուրդը յարատեւ պայքարի մղելով։
Պատահականօրէն չէ, հետեւաբար, որ Խրիմեան Հայրիկի հետ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան դարձաւ գաղափարական նախակարապետը Հայկական Ազատամարտին։ Իր կողմէ պարզուած Հայկական լայն ինքնավարութեան դրօշը առաջնորդող ուղենիշ դարձաւ հայ յեղափոխական շարժման  շղթայազերծումին եւ հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու քաղաքական հունաւորման համար։ Թէեւ Խրիմեան ու Վարժապետեան երկուքն ալ հեռու էին, քաղաքական իրենց առաջադրանքներուն մէջ, Հայաստանի անկախացումն ու հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութիւնը պահանջելէ, այսուհանդերձ՝ Հայ Դատի իրատես ու հեռատես անոնց պահանջատիրութիւնը ուղեցոյց դարձաւ հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն համար, որոնք համապատասխան պատշաճեցումի ենթարկեցին իրենց արմատական պահանջները՝ առաւելագոյն եւ նուազագոյն առաջադրանքներու եւ ծրագիրներու մօտեցումը որդեգրելով։
Աւելի՛ն. Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը յարատեւ պայքարի վերածելու եւ բուն Երկիրը՝ հայկական նահանգները սեւեռակէտ դարձնելու առումով՝ Խրիմեանի հետ, Վարժապետեան ներշնչման աղբիւր դարձաւ հետագայ հայ յեղափոխական գործիչներուն։ Եւ այսօր, երբ կը խոնարհինք Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի անմեռ յիշատակին առջեւ, կþարժէ աղօթքի մը ջերմեռանդութեամբ արձագանգել Անոր պատգամին.
«Դէպի Երկիր, դէպի ժողովուրդ... Այսպիսի գործեր ո՛չ մէկ օրուան մէջ, ո՛չ մէկ մարդու ձեռքով կրնան կատարուիլ... Պատրաստուինք մեր ապագային։ Նախ չկենանք հոս (կþակնարկէ Պոլիս մնալուն ¬ Ն.). Հայաստան երթանք։ Հայաստան ղրկենք ինչ որ ունինք ազգին մէջ՝ բանիբուն, տաղանդաւոր, ազգասէր, եկեղեցասէր։ Հայաստան երթան մեր դաստիարակներ, ուսուցիչներ, մեր այնքան վառվռուն երիտասարդներ։ Հայաստան երթան մեր արուեստագէտներ, վաճառականներ։ Հայաստան երթան այնքան դժբախտ պանդուխտներ։ Ոչ եւս պիտի ըլլայ հոն սով, սրածութիւն, ոչ եւս հարստահարութիւն, ոչ եւս կենաց եւ ընչից եւ պատուոյ առեւանգութիւն, ոչ եւս աշխատութեան խափանում։ Ուղիներ պիտի բացուին, ջրանցքներ պիտի շինուին, գործարաններ պիտի կառուցուին»։

Ն.