ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Միջին Արեւելքի հարցով այսօր հանդիպում տեղի կունենայ Ուաշինկթընի մէջ, յաղթահարելու համար հարցերը որ կրնան ստեղծուիլ Սեպտեմբերին,

ՄԱԿի խորհրդաժողովէն ներս քննարկուելիք իսրայէլա-պաղեստինեան հարցի կապակցութեամբ: Պան Քի Մուն, Հիլըրի Քլինթըն, Սերկէյ Լաւրով եւ Քաթրին Աշթոն քով-քովի կուգան լուծելու համար խաղաղութեան գործընթացի փշոտ բաժինները:

ՄՈՍԿՈՒԱ
100է աւելի մարդ կը փնտռուի՝ Վոլղայի մէջ ընկղմած զբօսաշրջանաւու մը արկածին հետեւանքով: Երկու զոհ արդէն դուրս բերուած է, մինչ կը շարունակուին փրկարարական աշխատանքները: