Այսօր ծննդեան տարեդարձն է ու քսանամեակը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին՝ հայ ժողովուրդի միակ համազգային ու ներկայացուցչական այս կառոյցին գործնապէս իրականութիւն դառնալու եւ իր առաջին քայլերը նետելու իմաստով։
20 տարի առաջ, 1992ի այս օրը՝ 14 Մայիսին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ նորաստեղծ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի նորակազմ Հոգաբարձումներու Խորհուրդին առաջին լիակատար նիստին։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հոկտեմբեր 1991ին նոր վերականգնած էր իր երբեմնի անկախութիւնն ու ազատութիւնը, երբ քանի մը ամիս ետք՝ 1992ի Մարտ 3ին, Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնական հրամանագրով կեանքի կոչուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը։ Հ.Հ.Հ.ի կազմութեան պետական որոշումը միս ու ոսկոր ստացաւ 14 Մայիս 1992ին, երբ Հիմնադրամի ղեկավար մարմինը՝ Հոգաբարձուներու Խորհուրդը կեանքի կոչուեցաւ եւ գումարեց իր անդրանիկ նիստը։
Այդպէ՛ս ծնունդ առաւ համահայկական կեդրոնական կառոյցի մը ստեղծման գաղափարին նորագոյն, յաջո՛ղ նախաձեռնութիւնը։
Պատմական փաստ է, որ հայրենիքին, երկրի հայութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան օգնութեան փութալու գաղափարը միշտ ալ վառ եղած է աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի անկախութեան նուաճման օրերուն իսկ, 1919 թուականին, Մեծ Եղեռնէն վերապրած արեւմտահայ քաղաքական միտքը իր մէջ բաւարար ուժ գտաւ, որպէսզի Պոլսոյ մէջ նախաձեռնէր Հայաստանի օգնութեան համահայկական կառոյց մը ստեղծելու քայլին։
Եւ այդ քայլին անվերապահօրէն եւ անմիջապէս ընդառաջեց ու տէր կանգնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի ղեկավարութիւնը։
Իսկ Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, խորհրդայինները առաւելագոյնս չարաշահել փորձեցին մեր ժողովուրդին ազգային-հայրենասիրական այդ վառ ապրումները... Հայաստանի օգնութեան հասնելու նշանաբանին տակ, Կարմիր Երեւանը հետամուտ դարձաւ, սփիւռքեան կառոյցներու սերմանումով, խորհրդային համայնավարութեան ազդեցութիւնը աշխարհով մէկ տարածելու այլասերիչ նպատակին իրականացման...
«Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ» եւ «Հայրենիքի Օգնութեան Ֆոնտ» անուններու տակ, խորհրդայիններուն կողմէ կեանքի կոչուած այդ «համահայկական կառոյցներու» դառն ու տխուր պատմութեան, այլեւ ազգը պառակտող անոնց գործունէութեան անդրադառնալու առիթը չէ սակայն այսօր։
Այսօր տարեդարձն է ու քսանամեակը մեր ժամանակներու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, որուն յոբելեանը ողջնուող պաշտօնական իր ուղերձին մէջ, Հ.Հ. երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ Մարտին կը շեշտէր.
- «1992 թուականի Մարտի 3ին, մեր անկախ պետականութեան կազմաւորման զուգընթաց, հիմնուեցաւ համահայկական կառոյց մը, որ արդէն երկու տասնամեակ, համախմբելով համայն հայութեան ներուժը, եզակի առաքելութիւն մը կþիրականացնէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ կառուցելով ու նորոգելով հարիւրաւոր քիլոմետրեր երկարութեամբ ճամբաներ, կազատարներ ու ջրատարներ, արդիական հիւանդանոցներ, կրթօջախներ ու մշակութային հաստատութիւններ:
«Այս փառաւոր ճանապարհը հիմնադրամն անցած է ձեռք-ձեռքի տուած‘ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող իր բազմահազար նուիրատուներուն հետ, որոնց անկոտրում կամքին ու անմնացորդ նուիրումին արդիւնքով՝ կեանք առած են մեր հայրենիքին համար կարեւորագոյն նշանակութեամբ ենթակառուցուածքներ:
«Այս յոբելեանը կը խորհրդանշէ 20 տարիներու մեր միասնական ձեռքբերումները, մեծ ու փոքր յաղթանակները, որոնք ուղղուած են հայ ժողովուրդի բարօրութեանն ու մեր երկրի յառաջընթացին:
«Այս պայծառ յոբելեանի առթիւ ջերմագին շնորհաւորանքներ կը յղեմ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ կը մաղթեմ, որ իրականանայ շէն ու զօրաւոր հայրենիքի մէջ ապրելու բոլորիս երազանքը»:
Հայաստանի գործող նախագահին հետ ողջ հայութիւնը արդար իրաւունքը ունի հպարտութեամբ ողջունելու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի նուաճած ուղին, որ այնքան ալ հեզասահ չեղաւ։
Ընդհակառակն՝ հարթուեցաւ ծանր փորձութիւններ յաղթահարելու եւ քաղաքական խոչընդոտներ վնասազերծելու գնով։
Մեր սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ տակաւին կը յամենան վերապրուկները քաղաքական ու գաղափարական պառակտման այն հեղձուցիչ մթնոլորտին, որ սկզբնական տարիներուն, յատկապէս մինչեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախագահական պաշտօնէն հրաժարումը, հետեւեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի քայլերուն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի նախագահական առաջին իշխանութիւնը փաստօրէն փորձեց եւ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի «քաղաքականացնէ» եւ սեփական իշխանութեան հաշիւներուն ծառայեցնէ համազգային այնքա՜ն կենսական այս կառոյցը եւս...
Աւելի՛ն. Հայաստանի նախագահական անդրանիկ իշխանութեանց օրով՝ Հ.Հ.Հ.ն գործնապէս վերածուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի «զէնք»ի, ինչ որ իր կարգին պատճառ դարձաւ, որպէսզի ընդհանրապէս Սփիւռքի տարածքին հայօճախները վերապահութեամբ մօտենան Հիմնադրամի տեղական մարմիններ առաջացնելու եւ տարեկան հանգանակութեան գործը ամէնուր իրականացնելու ծրագիրներուն։
Քաղաքական այդ պառակտիչ դերակատարութիւնը աւելիով շեշտելու ծառայեցին Հիմնադրամի ատենի ղեկավարութեան գործած նիւթական չարաշահումները՝ հանգանակուած նուիրատուութեանց ըստ կամս եւ ի սպաս անձնական իւրացումներու մսխումները, որոնք յանգեցան Հ.Հ.Հ. ատենի գործադիր տնօրէն Մանուշակ Պետրոսեանի տխրահռչակ գայթակղութեանց քողազերծումին...
1998էն ասդին մեր ժողովուրդը կարեւոր ճամբայ կտրեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը իր կոչումին բարձրութեան արժանացնելու ուղղութեամբ։
Եւ այսօր հպարտութեամբ կը նշենք քսանամեակը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ազգանուէր գործունէութեան։
Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Հ.Հ.Հ.ի կառոյցին, կþարժէ նկատի ունենալ, որ ըստ հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ Հ.Հ.Հ.ի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը Հոգաբարձուներու Խորհուրդն է, որուն նախագահը ի պաշտօնէ Հ.Հ. նախագահն է։ Խորհուրդը կը բաղկացնեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Լ.Ղ.Հ. նախագահը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վարչապետները, Հ.Հ. Սահմանադրական Դատարանի, Ազգային Ժողովի եւ Կեդրոնական Դրամատան նախագահները, Հ.Հ. նախարարներ, համահայկական երեք կուսակցութեանց՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան լիազօրած ներկայացուցիչները, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի պատասխանատուները, սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներ ու գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։
Հիմնադրամի աշխատանքներում աշխոյժ մասնակցութիւն եւ մեծ ներդրում ունին Հ.Հ.Հ.ի 23 տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի 22 երկիրներու մէջ.- Միացեալ Նահանգներ (Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք), Ֆրանսա, Քանատա (Թորոնթօ եւ Մոնրէալ), Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Շուէտ, Լիբանան, Աւստրալիա, Պրազիլիա, Արժանթին (Պուէնոս Այրէս եւ Քորտոպա), Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա, Ուրուկուէյ, Ռումանիա, Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Իրան, Իտալիա եւ Քուէյթ։
Վերջին 10 տեղական մարմինները ստեղծուեցան 2009 -2012 տարիներուն։
Տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները կը մասնակցին Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նիստերուն, որուն անդրանիկ լիակատար գումարման քսանամեակն է մայիս 14ի այս օրը։
Հիմնադրամի ծրագիրներուն իրականացման համար, այս քսան տարիներու ընթացքին, հաւաքուած է աւելի քան 270 միլիոն տոլար։
Հիմնադրամի քսանամեակին առիթով կ'արժէ մաղթել եւ յուսալ, որ համահայկական իր առաքելութիւնը լիարժէք եւ ամբողջական դարձնելու ճամբուն վրայ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը իր ծրագիրներուն կարկինը լայն բանայ եւ ներառնէ սփիւռքեան գօտիի այն հայօճախները եւ կառոյցները, որոնք ծանր տագնապ կը դիմագրաւեն իրենց հայապահպանման եւ ազգակերտման գործունէութեան ընթացքին։
Ն.