21 Մայիսի այս օրը, 94 տարի առաջ, Կ. Պոլսոյ մէջ աչքերը առյաւէտ փակեց արեւմտահայ գրականութեան «կրտսեր ռոմանթիքներ»ու շարքին բանաստեղծի իր անկիւնը գրաւած Մկրտիչ Աճէմեան։
Ութսուն տարի ապրեցաւ եւ 1860ականներէն սկսեալ, արեւմտահայ գրականութեան անդաստանէն ներս, մնայուն ներկայութիւն մը եղաւ համեստ տաղանդի տէր այս բանաստեղծն ու թարգմանիչը։

Թէեւ մեծն Օշական քննադատի գրական-գեղարուեստական չափանիշները բաւարարող բանաստեղծական մնայուն գործեր չկապեց իր անունին, Մկրտիչ Աճէմեան այդուհանդերձ ունեցաւ ի՛ր ուրոյն ու մնայուն ընթերցողը։ Նոյնիսկ Օշական ինք կը վկայէ, որ ընթերցողներու խաւ մը սիրեց ու փնտռեց յղկուած արեւմտահայերէնով, անմիջական ու պարզ զգացումներով եւ չափուած¬ձեւուած խոհական պատկերներով յատկանշուող քերթուածները Մկրտիչ Աճէմեանի։
Աւելի քան յիսուն տարի ստեղծագործած եւ այսօր գրեթէ մոռցուած բանաստեղծը ծնած էր 1838ին Օրթագիւղ, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր իր ծննդավայր թաղամասի Թարգմանչաց, ապա՝ Նարեկեան եւ, այնուհետեւ, Բերայի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Այս վերջինը նաեւ հնարաւորութիւնը ընձեռեց ջանասէր այս աշակերտին, որ ղրկուի Վենետիկ եւ ուսանի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով եւ կրելով շեշտակի ազդեցութիւնը հայր Ղեւոնդ Ալիշանի։
1858ին վերադառնալով Պոլիս, օսմաներէնի ու եւրոպական լեզուներու իր հմտութեան շնորհիւ, Մ. Աճէմեան պաշտօն ստացաւ Պոլսոյ հեռագրատան մէջ, որուն յարգուած պաշտօնեան մնաց մինչեւ իր մահը։ Ունեցաւ ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն։ Ընտրուեցաւ ազգային երեսփոխան, նաեւ՝ թաղական խորհուրդի անդամ։ Ընկերային անարդարութեանց դէմ բողոքի ձայն բարձրացնող հեղինակ մը եղաւ։
1860ականներու վերջերէն մնայուն մասնակցութիւն բերաւ Պոլսոյ հայութեան մշակութային կեանքին, յատկապէս թատերական ասպարէզէն ներս աշխուժութիւն ցուցաբերելով։ Ռոմանթիք դպրոցին հետեւող բանաստեղծ մը ըլլալով հանդերձ՝ ջատագով մը եղաւ իրապաշտ գրականութեան զարգացումին։
Առաւելաբար բանաստեղծութիւններ գրեց, բայց իր ժամանակն ու գրիչը նուիրեց նաեւ թատերական գործերու յօրինումին (ինչպէս «Վահագն» թատրերգութիւնը) ու եւրոպական ծանօթ հեղինակներէ թարգմանութեանց։
Բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն («Ժպիտք եւ արտասուք») լոյս տեսաւ 1871ին։ 1887ին հրատարակեց քերթուածներու իր երկրորդ գրքոյկը՝ «Լոյս եւ Ստուեր» խորագրով։ 1892ին լոյս տեսաւ «Գարնան Հովեր» անունով բանաստեղծութեանց իր երրորդ հաւաքածոն։ Իսկ 1908ին, ծննդեան 70ամեակին առիթով, ընթերցողին հրամցուց բանաստեղծութեանց իր չորրորդ եւ վերջին ժողովածուն՝ «Թրթռուն յանգեր - Խունկի բուրումներ» անունով։
Թարգմանութիւններ կատարեց Շիլլերի, Լամընէի, Լաֆոնթէնի, Պերանժէի եւ ֆրանսացի այլ գրողներու հռչակաւոր գործերէն, որոնք եւ մէկտեղուեցան ու առանձին հատորով լոյս տեսան 1911ին՝ «Զանազան թարգմանութիւնք» խորագրով։
Մուշեղ Իշխան հետեւեալ բնութագրումով ներկայացուցած է Մ. Աճէմեանի ստեղծագործական յուզաշխարհն ու արժէքը.-
«Ազնիւ զգացումներով եւ մտածումներով օժտուած հոգի մը, որ փորձած է երգել առաւելաբար բնութեան ներշնչած ապրումները, բայց իր բանաստեղծութեան կը պակսի վարակիչ ջերմութիւնը։
«... Մ. Աճէմեան առտնին, ընթացիկ նիւթերու բանաստեղծն է։ Իր ընտրած նիւթերուն պէս, զանոնք մշակելու եղանակն ալ պարզուկ է եւ սովորական։ Լեզուն՝ պարզ աշխարհաբար, ատոր համար ալ մատչելի բոլորին եւ հաճելի նոյն ատեն, որովհետեւ ճիգ չի պահանջեր»։
Համեստ տաղանդի տէր այս բանաստեղծին մահուան 94րդ տարելիցը ոգեկոչելու, ինչպէս եւ հայ գրականութեան դարաններուն մէջ մոռացութեան մատնուած այս հեղինակին ստեղծագործական ժառանգութենէն նմոյշ մը ընթերցողին ներկայացնելու համար, յուշատետրի այս սիւնակը կը փակենք Մկրտիչ Աճէմեանէն յայտնի քերթուածի մը արտատպումով.-

ԲԱՑԱԿԱՆ

Մկրտիչ Աճէմեան

Իմ աչքերէս փախեր է քուն...
Նոր կը բացուի դռնակն այգուն
Ու պատառուն ամպոց մէջէն
Վարդի խուրձեր կը բողբոջեն։

Հոս հորիզոնը կարմըրի,
Հոն լուսնկան կը մարմըրի,
Բիւր ադամանդ շողեր՝ կարծես
Կը բեկբեկեն ծովուն երես։

Լերանց մէջքին կապոյտ գօտի
Լայն ծալքերով կը փոթփոթի.
Խօլ ձեւերով դաշտին վըրայ
Շուքն երկարի ծառոց հսկայ։

Ճըլւումներով՝ թփոց տակէն
Սարեկներն ալ դուրս կը ցատկեն...
Բայց ի՜նճ փոյթ ինձ լույս ու շողեր,
Զիս պաշարեն վախ ու դողեր։

Զեփիւռին շունչ ու ծաղկին բոյր
Ա՛լ ինձ համար չունին հրապոյր.
Սարեկներուն հրճուանքն ի՜նչ փոյթ,
Զուարթ երգերն ինձ տան ձանձրոյթ։

Զի միտքս իրմով միշտ կը զբաղի,
Ու կուլ կուտամ արցունք աղի$
Ա՜հ, կարօտն է փուշ մը թաքուն...
Ա՛լ աչքերէս փախեր է քուն։


Ն.