Այլեւս «ֆիլմը» հրաժեշտ կառնէ լուսանկարի աշխարհէն

National Geographicի վարպետ լուսանկարիչ Սթիվ Մաք Քիւրի, լուսանկարներու շարք մը կը ցուցադրէ Պոլսոյ Մոտէրն ցուցասրահին մէջ, ուր բացուեցաւ լուսանկարչական գործերու ինքնատիպ ցուցահանդէս մը:

Լուսանկարչական աշխարհի մէջ դարաշրջանի մը դուռը կը փակէ կարծես այս ցուցահանդէսը, որովհետեւ կը ներկայացուին լուսանկարչական «ֆիլմով» քաշուած նկարներ, եւ թերեւս իր տեսակին մէջ՝ վերջինն ալ է, քանի որ լուսանկարչական աշխարհը այլեւս «տիճիթալ» թեքնիքը կօգտագործէ:

Պոլսոյ ցուցահանդէսին մէջ մասնաւոր ու որակաւոր տեղ ունէր «Գօտագրոմ» կոչուած ֆիլմը, որ մեծատաղանդ լուսանկարիչներուն նախընտրած տեսակն էր: Մանաւանդ «Գոտագրոմ»ով քաշուած դիմանկարները բարձր որակ կը ներկայացնեն:

Սթիվ Մաք Քիւրի ծանօթ դերասաններու եւ անձնաւորութիւններու դիմանկարներու շարքին կը գտնուի հայազգի մեծ նկարիչ Արա Կիւլէրի հսկայական մէկ լուսանկարը: