Ապրիլ 24ին կը բացուի հայոց յուշատետրին ամէնէն սեւ ու արիւնալի էջը։
Երկրագունդի ամէնէն կորսուած անկիւնն ինկած հայ բեկորն անգամ, Ապրիլ 24ին, անպայման տեղը եւ ձեւը կը գտնէ միաժամանակ թէ՛ յարգելու յիշատակը բիւրաւոր մեր նահատակներուն, թէ՛ անմիջական շրջապատին ու ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, որ տակաւին անպատիժ կը մնայ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը։
97 տարի շարունակ այդպիսի՛ կսկիծով ու ցասումով է, որ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութիւնը, անկախ իր բնակութեան վայրէն եւ տուեալ հայօճախի կազմակերպուածութենէն կամ քանակական ու քաղաքական ներուժէն, ամէնուր Ապրիլ 24ին կը պարզէ հայկական պահանջատիրութեան դրօշը՝ Թրքական պետութիւնը դնելով Իրաւունքի եւ Արդարութեան ձայնին անսալու եւ հայ ժողովուրդին ամբողջական Հատուցում կատարելու անժամանցելի պարտաւորութեան տակ։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ նոյնինքն հայոց մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, Ապրիլ 24ի արեւածագի ժամերէն սկսեալ, ամբողջ օրը դադար չþառներ հարիւր¬հազարաւոր հայերու թափօրով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ, ուր Նահատակաց Յուշակոթողին անշէջ հուրով կը վերանորոգուի ողջ հայութեան պահանջատիրական ուխտը։
Ապրիլ 24 է դարձեալ։
97ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան։
Եւ հայրենի իր բնօրրանէն մինչեւ հայաշխարհի մերձաւոր թէ հեռակայ ափերը, իրաւատէր հայութիւնը վերստին շարժման մէջ դրած է իր ուժերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ բոլորուելով եւ հայոց պետականութեան կռուանին ապաւինելով, Իրաւունք ու Արդարութիւն պահանջելու համար աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծ պետութիւններէն եւ, յատկապէս, Թուրքիայէն։
Այո՛, Իրաւունքի եւ Արդարութեան հայկական պահանջը կþուղղուի նա՛խ մեծապետական աշխարհին, որովհետեւ 97 տարի է ահա, որ մեծերու «ներողամիտ» հայեացքին տակ թրքական պետութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ իր գործած ցեղասպանական ոճիրին մեղքի պտուղները անպատիժ ու անարգել վայելել, այլեւ՝ ամենայն կամակորութեամբ եւ Միջազգային Օրէնքի ու Իրաւունքի արհամարհական անտեսումով՝ յառաջ մղել Մեծ Ուրացման իր քաղաքականութիւնը։
Փաստօրէն մեծապետական աշխարհի անուղղակի թէ ուղղակի խրախուսանքով 2009ին հրամցուեցաւ եւ այսօր ալ հետեւողական ճնշում կը բանեցուի, յառաջ մղելու համար Թրքական Ուրացումը այս կամ այն տարազով օրինականացնելու քաղաքականութիւնը՝ այսպէս կոչուած «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ»ու տխրահռչակ դիւանագիտութիւնը վերստին շարժման մէջ դնելու փորձերով։
Այդ պատճառով ալ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ, իր մեծով ու պզտիկով, յատկապէս Ապրիլ 24ի այս օրերուն, ողջ աշխարհին կը ներկայանայ Թրքական Ուրացումին դիւանագիտական օրհնութիւն շնորհելու մեծապետական այդ քաղաքականութեան վերջ տալու մէկ ու միակ պահանջով։
Դժուար չէ բացատրել յատկապէս այս օրերուն Հայասպանին ցուցաբերած խուճապահար իրարանցումը, երբ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութիւնը նորովի հնարքներ կը փնտռէ իր Մեծ Ուրացումը շարունակելու համար։
Բայց ոչ մէկ պարագայի բացատրութիւն կրնայ ունենալ եւ մանաւանդ արդարացում գտնել մեծապետական ուժերուն, յատկապէս Մ. Նահանգներու դրսեւորած երկու չափ, երկու կշռի ամօթալի վարքագիծը։ Մեծապետական աշխարհը այսօր, հոս կամ հոն, Օրէնքի ու Ժողորդավարութեան, Իրաւունքի եւ Արդարութեան անունով նոյնիսկ զէնքի ուժով պատժական քայլերու կը դիմէ գործուած եւ շարունակուող որոշ ցեղասպանութեանց դէմ։ Բայց երբ կարգը կը հասնի հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործած ցեղասպանութեան եւ անոր շարունակուող հետեւանքներու սրբագրումին, նոյն այդ իրաւապահ, ազատախոհ ու արդարադատ նշանաբաններով իբր թէ առաջնորդուող մեծապետական ընտանիքը կը սկսի քաղաքական ու դիւանագիտական տարբեր նուագի տակ պարել... Կը փորձէ չարափոխել հայեւթուրք հակադրութեան էութիւնը, կþաշխատի առաջնահերթ իր նշանակութենէն պարպել Հայասպանութեան ճանաչման հրամայականը՝ փոխարէնը շեշտելով հայեւթուրք երկխօսութեան, մերձեցման եւ Հայաստան-Թուրքիա միջ-պետական յարաբերութեանց բնականոնացման կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը։
Ո՛չ թրքական Ուրացումը, ոչ ալ մեծապետական աջառութիւնը կրնան պատմաբաններու դատաստանին վերապահուած վիճելի հարցի մը վերածել արեամբ արձանագրուած Հայասպանութեան դաժան ճշմարտութիւնը։
24 Ապրիլ 1915ին կատարուեցաւ զանգուածային ձերբակալութիւնը Պոլիս ապրող հայ ժողովուրդի ներկայացուցչական դէմքերուն։ Աւելի քան 250 հոգեւորական, ազգային-քաղաքական, գրական-մտաւորական եւ մշակութային ղեկավար գործիչներ, մէկ գի- շերուան մէջ, նախապէս պատրաստուած եւ հայ դաւաճան-մատնիչներով ստուգուած ցանկերու հիման վրայ, ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան Չանղրի եւ Այաշ, որպէսզի ճամբու ընթացքին կամ աւարտին ամենայն վայրագութեամբ մորթուին...
Բառին բուն իմաստով հայ ժողովուրդի գլխատման պետական ոճրագործութիւն էր կատարուածը։
Այդ պատճառով ալ 24 Ապրիլը դարձաւ սեւ ու արիւնալի խորհրդանիշ թուականը հայ ժողովուրդի նահատակութեան։
Նոյն պատճառով է, նաեւ, որ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը, Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներու ոգեկոչման Սուգի օր հռչակելով հանդերձ Ապրիլ 24ը, տարիներու թաւալումին հետ աստիճանաբար իր մէջ զարգացուց եւ արմատաւորեց այն համոզումը, որ Հայաստանի եւ հայութեան համար տարուան բոլոր օրերը Ապրիլ 24 են այնքան ժամանակ, որքան արդարադատութեան առջեւ դեռ չէ բերուած ցեղասպան թուրք պետութիւնը եւ չէ արժանացած Մեծ Հատուցման արդար դատավճռին։
Ահա թէ ինչո՛ւ նահատակուած հայ ժողովուրդին նախ ազգային յիշողութիւնը կը խոցեն, ապա ազ- գային արժանապատուութիւնը կը վիրաւորեն բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն «անցեալի տխուր դէպքեր» որակել կամ, լաւագոյն պարագային, «Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործուած հայոց մեծ ջարդ» կոչել կատարուածը։ Անցեալը անցեալին մէջ ձգելու եւ սեփական գլուխը աւազին մէջ խրելով թաքնուելու ջայլամի քաղաքականութիւն է այդ մօտեցումը, որ խորքին մէջ, ազգային մեր յիշողութեան հետ ու կողքին, խաթարել կը փորձէ ամբողջ մարդկութեան յիշողութիւնը։
Եւ ինչո՞ւ...
Որպէսզի 2012 թուին ալ Թուրքիոյ վարչապետ մը կարենայ «առօք¬փառօք» արար աշխարհին հեգնաբար յայտարարել, թէ ոչ մէկ թուրք իշխանաւոր պիտի ընդունի, որ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է, որովհետեւ թուրք ազգային յիշողութեան մէջ իբր թէ նման բան չկայ, պատահած չէ եւ ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ թրքական պետութեան ստիպել, եղե՜ր, որ նման պատուէրի տակ փորձէ փոխել... սեփական ժողովուրդին յիշողութիւնը։
Որպէսզի նաեւ - ու աւելի մտահոգիչը - մերօրեայ աշխարհին ղեկը տնօրինող մեծապետական ուժերու առաջնորդները ճնշումի տակ չառնուին սեփական հանրային կարծիքին եւ միջազգային հասարակութեան կողմէ, թէ ինչո՛ւ անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը եւ չ'ենթարկուիր արդար դատաստանի։
Ապրիլ 24ի 97րդ տարելիցը, այս առումով, կու գայ շեշտելու, որ հնչած է ժամը Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը Հայասպանութեան ճանաչումէն ու դատապարտումէն անդին տանելու եւ նախ՝ Հայասպանութեան ուրացումը ամէնուրեք քրէական, օրէնքո՛վ պատժելի յանցագործութիւն հռչակելու, ապա՝ նոր ժամանակներու օրինականութեամբ թրքական պետութիւնը դնելու հայ ժողովուրդին ամբողջական հատուցում կատարելու իր անժամանցելի պարտաւորութեան առջեւ։
Իրաւատէր հայութիւնը քաղաքական ու արդարադատական ամէն հիմք ունի պահանջելու, որ Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ոճրագործութիւնը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ ցեղասպանական յանցագործութիւն։
Մանաւանդ՝ վե՛րջ տրուի ամէն կարգի ուրացման։
Հայ ժողովուրդը ապրող վկան է, կը յիշէ՛ եւ շարունակ պիտի յիշեցնէ՛ աշխարհին, մանաւանդ Թուր- քիոյ, որ Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ծրագիրը դեռ չէ դատուած եւ, առանց Իրաւունքի ու Արդարութեան մեծ հատուցումին, չի կրնար անցեալի փակուած էջ մը համարուիլ, այլ կը մնայ շարունակուող՝ թրքական գործո՛ղ քաղաքականութիւն։
Որպէսզի արար աշխարհին հետ նաեւ թուրք ժողովուրդը գիտնայ ամբո՛ղջ ճշմարտութիւնը։
Որովհետեւ Մեծ Ուրացումին յաղթահարումը եւ հայ ժողովուրդին ազգային¬քաղալական իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնումը կը կազմեն այն միակ երաշխիքը, որ կրնայ յուսալի հորիզոն բանալ հայեւթուրք իսկական երկխօսութեան առջեւ։
Ն.