Հայ գրականութեան եզակի դէմքերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, գեղանկարիչ ու իմաստասէր, մանկավարժ եւ հոգեբան Ինտրա, որուն նահատակութեան 91րդ տարելիցն է այսօր՝ Յունիս 6ին։
Թէեւ իթթիհատական թուրքի ցեղասպան հարուածին զոհ չգնաց Ինտրա, բայց հոգեպէս անդարմանելի ցնցումի ենթարկուեցաւ Ատանայի կոտորածներուն ազդեցութեան տակ, կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը, կրակի տուաւ գրական իր անցեալն ու ձեռագիրները եւ դարձաւ ապաշխարհած աւետարանիչ մը, մինչեւ որ 1921ի Յունիս 6ին նահատակուեցաւ, քեմալականներու կողմէ իրեն պարտադրուած աքսորի ճամբուն վրայ, Խարբերդի մերձակայքը, ծեծին եւ չարչարանքներուն չդիմանալով։
Ծայր աստիճան զգայուն նկարագիր եւ տկարակազմ մարմին ունէր Տիրան Չրաքեան անուն¬մականունով Պոլսոյ արուարձաններէն Սկիւտարի մէջ 1875ին ծնած ու Ինտրա գրչանունով անմահացած հայ գրականութեան տաղանդաշատ, այլեւ ծայր աստիճան ինքնուրոյն այս դէմքը։ Սկիւտարի թաղային դպրոցին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Չրաքեան ընդունուեցաւ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, ուր մեծ ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ամբողջական հոգածութեան եւ շունչին տակ կազմաւորուեցաւ իբրեւ արուեստներու, գրականութեան եւ բնապատմութեան նկատմամբ անհուն սէր ունեցող ու համապատասխան ձիրքով օժտուած անհատականութիւն։
Հազիւ Պէրպէրեանը աւարտած, 1891ին, Չրաքեան ուսուցչութեան կոչուեցաւ նոյն վարժարանին մէջ՝ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար։ Եւ իրա՛ւ կոչում եղաւ ուսուցչութիւնը Տիրան Չրաքեանի համար, որ նկարելու եւ գրելու բնատուր տաղանդի տէր էր։ Նաեւ՝ կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան խոր ճշմարտութիւններուն եւ խորհուրդներուն ընկալման ու յայտնաբերման նուիրուած փիլիսոփայ մտածող էր։ Իբրեւ այդպիսին, երիտասարդութեան իր տարիները Չրաքեան իմաստաւորեց միաժամանակ ուսուցանելով, նկարելով ու գրելով։
1898ին հեռացաւ Պոլիսէն՝ Փոքր Ասիոյ հայկական շրջաններուն մէջ ուսուցչութիւն ընելու եւ ստեղծագործական իր աշխատանքին նուիրուելու համար։ Նկարչութեան մէջ հմտանալու եւ ուսումը ամբողջացնելու մղումը զինք տարաւ Փարիզ, Ֆրանսա, ուր ինքնաշխատութեամբ եւ կենդանի շփումով կատարելագործեց իր տաղանդը։ 1904ին անցաւ Եգիպտոս, ուր երկու տարի ուսուցչութեամբ պարապելէ ետք վերադարձաւ Պոլիս՝ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն լեզու եւ քերականութիւն, ինչպէս նաեւ բնապատմութիւն դասաւանդելու պաշտօնով։ Այդ տարիներուն պատրաստեց եւ հրատարակութեան յանձնեց ֆրանսերէնէ հայերէն իր բառարանը։
1906ին լոյս ընծայեց իր առաջին գրական գործը՝ «Ներաշխարհ»ը, որ անմիջապէս գրաւեց ուշադրութիւնը Պոլսոյ գրական դժուարահաճ շրջանակներուն։ Իր անունին՝ Տիրանի տառերուն վերադասաւորումով եւ հնդկական դիցաբանութեան «Կայծակ»ի աստուծոյ անուան հայացումով ընտրած էր Ինտրա գրչանունը։ Իսկ իր կատարելագործուած հայերէնով եւ իմաստասիրական արձակով թէ՛ խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ, թէ՛ խիստ քննադատութեանց թիրախ դարձաւ իբրեւ ԵՍով հմայուած արտասովոր եւ խորհրդաւոր գրող։
Իր դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն առ ի պատասխան՝ Ինտրա ծաւալուն յօդուածաշարքերով հանդէս եկաւ ատենի պոլսահայ մամուլի էջերուն, գրական¬քննադատական եւ իմաստասիրական իր մօտեցումները պարզելով ու պաշտպանելով։
1908ին Ինտրա լոյս ընծայեց իր երկրորդ գիրքը՝ «Նոճաստան» անունով բանաստեղծութիւններու հատորը, որ նուիրագործեց անոր ինքնուրոյն ու արժէքաւոր տեղը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։ Խորհրդաւոր հայ բանաստեղծի կատարելատիպը եղաւ Ինտրա, որ յատկապէս Մահը երգելու, դարպասելու եւ իմաստաւորելու իր խոր ապրումներով՝ խոհական պատկերներու թարմութիւն բերաւ հայ բանաստեղծութեան, ինչպէս որ զգալի է «Մահէն ներշնչում» խորագրով 1906ին գրուած իր հետագայ քերթուածին մէջ.
Ո՜վ մշտակոթող, խուռն ու սեւ նոճիք՝
Որ փոսերուն վրայ կեանքին վաղագրաւ,
Բոլոր այն խանդով, զոր մահն ի ձեզ դրաւ,
Դէպի վերամբարձ Անհունը կþաճիք։
Այս նըւաստ հովտէն՝ զեղծ ու սրտագրաւ,
Ի՜նչ հեշտ է ձեր ելքն, հրաժարումն անճիգ,
Ի սէր Անյեղլւոյն՝ ուր կը մըխըրճիք...
Վերին լուսաղբերց համար ի՜նչ ծարաւ։
Ձեր արմատներուն ներքեւ, այնպէս չէ՞,
Կþնեխին ամէն իղձք աշխարհանըւէր,
Եւ դո՛ւք միայն գիտէք վախճանն այս թշուառ.
Եւ ան է անշուշտ՝ որ ձեզ կþներշնչէ
Սեւեռիլ Անդրին բարձրութիւնն ի վեր,
Որ միայն ձե՛ր կայքէն կը նշմարուի, վառ։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով պոլսահայ կեանքի վերաշխուժացումը նորովի թափով համակեց նաեւ Ինտրայի ստեղծագործական յուզաշխարհը։ Բայց վրայ հասաւ Կիլիկիոյ Աղէտը եւ Ատանայի ջարդերուն արձագանգը խորապէս ցնցեց այնքա՜ն զգայուն ներաշխարհը Ինտրայի, որ ըստ կենսագիրներու՝ երեք անգամ ուղեղի ցնցում անցուց, մինչեւ որ խախտեցաւ անոր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Ինտրա ուրացաւ իր բանաստեղծի անցեալը, կրակի տուաւ իր գիրքերն ու յատկապէս անտիպ ձեռագիրները, որոնցմէ շատ աննշան մաս մը կարելի եղաւ օրին փրկել։ Չրաքեան ապաշխարհեց, շաբաթապահ դարձաւ եւ Աւետարանի քարոզիչ՝ գաւառները շրջագայելով եւ մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ սէրն ու անդենական երանելի կեանքի պաշտամունքը ուսուցանելով ու տարածելով։
Ինտրա իր կարգին 1915ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, բայց իր հաւատակիցներու նիւթական կաշառքներով ստոյգ մահէ փրկուեցաւ, ինչ որ աւելի ծանր անդրադարձ ունեցաւ արդէն խելագար իր վիճակին վրայ։
Զինադադարէն ետք, 1918էն 1921, Սեւ Ծովը եզերող գաւառներուն մէջ, շաբաթապահներու իր խումբով Չրաքեան աւետարանական քարոզիչի իր գործունէութեան նոր թափ տուաւ։ Այն աստիճան, որ քեմալականներու կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ իր հետեւորդներով, 1921ի Փետրուարին, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Տիգրանակերտի խորերը։
Աքսորի ճամբուն վրայ ալ նահատակուեցաւ՝ չդիմանալով աքսորեալներուն հսկող թուրք ոստիկաններու գործադրած ծեծին եւ չարչարանքներուն։ Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»ի 1924ի համարով տրուած է Ինտրայի հետեւորդներէն ու աքսորէն վերապրած Օհան Պետիկեանի յուշ¬վկայութիւնը՝ ընդհանրապէս այդ աքսորին եւ Տիրան Չրաքեանի ողբերգական մահուան պարագաներուն մասին։
Հազիւ 45 տարեկան էր Ինտրա՝ երբ այդպէս մաշած ու սպառած, հոգեկան իր հաւասարակշռութիւնը աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կորսնցուցած, հեռացաւ մեր աշխարհէն Յունիսի 6ի այս օրը, 91 տարի առաջ։
Բայց ժամանակի թաւալքին եւ աշխարհընկալման մօտեցումներու հոլովոյթին հետ, Ինտրայի գրական¬իմաստասիրական ներաշխարհը վեր բարձրացաւ ատենին իր առաջացուցած քննադատական կիրքերէն եւ աւելի ու աւելի ընկալելի, այլեւ ուսանելի դարձաւ հայ մտքի հետագայ մշակներուն համար։
Կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան, բայց մանաւանդ հայու էութեան եւ ինքնուրոյնութեան վերծանումով յագեցած Ինտրայի խորախորհուրդ ներաշխարհէն առնուած հետագայ հատուածը թող առիթ մը ըլլայ խոկումի եւ հաղորդութեան՝ մեծ գրողին յիշատակը ոգեկոչելու.
«... Եւ աշխատիլ է պէտք. վա՜յ ինծի. աշխատիլ՝ այն իմաստով, որով աշխարհք կը հասկնայ աշխատությունը. կուզի կամ լուսանի նենգաւոր կամ խիզախ կենսաշահութիւնն ստուերին մէջ: Որովհետեւ խաբէութեամբ կամ բռնութեամբ շինուած կռիւն է միայն ինչ¬որ աշխատութիւն բառով կը հասկնան եւ անոր սրբութեամբն ու խաղաղութեամբը սքողած կը պարտադրեն: Ամէնուրեք հակասութիւն, ստորութիւն: Մարդկութիւն բառին մէջ պահուած քաղցր իմաստներն անընդհատ կը ժխտուին, կþուրացուին կենսապայքարին անհրաժեշտ նկատուող տգեղ պայմաններէն ու կենսապայքարէն իսկ, քանի որ այս անդուլ կռիւը փոխանակ բնութեան ու մարդուն միջեւ սահմանափակուելու, կը զինի մարդկային անհատներու, խումբերու միջեւ, որք սակայն տեսապէս ցուցունեն, ցուցադրեն իրարու սիրոյ գաղափարներու տիրացում մը տիեզերական Օրինաց ճանաչմամբ:
«Թողլով, որ մարդկային Օրէնքը անհետեւելի մեծամասնութեանց սովորոյթները ներկայացնող, անհատներու բաղդատմամբ շատ դանդաղ կը յառաջադիմէ եւ իմացական ու բարոյական անցեալի մը պատկերն է միայն, փոխանակ իմացական ու բարոյական իտէալ մը, մատչելի, ճակատագրական ապագայ մը ներկայացնելու, ահա մարդասիրութեան, հաւասարութեան, անկաշկանդութեան եւ դեռ չեմ գիտեր ի՜նչ այսօրինակ գաղափարներու կը յենու, առանց դիտել ուզելու, դիտել կարենալու, թէ այս կերպ մտապատկերները կը ժխտեն զիրար յաճախ, այնքան որ ոչ միայն օրէնքին հաւանութեան եւ գոյութեան պայմաններուն միջեւ է հակառակութիւնը, այլ նաեւ իր տրամաբանութեանց իսկ մէջտեղ: Անհատականութեան ամենամեծ գործնականացումն է մրցումը. եւ ասիկա չի՞ բաւեր հաւասարութիւն ըսուածը բոլորովին բառնալու, եթէ երբեք այդ ցնորքը կարելի էր: Ժողովուրդները մրցման կաշկանդիչ սահմանափակումէ մը զերծ պահելով եւ մրցման անկարողներու հարկաւոր միջոցները չընծայելով, մարդկութիւնը չի՞ յանձներ զմարդիկ մեծագոյն ճնշման մը, որ մարդոց բնական անհաւասարութիւնն է: Եւ ինչպէ՞ս կրնայ մարդասիրութիւն պահուիլ տակաւին մրցման ազատութեան մէջ, որ կենսապայքարին տխուր օրէնքին հաստատումն է. միթէ՞ կենսապայքարին բռնութեան մէջ կրնայ բողբոջիլ ու չոսնիլ մարդասիրութեան ու հաւասարութեան, այսինքն եղբայրութեան խաղաղասէր զգացումը…»։
Ն.