Մայիս ամսու սկիզբին տօնեցինք մեր նորագոյն պատմութեան յաղթանակներու 20ամեակը՝ Շուշիի ազատագրման եւ Հայոց բանակի կազմութեան կարեւոր թուականներով: Այժմ պահն է տօնելու 1918 թուականի Մայիսի 28-ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութեան 94ա- մեակը, որ պսակն է մեր դարաւոր պայքարներու:
Կարելի՞ է արդեօք զանազանել կամ իրարու բաղդատել յաղթանակները: Վստաբար ոչ: Իւրաքանչիւրը իր ուրոյն արժէքն ու նշանակութիւնը ունի, ինչպէս եւ իր վճռական ազդեցութիւնը ազգի պատմութեան մէջ յաջորդող հանգրուաններուն: Բայց եթէ փորձենք զանազանել անոնք, իրաւամբ կանգ կÿառնենք Մայիսեան անկախութեան յաղթանակին վրայ, գիտակցելով որ իսկութեան մէջ այն ամէնամեծ յեղափոխութիւնն էր, որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի սրտին եւ գիտակցութեան մէջ:
28 Մայիս 1918ով կերտուած Հայաստանի պատմութիւնը այնքան բարդ ու անհաւատալի է, Հայոց Մեծ Եղեռնին յաջորդած թշուառութեան ու միջազգային քաղաքականութեան վերիվայրումներէն ետք ստեղծուած նորանկախ պետականութեան նուաճումով, որ վերապրումի ճշմարտախօս փաստ է մարդկութեան համար եւ ներշնչումի մշտական աղբիւր:
Մայիս 28ին հաստատուած նորաստեղծ պետականութեամբ, հայ ժողովուրդը որդեգրեց արժէքային նոր համակարգ՝ անկախութիւն եւ ժողովրդավարութիւն գաղափարներու առաջին արտայայտութիւններուն ընթացք տալով: Եթէ ներկայիս Հայաստանը ժառանգորդն է առաջին Հանրապետութեան, ապա ժառանգորդն է ա՛յդ արժէքային համակարգին:
Եկէք պահ մը ետ նայինք 1918ի մեր հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի իրադարձութիւններուն. դժուար չէ տեսնել, թէ մեր կեանքը կլանած պատերազմները, օտար տիրակալութիւնը՝ կը սպառնային կործանել անկախութիւնը եւ քանդել մեր հայրենիքը:
Բայց անկախութեան կերտումը մեզի վերադարձուց մեր արժանապատուութիւնը եւ յոյս ներշընչեց գալիք սերունդներուն:
Նոյն այս ներշնչումն է, որ կը փնտռեն ազգերը այսօր եւս, դիմադրելով օտարներու տիրապետութեանց, դիմադրելով այլոց շահերուն: Արդեօ՞ք ամէնօրեայ չէ այս վիճակը ներկայի ընկերութիւններէն ներս: Արդեօ՞ք համաշխարհայնացման տխուր հետեւանքները չեն, որ կը տիրապետեն ազգերու եւ պետականութիւններու ազատ ինքնորոշման եւ անկախ կեանքի պայմաններուն վրայ:
Եթէ 1918ին հպատակ հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ անկախ դառնալ եւ ինքզինք ազատ երկրի քաղաքացի զգալ,
Եթէ ժողովուրդի բոլոր խաւերը պատիւով բռնեցին երկիր կերտելու ճամբան,
Եթէ ազգի միաւորման ու միակամութեան առաջնորդող սկզբունքներու հիմերը դրուեցան, այդ ժամանակ կարելի է հաստատել, թէ Մայիս 28, 1918ն էր, որ նշանաւորեց հայութեան հզօր ներուժի ազգային գիտակցութիւնը: Ամբողջ ազգ մը հաւատաց հրաշքին եւ իր փրկութիւնը սեփական ուժին մէջ վստահեցաւ: Ամբողջ ազգ մը անդին ձգեց անհատականը եւ միացած՝ կռիւի դաշտ իջաւ, իր սեփական իրաւունքը պաշտպանեց եւ երջանիկ ապագային հիմը ստեղծեց:
Մեծ ու պզտիկով, աշակերտով ու բանուորով, ամբողջ սրտով ու հոգիով տօնե՛նք Մայիս 28ի անկա-խութեան տօնը: Մեզ յաջորդող սերունդներուն եւս փոխանցենք առանձնայատուկ ծանրութիւն ունեցող յաղթապանծ այս թուականի իմաստները: