Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ըստ աւելի կանուխ ձեռք բերուած համաձայնութեան, ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ

Պեռնար Ֆասիէն, Ռոպըրթ Պրատքէն եւ Իկոր Փոփովը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու աշխատանքի հետագայ համակարգման հարցերը, հաշուի առնելով 24 Յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով եռակողմանի վեհաժողովի արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի՝ իբրեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդներու ձեռնարկած հետագայ ջանքերը»: