Թրքական մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ այն եղելութեան, թէ աշխարհահռչակ երգիչ ու յօրինող Էլթոն Ճոն, որ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ համաշխարհային տարողութեամբ համերգաշարի ծիրէն ներս Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ համերգներ կազմակերպած էր, 800 հազար լիրա արժողութեամբ մատանիներ գնած է Պոլսոյ հայազգի ոսկերիչ-արուեստագէտ Սեւան Պըչաքճըէն: Էլթոն Ճոն համերգներու աւարտին այցելած է Պըչաքճըի վաճառատունը եւ արծաթեայ եւ ադամանդեայ ընտիր մատանիներ գնած է անկէ: