Թրքական զանուածային լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով «Ինթելիճընս Անլայն» կայքէջը կը հաղորդեն, որ Թել Աւիւ չեղեալ յայտարարած է Անգարայի հետ կնքուած միլիոնաւոր տոլարներու հասնող սպառազինութեան վաճառքի մասին համաձայնագիր մը։


Ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկութեանց, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը թոյլատրած էր երկիրի ռազմական արդիւնաբերութեան գործարաններէն մէկու սպառազինութեան վաճառքի մասին համաձայնութիւն կնքել թրքական կողմի հետ։ Սակայն Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջամտած է եւ պահանջած, որ չեղեալ յայտարարուի նշեալ համաձայնագիրը։