Մայիս 10ի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 174րդ տարեդարձը բրիտանացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչ՝ իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայսի, որ նախակարապետներէն մէկը եղաւ Հայկական Հարցի իրաւական հիմնաւորումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին։
Դերկոմս Ճէյմս Պրայսի օրինակին ու աւանդին վրայ կեդրոնանալու յատուկ պատճառներ ունինք մանաւա՛նդ մեր օրերուն, երբ Մեծ Ուրացման իրենց պետական քաղաքականութիւնը վերանորոգ թափով յառաջ մղելու նպատակով՝ Թուրքիոյ վարիչները շարունակ կը պնդեն պատմական ճշմարտութեանց քննարկումն ու վճռահատումը պատմաբաններուն յանձնարարելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Իսկ Ճէյմս Պրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին։ Ապա՝ պատմական ճշմարտութիւնը - փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը - իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց։ Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործուած ոճիրը՝ իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութիւն։
Ճէյմս Պրայս 10 Մայիս 1838ին ծնած էր Պելֆասթ (Իրլանտա)։ Պելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուեցաւ Օքսֆորտի Թրինիթի Գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինկþզ Գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։ Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնտոնի մէջ, բայց 1870ին հրաւիրուեցաւ Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։
Իրաւաբանութեան կողքին Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864ին լոյս ընծայած էր «Հռոմէական Սրբազան Կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։
Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ էր։ 1872ին ան ճամբորդեց Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական Սակա»ներու երկիրը։ Իսկ 1876ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։ Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։ Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղաւ 1877ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին։
Միաժամանակ քաղաքական գործիչ էր Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով։ Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։ Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով, Ճէյմս Պրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխ¬նախարարի պաշտօնին։ Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։ 1907ին ան նշանակուեցաւ Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։ Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացաւ Էդուըրտ 7րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին՝ Լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։
Երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Պրայսի յանձնարարեց Պելճիքայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915ին լոյս տեսաւ «Պրայսի Զեկոյց» անունով։
Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած ու յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ՝ 1915ի Յուլիսին, Պրայս Լորտերու Պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով թրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ։ Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Պրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի գործակցութեամբ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործուած թրքական ջարդերուն մասին։ Պրայս-Թոյնպի երկեակը իր մանրակրկիտ աշխատանքը աւարտեց եւ, իբրեւ բրիտանական կառավարութեան «Կապոյտ Գիրք»ը, 1916ին լոյս ընծայեց իր հաւաքած փաստաթուղթերուն, վկայութիւններուն եւ քաղաքական արժեւորումներուն արդիւնքը։
Իր կեանքի վերջին տարիներուն, Պրայս նշանակուեցաւ Լա Հէյի Միջազգային Ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու Լիկայի ստեղծման մէջ, բայց յատկապէս Առաջին Աշխարահամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներու նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամսբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը։
Այսպիսի՛ բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ 1838ի այս օրը, Մայիս 10ին Պելֆասթ ծնած պետական-քաղաքական այս մեծ գործիչը, որ ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ՝ դերկոմս Ճէյմս Պրայս իր անունը անմահացուց հայոց ազգային յիշողութեան մէջ, իբրեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ մը ու Հայկական Հարցի միջազգայնացման բրիտանացի նախակարապետը։
Ն.