ՊԷՅՐՈՒԹ
Երկրի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնած է, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը պիտի ըլլայ երկրին իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը:

Նախագահը շեշտած է, որ ապահովութիւնը որեւէ երկրի համար կարեւոր է՝ աւելցնելու համար ներդրումները: Այս առումով նախագահ Սլէյման իր վստահութիւնը յայտնած է լիբանանեան բանակին նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ բանակը իր գործունէութեամբ եւ դերակատարութեամբ փաստած է, թէ ինք կ՛երաշխաւորէ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը:


ԱԹԷՆՔ
Յունաստանի բարձրագոյն դատախազութիւնը պատմական որոշումի մը յանգած է, առաջին անգամ ըլլալով նախագահի պաշտօնը վստահելով տիկինի մը՝ Ռենա Ասիմաքոփուլուին: Նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց արդարադատութեան նախարար Միլթիատիս Փափաիոաննուի առաջարկը այս գծով: