Ապօրինի գաղթականներու հսկայ ցանց մը, որու ղեկավարող մարմինները Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուէին, յայտնաբերեցին իտալական ոստիկանութեան ուժերը, հարիւրաւոր ձերբակալութիւններ կատարելով երկրի տարածքին:
Ապօրինի գաղթականներու մեծ թիւ մը, -գլխաւորաբար աֆղաններ, փաքիստանցիներ, հնդիկներ- փոքրիկ նաւերով կը փոխադրուէին Իտալիոյ նաւահանգիստները եւ անկէ կուղարկուէին հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներ: Փոխադրութեան անընդունելի պայմաններու եւ «մահացու մնայուն վտանգի» ենթարկուած գաղթականները, առողջապահական ծանր վիճակի մէջ եղած են:
Մաֆիայի դէմ գործող Պոլոնիայի եւ Ռավէնայի ոստիկանական վարչութիւններու ղեկավարութեամբ կատարուած հետազօտութիւնները սկիզբ առին 2010ին, երբ Ռավենայի նաւահանգիստը ժամանեց 50 գաղթականներ փոխադրող խումբ մը, որոնք Յունաստանէն, Թուրքիայէն եւ Լիպիայէն անցած էին, նաւերու մէջ քիմիական զուգարաններու մէջ պահուտած: